Թադէոս Եսայեան
Գուցէ սիրես պտոյտները թիթեռի,
Յետոյ դիտես երամները տատրակի,
Զոյգ-զոյգ տատրակ ետ կը դառնան դէպի բոյն՝
Բայց ոչ թիթեռ՝
Ան չի գիտեր՝ համը կեանքին սէրն է Սէ՜ր …
Գուցէ տան քեզ գոյն-գոյն կոկոն ծաղիկի,
Սիրես մէկին որ հոգիիդ կը խօսի,
Բայց չպահես ծաղկամանիդ մէջ սիրտի՝
Գուցէ օր մը՝ աշխարհը այս դուն կարծես
Աղջիկներու պարտէզ մըն է ծաղկերես,
Աչքդ երթայ մէկ աղջիկէն միւս վարդին՝
Տաղս քեզ օղ՝
Աչքն է դիտող՝ սիրտն է սակայն ճիշդ ընտրող
Բայց երբ ընտրես՝ չմոռանաս սիրոյ սարք,
Սէրն ալ կ’ուզէ շղարշային հանդերձանք
Որ լոկ սիրոյ անուշ խօսքով կը կարուի …
Խրատ քեզի՝
Յիշէ՛ վարդը որ միշտ ջուրի պէտք ունի …
Գուցէ բնաւ չուզես տաղերս կարդալ,
Գուցէ չուզես սիրող սիրտս ալ ճանչնալ,
Գիտցիր սակայն
Ես կը մեռնիմ բայց տաղերս կը մնան: