Հայաստանի Ժողովրդային արուեստագէտ, ծանօթ դերասան Գուժ Մանուկեան վիրահատութեան ենթարկուեցաւ: Դերասանը 16 Յուլիսին, կոկորդէն անակնկալ արիւնահոսութեան պատճառով փոխադրուած էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժկական կեդրոն: Բժիշկներու խորհուրդով ան ենթարկուեցաւ վիրաբուժական գործողութեան: Բժիշկները ներկայիս դրական կը գնահատեն անոր առողջական վիճակը: Դերասանին դուստրը՝ Լիլիթը յայտարարեց, թէ բարդութիւններ չըլլալու պարագային, հայրը, չորս հինգ օրէն դուրս պիտի գայ հիւանդանոցէն:
Գուժ Մանուկեանին ցարդ այցելած են Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը եւ առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Դումանեանը: