ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Գէորգ Պ. Յակոբեան ծանօթ անուն մըն է պոլսահայ հրապարակագրութեամբ, մամուլով եւ մանաւանդ բանասիրութեամբ հետաքրքրուողներուն համար: Ան հեղինակած է ուշագրաւ հրատարակութիւններ պոլսահայ իրականութեան մասին՝ պիտանի տեղեկութիւններ պարունակող օրացոյցներ, յուշամատեաններ՝ նուիրուած Խաչատուրեան պատրիարքին, Տերոյենց պատուելիին, Շնորհք պատրիարքին: Կեսարիոյ եւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին նուիրուած ուսումնասիրութիւն մը պարունակող նկարազարդ ալպոմը հանդիսացաւ իր լաւագոյն հեղինակութիւնը, մինչեւ լոյս տեսնելը «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Ու Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրեալ փառաւոր հատորին, հազիւ երկու ամիս առաջ:
1997ին Գէորգ Պ. Յակոբեան ընտանեօք հաստատուեցաւ հրեշտակներու քաղաքը, եւ սակայն աշխարհացրիւ բոլոր պոլսահայերուն նման, ան մնաց ու կը մնայ իսկական «պոլսեցի» մը, իր զգացումներով, մտածումներով եւ նաեւ իր խօսելաոճով:
Գէորգ Պ. Յակոբեան Պոլիս ապրած շրջանին վարած է համայնքային պատասխանատու բազմաթիւ պաշտօններ, բայց մանաւանդ Գումգափուի դրսի թաղամասի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի պատասխանատու հիմնադիր եղած է: Վարժարանին եկամուտ ապահովելու հոգը եւ նաեւ վարչական եւ պետական ձեւակերպութիւնները եւ տաղտուկները զինք մղած են հետաքրքրուելու հանրապետական թէ օսմանեան շրջանի ազգային կրթական հաստատութիւններով եւ անոնց հարցերով, անոնց մօտէն հետեւելու:
Բախտաւորուած ենք հեղինակը եւ իր հեզահամբոյր քոյրը՝ վաստակաւոր կրթական մշակ եւ Սփիւռքի լաւագոյն լրագիրներէն նկատուող «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագրապետուհի Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը մօտէն ճանչնալու եւ վկայելու, թէ Գէորգ Պ. Յակոբեան երկու տասնամեակէ աւելի հաւաքեց (եւ տակաւին ալ կը հաւաքէ) հայ կրթական կեանքի առնչուող գրեթէ բոլոր սկզբնաղբիւրները եւ կատարել ամբողջական լուսապատճէնահանումը հայաբնակ աւաններու նուիրուած յուշամատեաններու եւ բազմաթիւ այլ ուսումնասիրութիւններու, որոնք անպայմանօրէն բաժին մը ունին կրթական հաստատութիւններու նուիրուած:
Կարելի է զգալ իր ապրած դառնութիւնները, երբ իր պաշտօնական թէ բարեկամական անվերջանալի դիմումներուն եւ թղթակցութիւններուն մեծ մասը մնացած է անպատասխան: Իր իսկ բառերով: «Որքա՜ն պիտի ուզէի ի ձեռին ունենալ հայ մամուլի օրաթերթերու կամ պարբերականներու աւելի ընդարձակ հաւաքածոները, կամ կարելիութիւնը ունենալ թղթատելու Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի, Ուսումնական խորհուրդի ատենագրութիւնները, արխիւային փաստաթուղթերը, որոնց շնորհիւ պիտի կարենայի ա՛լ աւելի լրիւ ու ամբողջական հատորի մը վերածել այս աշխատասիրութիւնս: Այս անկարելիութիւններուն դիմաց, ուզեցի գոնէ ի ձեռին ունենալ երբեմնի Ուսումնական խորհուրդի «կանոնագիր», «տեղեկագիր» կամ «համարատուութիւն»ներու պատճէնները, որոնք անցեալին տպուած ու ցրուած էին տունէ տուն: Այս նպատակով դիմեցի… Բացառաբար, օգտագործեցի Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան արխիւներու հայ վարժարաններու յատուկ փաստաթուղթերը, որոնց մէջ հանդիպեցայ կարգ մը անտիպ ու պաշտօնական տեղեկութիւններու, որոնց կարեւոր մասերը զետեղեցի հատորիս մէջ»:
Իր քրոջ՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի խմբագրութեամբ եւ «Փարոս» թրքալեզու պոլսահայ ամսաթերթի խմբագիր Մայտա Սարիսի ժրաջանութեամբ, նաեւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Ս. Թարգմանչաց Ազգային վարժարանի Թաղային խորհուրդին մեկենասութեամբ, անցեալ Սեպտեմբերին լոյս տեսաւ Գէորգ Պ. Յակոբեանի 799 էջ ծաւալով եւ 3.6 քկ. կշիռքով, «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրեալ փառաւոր հատորը: Հատորին ուշագրաւ նախաբան մը գրի առած է պոլսահայ ժամանակակից գրականութեան եւ հրապարակագրութեան ամենաուշագրաւ երախտաւորը՝ Ռոպէր Հատտէճեան: Թուրքիոյ Հանրապետութեան օսմանեան արխիւներէն քաղուած եւ թարգմանուած վաւերաթուղթերը, հազարէ աւելի լուսանկարներ եւ տասնեակներով հրատարակութիւններու տիտղոսաթերթերու արտատպումները հատորը կը վերածեն վաւերական սկզբնաղբիւրի մը: Հազուագիւտ հրատարակութիւններու տիտղոսաթերթերը, վարժարաններու շէնքերու համայնապատկերները, տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ աւարտական դասարաններու խմբանկարները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հազուագիւտ պատմական լուսանկարներ ապացոյց կը հանդիսանան կատարուած հետեւողական աշխատանքին:
1790 թուականը, հեղինակին կողմէ կը նկատուի օսմանահայոց կամ թրքահայոց կրթական շարժման սկզբնաւորութիւնը, նկատի ունեցած այս թուականին Սուլթան Սելիմ Գ.ի կողմէ տրուած համայնքային վարժարաններ հաստատելու արտօնագիրը:
Հեղինակը իր ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ 5 գլուխներու տակ:
Առաջին գլուխին տակ եւ 50 էջի ծաւալով, «Ընդհանուր Ակնարկ՝ Նախքան 1790 Թուականը» խորագիրով կը ներկայացուի Կոստանդնուպոլսոյ, Բիւզանդիոնի, Գոսթանթինիյէի եւ ապա Տէրսաատէթի վերածուած Պոլիս քաղաքի պատմութիւնը, բիւզանդահայ համայնքի կազմաւորումը եւ Պոլսոյ պատրիարքութեան հաստատումը եւ օսմանահայ եւ ապա թրքահայ համայնքի կազմաւորումը մինչեւ 19րդ դարու սկզբնաւորութիւնը:
Երկրորդ գլուխին տակ եւ 110 էջի ծաւալով, «Կրթական Շարժումն Ու Զարգացումը Մինչեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Հռչակումը» խորագիրով կը ներկայացուի Կոստանդնուպոլսահայ կրթական կեանքի հոլովումը, Շնորհք ամիրայի կողմէ հաստատուած առաջին վարժարանէն մինչեւ պատրիարքարանին երդիքին տակ ծաւալած ուսումնական խորհուրդի կազմութիւնը, պոլսահայ կրթական կեանքի հոլովումը Ազգային սահմանադրութեան շրջանէն մինչեւ օսմանեան զոյգ սահմանադրութիւններու շրջանը եւ Համաշխարհային Առաջին պատերազմի տարիները:
Երրորդ գլուխին տակ եւ 80 էջի ծաւալով, «Թուրքիոյ Հանրապետութեան Շրջան» խորագիրով կը տրուի Թուրքիոյ հանրապետական շրջանի հայ կրթական կեանքին պատումը, Լօզանի դաշնագիրով տրուած իրաւունքներէն մինչեւ փոքրամասնական վարժարաններու յատուկ պետական կրթական ծրագիրի կիրարկումը պոլսահայ վարժարաններէ ներս, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան եւ հիմնարկի հաստատումը եւ Պօյաճըգիւղի եւ Գընալը կղզիի կազդուրման կայաններուն, նաեւ «Գամբ Արմէն»ի ամառնային արձակուրդի կայանները:
Չորրորդ գլուխին տակ եւ 520 էջի ծաւալով, «Կրթական Հաստատութիւններ, Որոնք Գոյութիւն Ունեցան Կամ Ունին Երկու Դարերու Ընթացքին» խորագիրով կը ներկայացուին հայ ազգային 63 վարժարաններ, հայ կաթողիկէ 17 վարժարաններ, հայ աւետարանական 1 վարժարան, հայ անհատական 69 վարժարան, կարուձեւի 6 դասընթացքներ եւ լսարաններ:
Հինգերորդ գլուխին տակ եւ 28 էջի ծաւալով, «Աշակերտաց Վիճակացոյց Պոլսոյ Հայ Վարժարաններու» խորագիրով կը տրուին վիճակագրական տուեալներ 1902-03, 1901-05, 1905-06, 1929-30, 1960-2014 տարիներուն գոյութիւն ունեցող վարժարաններու ցանկերը իրենց աշակերտներու եւ ուսուցիչներու թուաքանակով եւ նաեւ հասոյթներու եւ ծախքերու մասին տուեալներով: Տրուած է նաեւ ցանկը Պոլսոյ մէջ գործած բոլոր վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ ներկայիս գոյութիւն ունեցող հայկական 16 վարժարաններու տնօրէններուն եւ հիմնադիրներուն անուանացանկերը:
Իսկապէս անխղճութիւն պիտի ըլլայ նման համապարփակ ու խղճամիտ ուսումնասիրութեան մը մէջ սխալներ գտնել ու մատնանշել: Կը հաւատանք, թէ գրախօսական յօդուած մը գիրքի մը ներկայացման եւ արժեւորման սահմաններէն անդին պէտք չէ անցնի: Նման հատոր մը անպայմանօրէն պիտի ունենայ վրէպներ, լուսանկարներու սխալ տեղադրումներ, տպագրական թէ էջադրային անխուսափելի սխալներ: Կարելի է այս բոլորը մատնանշել հեղինակին ուղղակիօրէն: Այս բոլորէն անդին նկատի պէտք է ունենալ, թէ Գէորգ Պ. Յակոբեան այս բոլոր աշխատանքը կատարած է առանձին, ինչ որ պէտք է ըլլար խմբային աշխատանքի մը արգասիքը: Կատարուած այս աշխատանքը, պէտք է օրինակ ծառայէ եւ նաեւ խթան հանդիսանայ այլ հայագաղութներու մտաւորականներուն եւ կրթական կեանքի պատասխանատուներուն՝ մտածելու նման ուսումնասիրութիւններու մասին:
Պոլսահայ բանասիրութիւնը դժ-բախտաբար բաւարար կերպով չէ գնահատուած սփիւռքահայ շրջանակներու կողմէ: Կ՛արժէ յիշել Գէորգ Բամպուքճեանի եւ գերապայծառ Յովհաննէս Չոլաքեանի բազմաբեղուն վաստակը եւ հրատարակուած բազմաթիւ հատորները, որոնք տակաւին գրախօսականի ալ չեն արժանացած: Եթէ պիտի պատճառաբանուի, թէ Բամպուքճեանը աւելի թրքերէնով, իսկ գերապայծառ Չոլաքեանն ալ ընդհանրապէս ֆրանսերէնով գրի առած են իրենց ուսումնասիրութիւնները, ինչպէ՞ս բացատրել հայագիր թատերագիր եւ հրատարակուած շուրջ երեսուն թատերգութիւններու հեղինակ Արման Վարդանեանի նկատմամբ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը կամ անբացատրելի անտեղեակութիւնը:
Գէորգ Պ. Յակոբեան ներկայիս կ՛ամբողջացնէ ծանօթացուող հատորին շարունակութիւնը նկատուելիք «Պատմութիւն Գաւառահայ Ուսումնական Կեանքին Եւ Կրթական Հաստատութիւններուն» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը: Կրկին փառաւոր գործ մը, ուր պիտի ներկայացուին գաւառի 1000է աւելի վարժարանները իրենց 120,000 աշակերտութեամբ եւ 5000ի հասնող ուսուցիչներով:
Մտածենք երկրորդ հատորին առնչուող ձեւաւորումի, էջադրութեան, տպագրութեան եւ մանաւա՛նդ հրատարակութեան հոգը վերցնել Գէորգ Պ. Յակոբեանի ուսերէն, եւ մտածենք գնահատել բանասիրական իր վաստակը եւ զինք մեծարել՝ ըստ արժանւոյն… իր ողջութեան:
ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Ծնած է 1947ին, Պոլիս, Նառլըգաբու թաղը: Նախակրթութիւնը ստացած է Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն եւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարաններուն մէջ: Փոքր տարիքէն մաս կազմած ու պաշտօններ վարած է համայնքային հաստատութիւններէն ներս: 1961-1978 թուականներուն միջեւ եղած է՝ Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ դպրաց դասու անդամ, ապա ատենադպիր, 1962-64ին Նառլըգաբուի եկեղեցւոյ Վերաշինութեան յանձնախումբի ատենադպիր ու գործօն անդամ, 1974-78ին Թաղային խորհուրդի ատենադպիր, 1972-1982ին Գումգաբուի Դրսի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի պատասխանատու հիմնադիր: 1977-1982 տարիներուն, յիշեալ վարժարանին տարեկան եկամուտ ապահովելու ու մշակութային ձեռնարկ մը կատարած ըլլալու առաջադրութեամբ, հրատարակած է «Կաղանդչէք» պատի օրացոյցները: 1980-93 թուականներուն մաս կազմած է «Մարմարա» օրաթերթի ընտանիքին: 1985ին կազմած ու հրատարակած է «Երգարան» մը, 184 էջերէ բաղկացեալ: 1986ին խմբագրած է Պոլսոյ Ազգային պատրիարքարանին կողմէ հրատարակուած «Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան», «Յովհաննէս Պատուելի Չամուրճեան» յուշամատեանները եւ «Կեսարիա Եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի» հատորը: 1987-1989 թուականներուն խմբագրած է պատրիարքարանին կողմէ հրատարակուած օրացոյցները, 1990-1994ին հրատարակած է «Համայնքային Օրացոյց»ները, որոնց մէջ տեղ տուած է նաեւ համայնքային հաստատութիւններու լայնածաւալ տեղեկութիւններու:
Եղած է երանաշնորհ Շնորհք պատրիարքի ամենամտերիմ անձերէն մէկը եւ պատրիարք հօր հետ քանիցս պատիւն ունեցած է շրջագայելու Միջին Անատոլու ու Պատմական Հայաստան: Մեծ աշխատանք տարած է Շնորհք պատրիարքի գահակալութեան 25ամեակի հանդիսութեանց իրագործման, մաս կազմելով Կարգադիր յանձնախումբին: Աշխատակցութիւն բերած է 1987ին «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի խմբագրութեամբ, Կարգադիր յանձնախումբին կողմէ հրատարակուած «Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան՝ Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ» հատորին: «Մարմարա» օրաթերթի ընտանիքին մաս կազմած տարիներուն հրատարակուած են իր յօդուածաշարքերը աւերեալ վանքերու, եկեղեցիներու, պատմական յուշարձաններու ու յիշարժան եղելութիւններու մասին:
1988 Դեկտեմբեր 7ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժին առթիւ, 1989 Յունուար 8ին, թրքահայութեան կողմէ աղէտեալներու օգնութիւնը Ս. Էջմիածին յանձնելու պարտականութիւնը ստանձնած երկու պատուիրակներէն մին հանդիսացած է: Այդ օրերուն, մաս կազմելով Վազգէն Ա. կաթողիկոսի շքախումբին՝ ականատեսը եղած է աղէտեալ վայրերու տխուր պատկերին ու Պոլիս վերադարձին «Մարմարա»ի մէջ հրատարակած է իր յուշերը: Բազմաթիւ հարցազրոյցներ վարած է զանազան պաշտօններ ունեցող ականաւոր անձնաւորութեանց հետ: Իր այս հարցազրոյցներէն շատերը արտատպուած են արտասահմանեան ու հայաստանեան մամուլին մէջ:
1989ին, Շնորհք պատրիարքին կողմէ դէպի գաւառահայութիւն տրուած վերջին այցելութեան, շքախումբին մաս կազմելով, ձայնագրած, լուսանկարած ու կենդանի վկան հանդիսացած է պատմական եղելութիւններու: Այս այցելութեան ընթացքին Շնորհք պատրիարք իր տարիներու երազը իրագործելով, այցելած է իր ծննդավայրը՝ Եոզկատ, Իյտէլի, թարմացուցած է իր մանկութեան դառն յիշատակները, նստած է իր մեծ հօր ու հօրեղբայրներուն կողմէ կառուցուած երբեմնի «Պարթեւեան» վարժարանի նստարաններուն վրայ, ապրելով հոգեխռով պահեր:
Հոգելոյս Շնորհք պատրիարքի վախճանման Ա. տարելիցին առթիւ, անձնական ջանքերով հրատարակած է «Շնորհք Պատրիարքի Վերջին Հինգ Տարիները» խորագրեալ ստուար հատորը: Այս հատորով ամբողջացած կ՛ըլլայ Շնորհք պատրիարքի կենսագրութիւնը:
Գէորգ Պ. Յակոբեան 1997ին ընտանեօք գաղթած է Ամերիկա՝ Լոս Անճելըս: Այս հեռաւոր երդիքին տակ ան մինչեւ այսօր կ՛ուսումնասիրէ Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան ու հանրապետական արխիւները: Օսմանեան արխիւներէն հաւաքած է հազարէ աւելի անտիպ նիւթեր՝ Հայոց տեղահանութեան, հայ որբերու, բռնի կրօնափոխ եղած հայերու, բռնագրաւուած ազգային ու անհատական կալուածներու, պետական գաղտնի հրահանգներու եւ այլնի մասին, որոնց դասաւորումը կը կատարէ ներկայիս:
«Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրեալ այս ստուար հատորը հեղինակի երկար տարիներու հետեւողական աշխատանքին եւ անխոնջ պրպտումներուն արգասիքը կը հանդիսանայ: Գէորգ Պ. Յակոբեան իր այս աշխատութեան մէջ ո՛չ միայն պոլսահայ ուսումնական կեանքի պատմութիւնը կ՛ուսումնասիրէ, այլ նաեւ մանրամասն տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Պոլսոյ երբեմնի ու նաեւ ներկայի հայկական ազգային ու անհատական շուրջ 170 վարժարաններու մասին: Գիրքը կը պարունակէ հազուագիւտ լուսանկարներու հաւաքածոյ մը:
Գէորգ Պ. Յակոբեան ամուսնացած է, ունի աղջիկ ու մանչ երկու զաւակներ եւ երեք թոռներ: