Ահաւասիկ գիրք մը, որ հայ ընթերցողին առջեւ պիտի բանայ օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի հայ դրամագլուխին խորհրդաւոր եւ տխուր ճակատագիրը: Գիրք մը, որ լոյս պիտի սփռէ օսմանեան Թուրքիոյ դրամաշրջանառութեան մէջ մեր ժողովուրդի բերած անգնահատելի դերակատարութեան: Գիրք մը, որ լուսարձակի տակ առնէ մեր ժողովուրդի տիրապետած հմտութեան եւ մատուցած ծառայութեան: Սովորաբար մեր պատմաբանները, հասարական գործիչները ընթերցողին նկարագրած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տառապանքներուն մասին: Հազուադէպ վեր կ’առնուին այդ դժուար պայմաններու տակ՝ օսմանեան մշակոյթին, ճարտարագիտութեան, տնտեսութեան, պալատական արքունիքին ու բանակին մեր ժողովուրդին մատուցած ուսանելի ծառայութիւնները:
Տասնեակէ աւելի տնտեսագիտական գիրքերու, ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի « Հայ Սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի Տարածքին Պոլիսէն Մինչեւ Պէյրութ» աշխատասիրութիւնը սպառիչ աղբիւր մըն է նախաեղեռնեան ժամանակաշրջանի հայ դրամագլուխի յափշտակումը ապացուցող: Գիրք մը, որ իւրաքանչիւր պահանջատէր հայ կարդալով, առարկայական եւ արդար պատկերացում մը պիտի ունենայ մեր ժողովուրդէն յափշտակուած դրամատնային հաշիւներուն, կալուածներուն, ունեցուածքներուն վերաբերեալ..: Սովորական գիրք մը չէ այս աշխատասիրութիւնը, ոչ ալ՝ գեղարուեստական գրականութիւն, այլ հայու տաղանդը բնորոշող լուրջ ուսումնասիրութիւն: Մեզմէ անհետ կորած կալուածներուն մասին անգնահատելի ծառայութիւն մը: Հեղինակը արդէն շատ արդարացիօրէն իր նախաբանին մէջ կը բացատրէ իր մտքերը թուղթին յանձնելու պատճառները:
Ինը գլխաւոր գլուխներու բաժնուած այս հրատարակութիւնը, լուսարձակի տակ կ’առնէ խոջայական դրամագլուխը, ապա կը կեդրոնանայ չելեպիներու եւ ամիրաներու գոծունէութեան: Երկրորդ հատուածին մէջ, հեղինակը գործնական եւ օգտաշատ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ օսմանեան ժամանակաշրջանի հայ առեւտրականներու եւ սեղանաւորներու մասին: Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան ընթերցողին կը բացատրէ սեղանաւոր բառին սահմանումը, ինչպէս նաեւ վաճառականական, տոմարակալական, առեւտրական այլ գիտելիքներ: Ան, փաստագրական տուեալներով՝ առեւտրական թուղթեր, փոխանակագիրներ, մուրհակներ յաւելեալ լուսաբանութիւններ կու տայ վաճառականական գիտելիքներու շուրջ: Հետաքրքրական եւ խիստ ուսանելի հատուած մըն է դրամատնային համակարգի զարգացման եւ կազմութեան մասին յաւելուածը:
Անգլերէն լեզուով կարեւոր ենթաբաժին մըն է . «The Taboo within the Taboo» օսմանեան կայսութեան մէջ հայ դրամագլուխի եւ հայ սեղանաւորներու դերակատարութեան վերաբերող հատուածը: Այս ենթաբաժնին մէջ, հեղինակը փաստագրական տուեալներով կը նկարագրէ 1915-էն 1923-ի միջեւ հայ դրամագլուխին փոշիացումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ :
Ապա Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան կ’անցնի յետպատերազմեան ժամանակաշրջանի Սփիւռքի մէջ ծաղկող հայ սեղանաւորներու գործունէութեան, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով Պէյրութի հայ սեղանաւորները: Խիստ ուսանելի հատուած մըն է լիբանանահայ լումայափոխներուն նուիրուած բաժինը, ուր համառօտակի կը ներկայացուի 1922-էն մինչեւ մեր օրերը լիբանանահայ լումայափոխներու հատած ճանապարհը:
Հեղինակ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան այս առիթով կը ներկայացնէ անցեալի՝ օսմանեան ժամանակաշրջանի եւ այժմու՝ (2012) լիբանանեան լումայափոխութեան գործող օրէնսդրութիւնները:
Փոխան վերջաբանի, հեղինակը կը ներկայացնէ օսմանեան Թուրքիոյ մէջ գործած ֆինանսներ եւ ֆինանսիստներու ցանկը, ձեռնարկութիւնները, ձեռնարկատէրերու անունները, ապա հայ ամիրաներու ցուցակը: Այս բոլորէն ետք, ընթերցողը արդարացիօրէն պիտի հարցնէ ու՞ր մնացին օսմանեան Թուրքիոյ մեր աւանդները, դրամագլուխը, կալուածներն ու դրամատնային հաշիւները..:
Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի « Հայ Սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի Տարածքին Պոլիսէն Միչեւ Պէյրութ» գիրքը նոր հորիզոններ կը բանայ պահանջատիրական մեր պայքարին առջեւ: Անիկա ապագայ ուսումնասիրողին առջեւ, փաստագրական տուեալներու եզակի ժողովածոյ մըն է, քան՝ սովորական ուսումնասիրութիւն:
Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչ (1985-1990), լիբանանեան եւ միջազգային դրամատնային, տնտեսագիտական ու ելեւմտական հարցերու խորհրդատու, տնտեսագիտական գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի բարձրորակ տպագրութեամբ, դիւրըմբռնելի ոճով այս գիրքը երախտիք մըն է հայ ժողովուրդի պատմութեամբ զբաղուող լայն զանգուածներու համար: Արժէքաւոր եւ երախտաշատ ուսումնասիրութիւն մը:
ՅԱՐՈՒԹ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ