Յայտնի «Ֆայնենշըլ Թայմզ» (Financial Times) թերթի խմբագիր Լիլա Ռափթոպուլոս, որ հայ է, ստուարածաւալ յօդուած մը հրապարակած է իր արմատներուն, պատմական հայրենիք կատարած զգացական ճանապարհորդութեան մասին, զոր ան երկար տարիներ հետաձգած էր:
«Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, թէ հեղինակը յօդուածը վերնագրած է. «Գտնելով Իմ Հայաստանը. Մէկ Դար Ցեղասպանութենէն Ետք»:
Յօդուածին մէջ ան կը նշէ, որ միշտ մտածած է Հայաստան այցելելու մասին, սակայն շարունակ յետաձգած է այցելութիւնը: «Մեզի համար կարծես դէպի լուսին այցելութիւն մը ըլլար: Սակայն միւսները արդէն եղած էին այնտեղ, ուստի ես ալ թռիչքի տոմսեր պատուիրեցի ինծի եւ ծնողներուս համար», կը պատմէ ան:
Հեղինակը կը գրէ, որ Հայաստան այցելութեան առաջին օրերուն իրենք չէին կրնար հաւատալ, որ վերջապէս իրենց հայրենիքին մէջ կը գտնուին: «Երեւանը նման է փոքր, հարաւային եւրոպական քաղաքի մը՝ բացօթեայ սրճարաններով, գինետուներով, իւրայատուկ թանգարաններով եւ համաչափ կեդրոնական հրապարակով: Ձիւնածածկ Արարատ լեռը, ուր, ըստ Աստուածաշունչի, կանգ առած էր Նոյան տապանը, միշտ տեսադաշտիդ մէջ է», կը գրէ Ռափթոպուլոս: Ան կը պատմէ, որ Հայաստանի մէջ մայրը վերյիշած է հայերէն արտայայտութիւններ, զորս ժամանակին իր մայրը սորվեցուցած էր իրեն: Անոնք այցելած են երկրի բոլոր տեսարժան վայրերը՝ հիանալով հայկական բնապատկերներով:
«Մօրս հայրը՝ Մանուէլ Պոզպէքեան, Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած է: Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացուած էր Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն՝ Թալէաթ փաշայի եւ ազգայնական երիտթուրքերու կուսակցութեան կողմէ: Ես Պոզպէքեաններու պատմութիւնը յաճախ կը պատմեմ: Կը թուի, թէ այդ մէկը պատմութիւնը ողջ պահելու միակ ճանապարհն է». կը գրէ հեղինակը: Շատ մը հայերու նման անոր նախնիները մահուան երթի տարուած են սուրիական անապատներ, սակայն եղած են այն քիչ երջանիկներէն, որոնք կրցած են փրկուիլ:
«Ցեղասպանութիւնը դեռ կենդանի հարց է: Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել զայն, եւ լոպիիստական գործունէութեան ու ռազմավարական գործընկերներու վրայ գործադրուող ճնշումներուն պատճառով՝ անիկա տակաւին չեն ճանաչած Միացեալ Նահանգները, Մեծն Բրիդանիան, Իսրայէլը եւ բոլոր միւս երկիրները՝ բացառութեամբ 29 երկիրներու», կը գրէ թերթին խմբագիրը:
Հեղինակը վստահ է, որ Հայաստանի մէջ ժողովուրդը կ՛ապրի լաւատեսութեամբ: Բացի այդ, ան կը նշէ, որ երկիրը ունի յանցագործութիւններու աշխարհի ամենացած մակարդակը:
«Մայիսի յեղափոխութիւնը այս երկրին մէջ իրականացուեցաւ Facebook, Twitter ընկերային ցանցերուն միջոցով, սերունդի մը կողմէ, որ չէր յիշեր խորհրդային վարչակարգը, ունի բարձր կրթութիւն», կը նշէ ան: Ռափթոպուլոս կը գրէ, որ Հայաստանի մէջ Դեկտեմբերին կը սպասուին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք կ՛ակնկալուի, որ պիտի ըլլան ազատ եւ արդար:
«Մեր վերջին օրը Հայաստանի մէջ նշեցինք մօրս 69րդ տարեդարձը: Ատիկա Երեւանի մէջ մեր վերջին ընթրիքն էր՝ քիւֆթա, տոլմա, թուրշի, մանթի: Հայրս դիմեց մօրս՝ հարցնելով. «Տեպի, դուն կը զգա՞ս, որ ասիկա երկիրդ է»: Քանի մը վայրկեան մտածելէ ետք՝ ան պատասխանեց. «Ես կը զգամ, որ ունիմ մշակոյթ, եւ այդ մշակոյթը ունի երկիր», կ՛եզրափակէ իր յօդուածը Լիլա Ռափթոպուլոս: