“ՊԱՅՔԱՐ” 282, 3 Յուլիս 2022
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ
Ամերիկեան “Ֆրեզնօ Պի” օրաթերթը իր 25 Յունուար 1998-ի թիւին մէջ կը գրէ. “27 Յունուար 1973-ին երկու թուրք դիւսանագէտ սպաննած Գուրգէն Մկրտիչ Եանիկեանի դատախազ Տէյվիտ Մինէըրը յօդուածով մը անդրադարձած է դատավարութեան եւ ընդունած, որ ինք սխալ գործած է, երբ արգիլած է լսել Հայկական Ցեղասպանութեան մասին վկայութիւնները դատավարութեան ընթացքին”:
Յօդուածին սկիզբը դատախազը անդրադարձած է Գուրգէն Եանիկեանի “ահաբեկչական արարք”ին, որ 27 Յունուար 1973-ին տեղի ունեցաւ Լոս Անճելոսի մօտակայ Սանթա Պարպարայի “Պալթիմոր” պանդոկին մէջ, ուր Եանիկեան նուէրներ յանձնելու պատրուակով հանդիպումի հրաւիրեց Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսն ու փոխ-հիւպատոսը, եւ երկուքն ալ սպաննելէ յետոյ իշխանութեանց յանձնուեցաւ:
Գուրգէն Եանիկեան ոգեւորուած էր Սողոմոն Թեհլիրեանով, որ 1921-ին սպաննած էր “Թուրքիոյ մէջ բոլոր հայերը սպաննելու հրաման արձակած Թալաաթ փաշան”: Թեհլիրեան իր դատավարութիւնը օգտագործած էր Հայկական Հարցը եւ Հայասպանութիւնը միջազգային հասարակութեան ներկայացնելու համար: Եանիկեան բուռն ցանկութիւն ունէր իր դատավարութիւնը դարձնել “Հայկական Նիւրենպէրկ”ի նախաքայլը, որովհետեւ թրքական իշխանութիւնները չէին եւ ցարդ չեն ընդունիր Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
“Ես էի Եանիկեանի դատավարութեան դատախազը, երբ հայերը իրենց յոյսը վրաս դրած էին”,- կը գրէ Մինէըր աւելցնելով, թէ Եանիկեանի փաստաբաններէն Վազգէն Մինասեանը իրեն կոչ ուղղած էր Ցեղասպանութեան արարքին դէմ վճիռ արձակել` իրեն յանձնելով Լինտի Աւագեանի հեղինակած ու Սողոմոն Թեհլիրեանի մասին պատմող “Խաչը Եւ Մահիկը” գիրքը: “Աշխարհի մէջ արդարութեան խորհրդանիշ ըլլալու առիթ ունիս,- ըսած էր Մինասեան դատախազին: Գուրգէն Եանիկեան վեց օր շարունակ կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասապանութեան փաստերը` նկարագրելով իր ընտանիքի քսանվեց անդամներուն նահատակութիւնը թուրքերու ձեռքով:
Սոյն տեղեկութիւնները կը քաղենք “Նպատակ Եւ Ճշմարտութիւն” խորագիրով յուշագիրքէն, որ հրատարակուած է Հայկական Ժողովրդային Շարժման Հայաստանի Ներկայացուցչութեան կողմէ, Օֆելիա Միքայէլեանի խմբագրութեամբ, Երեւան, 1999, միջակ չափի 209 էջ:
Գուրգէն Եանիկեան կ՛ըսէ.- “Հայեացքս ինկած էր պատին վրայ կախուած ծնողներուս նկարներուն վրայ: Շատուոր էինք, բայց հիմա մնացած ենք ես եւ քոյրս, որ ինձմէ երկու տարի աւելի երիտասարդ է: Տեսայ եղբօրս նկարը, զոր երկու թուրք ոճրագործներ մորթած էին: Մայրիկս ու ես ներկայ էինք ու ոչ մէկ օգնութիւն կրցանք երկարել եղբօրս: Ես ինը տարեկան էի եւ մայրիկս իր ձեռքերով սեղմած էր բերանս որ ձայն չհանեմ: Կարին էինք, մեր տան ախոռին մէջ: Աչքերս կը փակէի, աշխատելով փոխել մտածումներուս ընթացքը, ապա կիսաբաց աչքերով կը նայէի թէ արդեօք այդ տեսարանը, որ մարմինս կը փշաքաղէր, անհետացա՞ւ: Ոչ սակայն, եղբօրս պատկերը չէր անհետանար, ան կը մեծնար եւ յանկարծ ճչաց: Ո՞վ, ե՞ս, թ՞է ան, չեմ գիտեր: Ես տեսայ այն տեսարանը որ եօթանասուն տարիներ առաջ ինչպէս անասունի մը գլուխը բարձրացած, ու կեռ դանակը անոր կոկորդին վրայէն անցաւ, եւ շատրուանի պէս արիւն դուրս վիժեց: Այս անգամ զգացի որ ես ճչացի: Բազկաթոռէս վեր ցատկելով` նկարին մօտեցայ եւ կ’ուզէի ձեռքերովս ծածկել արիւնը: Տեսիլքը անհետացաւ: Սառած քրտինքով ծածկուած դէմքիս կը նայէր ժպիտը երեսին այն անձը, որ ժամանակին մայրիկիս հետ միասին գտած էր զիս, կէս սառած վիճակով, ձիւնին վրայ, երբ կոտորածէն ետք մերինները Կարինէն դէպի ռուսական սահման կը փախչէին: Զիս ճամբուն վրայ կորսնցուցած էին եւ որեւէ մէկը չէր ուզեր վերադառնալ գտնելու համար վեց ամսական, տակաւին չմկրտուած երեխայ մը, որ անուն չունենալուն պատճառաւ` “Ջարդի Տղայ” կը կոչէին: Ես բոլոր եղբայրներս կը սիրէի: Բացի սիրելէս, Յակոբ եղբօրս հանդէպ որոշ պարտականութեան զգացում ունէի: Առանց անոր, թերեւս ես, դեռ կեանք չտեսած, արդէն սառած պիտի ըլլայի Կարինի լեռներուն վրայ:
Բայց միայն իմ եղբա՞յրն էր միթէ զոհուած` այդպէս անխիղճ կերպով մորթուելով: Միթէ՞ իմ ցեղիս պատկանող տասնեակ հազարներով մարդիկ նոյն ճակատագրին չէին ենթարկուած գազաններուն կողմէ: Քանի~-քանի~ այլ ազգեր ալ զոհը եղած էին նոյն գազանին, որ թուրք կառավարութիւն կը կոչուի:
Յիշողութիւններս զիս կը տանէին աշխարհի չորս կողմերը: Կը մեծնայի, կեանքի ասպարէզ կը մտնէի, կ’ամուսնանայի, կ’աշխատէի եւ որպէս մասնագէտ ճարտարապետ համբաւ կը շահէի: Մեծ գումարներով` արդար քրտինքով դրամ կը վաստակէի: Ամուսնացած էի Շուշանիկ Քիոմիւրճեան անունով բժշկուհիին հետ: Անոր պապերը Ռուսիա գաղթած էին եւ հոն Նոր Նախիջեւանի քաղաքը, Տոն գետի ափերուն, Ռոսթովի մօտ հիմնուած էին Խրիմի հայոց հետ միասին: Ան ինծի Մարտիրոս Սարեանի մէկ յայտնի նկարը` “Արեւելեան Սենեակ”ը նուիրած էր, որ մեզի հետ Ամերիկա բերինք:
Ամերիկայի մէջ տիկնոջս եւ ուրիշ բարեկամներու հետ հետամուտ եղայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շարժապատկեր մը պատրաստելու գործին: Արիւնով չէ որ կ’ուզէի ցոյց տալ աշխարհին այն խայտառակ դրութիւնը, որ մենք ունինք մինչեւ այսօր: Սակայն ամերիկեան իշխանութիւնները արգելք եղան այս գործին իրագործման: Իմ նպատակս մարդկային խիղճը արթնցնել է, ստիպել, որ ցեղիս դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը անպատիժ չմնայ, ստիպել, որ գողերը իրենց գողցածը տէրերուն վերադարձնեն: Այս գաղափարը աւելի արժէքաւոր եւ գնահատելի կը գտնէի քան հրապարակած եօթը գիրքերս”:
Գիրք-յուշագրութեան մնացեալ էջերուն մէջ Գուրգէն Եանիկեան իր բանտարկութեան եւ դատավարութեան մանրամասնութիւնները կը նկարագրէ: Ստորեւ հատուածներ անոր մասին “Կենսագրական Համառօտ Ակնարկ”էն (էջ 11-20):
Գուրգէն Եանիկեան ծնած է 1895-ին, Կարին: 1896-ի դէպքերուն անոր ընտանիքը քսանութը անդամներով երկու շաբաթ Պարսկական հիւպատոսարանը կ’ապաստանի: Ապա անոնք ճամբայ կ’ելլեն դէպի ռուսական սահմանը` Կարս: Վեց ամսական երեխայ Գուրգէնը յոգնած եւ սառնամանիքէն անզգայ դարձած մօր գիրկէն սահելով` Ճամբան կ’իյնայ ձիւներուն վրայ: Գուրգէնի մայրն ու Յակոբ եղբայրը կը վերադառնան զայն գտնելու: Մօտաւորապէս վեց քլմ. անդին Գուրգէնը կիսամեռ վիճակով գտնելով, կ’առնեն ու կը վերամիանան խումբին, որ Կարս կը հասնի: Հայրը Կարսի մէջ Պարսկաստանի հիւպատոսին հետ բարեկամութիւն կը հաստատէ եւ փոքրիկ Գուրգէնը պարսկահպատակ կը դառնայ:
Տարիներ ետք, ինը տարեկան Գուրգէնը, մայրը եւ Յակոբ եղբայրը գաղտնի կերպով կ’երթան Կարին` իրենց տան ախոռին մէջ թաղուած ոսկեղէնն ու փաստաթուղթերը բերելու: Հոն է որ երկու թուրքեր Յակոբը կը մորթեն Գուրգէնի եւ մօր աչքերուն առջեւ, որոնք պահուըտած էին: Այդ տեսարանին պատկերը Գուրգէնին յաճախ կ’երեւայ անոր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ահաւասիկ հոգեցնցման կամ թրոմայի (trauma) ծայրայեղ պարագայ մը, որ ըմբռնելու համար հոգեբոյժ ըլլալու պէտք չկայ:
Գուրգէն Եանիկեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին պատումը կը շարունակուի յուաշգիրքին մնացեալ էջերուն մէջ: Ան ճարտարապետութեան եւ գիւտարարութեան առընթեր, հեղինակած է մէկէ աւելի վէպեր եւ թատրերգութիւններ ընդհանրապէս անգլերէն, որոնց թեման աշխարհի համայն մարդկութեան երջանկութեան շուրջ է, որոնցմէ կարեւորագոյններուն պիտի անդրադառնանք: Անոր գործերէն են.- “Ամերիկացի Քաղաքացիի Մը Ողբերգութիւնը”, “Ապագային Ձայնը”, “Կեանքի Համանուագ”, “ԼԼ 2222” , “Թող Ատեանը Որոշէ” եւայլն:
Կէս դար առաջ Թեհլիրեանի դատավարութեան նման, ան ծրագրած էր իր պարագան ներկայացնել ոչ ի դատապարտութիւն իր արարքին, որքան որ դատապարտութիւն` Թուրքիոյ: Սակայն Թեհլիրեանի հակառակ, Եանիկեան մերժեց ինքզինք իբրեւ խենթ ձեւացնել, ինչպէս որ իր փաստաբանները թելադրեցին իրեն: Հոգեբոյժ մը եզրակացուց թէ Եանիկեան սաստիկ փարանոյայէ (paranoia-խելացնորութիւն, մտախտ) կը տառապէր եւ խենթ էր հետեւաբար անոր ազատութիւնը շատ իմաստ չունէր անոր համար: “Զիս խենթ մի կոչեր”, Եանիկեան գոռաց երբ իրեն պաշտպան յանձնախումբի անդամ մը առաջարկեց խելագարի մը պաշտպանութեան գործ: “Գիտէի թէ ինչ կ’ընէի”: Եանիկեանի այս արտայայտութիւնը իր փաստաբանները անդամալուծեցին դատավարութեան ընթացքին զանոնք մղելով առաջարկել “պակասաւոր կարողութիւն” ունեցող դատապարտեալի պաշտպանութեան պարագայ մը (“Children of Armenia”, Michael Bobelian, էջ 153 ):
Գուրգէն Եանիկեան իր վրիժառական գործողութիւնը կատարելէ ետք տասնըմէկ տարիներ բանտարկուած մնաց: Ան կը մահանար ազատ արձակուելէ մօտ ամիս մը ետք՝ 27 Փետրուար 1984-ին: Գուրգէն Եանիկեանի արարքը խենթութիւն սեպեցին անոնք, որոնք տասնամեակներու իրենց սնանկութիւնը ծածկելու սին ջանքերով, ունայնութեամբ անիրագործելի միտքեր որոճացին ու յղացան եւ ոչնչութիւն ծնան: Սակայն Գուրգէն Եանիկեան իր արարքով սրբազան խենթ մըն է, որ ի նպաստ հայութեան ու Հայ Դատին հսկայական աշխատանքի արդիւնքը ընծայեց: