ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Նոր հրատարակութիւն մը գրախօսելէ առաջ անհրաժեշտ է ընթերցողը լուսաբանել անոր լոյս ընծայումի շարժառիթը:
Գեղարուեստական երկ մը չէ հալէպահայ մտաւորական Աւօ Գաթրճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» հատորը, այլ` յուշամատեան մը:
Աւօ Գաթրճեանը ճանչցած եմ «Ազդակ» պաշտօնաթերթի մէջ ստորագրած զանազան յօդուածներէն: Զիս տպաւորած է եղելութիւնները լայն հորիզոնի վրայ, բազմակողմանի տեսանկիւններէ դիտելու եւ վերլուծելու լայնախոհ մտաւորականի անոր խղճմիտ մօտեցումը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» հատորին մէջ Աւօ Գաթրճեան, իբրեւ հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքի արտայայտութիւն, կը գնահատէ Սարդարապատի հերոսամարտին յաղթանակը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումը: Հատորին մէջ բազմաթիւ առիթներով, յատուկ շեշտաւորումով կ՛ընդգծէ համայն հայ ժողովուրդին դերակատարութիւնը մեր նորագոյն պատմութեան ամենայատկանշական եւ կարեւորագոյն երկու իրադարձութիւններուն:
«Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» հատորը համապարփակ ու կարեւոր ուղեցոյց մըն է հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութիւնը ուսումնասիրող հայ պատմաբանին, ուսանողին, ընթերցողին եւ հասարակութեան համար:
Աւօ Գաթրճեան ընթերցողին տրամադրութեան տակ առաւելագոյն բծախնդրութեամբ յաջողած է դնել մեր պատմագիրքերէն, դպրոցական դասագիրքերէն բացակայող հայ ժողովուրդի պատմութեան անկիւնադարձային այդ օրերու ժամանակագրութիւնը: Ան միաժամանակ ի մի բերած է Հայաստանի անկախութիւնը կերտող երախտաւորներու կենսագրութիւնը, յաջողած է ընթերցողին, ապագայ սերունդներուն փոխանցել անոնց պատգամը, որ յատկապէս այս օրերուն համազգային մտածողութեան ահազանգ մըն է մէն մի հայու:
Աւօ Գաթրճեան «Ազդակ» պաշտօնաթերթի աշխատակից մը ըլլալու հանգամանքը վերջինիս տնօրէնութիւնը եւ խմբագրութիւնը մղած է հատորի տեսքով ընթերցողին մատուցել իր աշխատակիցին արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնները:
Հատորին նախաբանին մէջ «Ազդակ» պաշտօնաթերթի տնօրէն եւ խմբագրապետ Շահան Գանտահարեան կը գրէ. «Աւօ Գաթրճեանի այս աշխատասիրութիւնը սփիւռքի տարածքին Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով լոյս տեսած աշխատասիրութիւններու ամէնէն ամբողջականն է, մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն պայծառ էջը լոյսին բերող»: Արդար գնահատութիւն:
Ես պիտի աւելցնէի, թէ որքա՜ն բախտաւոր է Աւօ Գաթրճեան, «Ազդակ» պաշտօնաթերթի տնօրէնին եւ գլխաւոր խմբագիրին կողքին պետական երեսփոխան, հասարակական գործիչ Յակոբ Բագրատունիի նման անձնաւորութեան մը ներկայութեան, որ սիրայօժար ստանձնած է հատորը լոյս ընծայելու նիւթաբարոյական պարտականութիւնը, ի յիշատակ իր ծնողքին` Յակոբ եւ Անահիտ Բագրատունիներու:
Վերադառնամ հատորին եւ հեղինակին:
Բանասէր Աւօ Գաթրճեան երեք ենթամասերու բաժնած է «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» աշխատասիրութիւնը` հարիւր պատմական դէպք, հարիւր դէմք եւ յուշ-պատգամներ:
Առաջին բաժնին մէջ հեղինակը հարիւր ենթագլուխներով կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան 1 դեկտեմբեր 1917-2 դեկտեմբեր 1920 ինկած ժամանակամիջոցը, երբ Թիֆլիսի Ազգային խորհուրդը Արամ Մանուկեանը` իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչ, կը ղրկէ Երեւան` Հայաստանի մէջ անդորրութիւն հաստատելու առաջադրութեամբ:
Երեք ճակատագրական տարիներ` Սարդարապատի հերոսամարտ, անկախութեան հռչակում եւ մեծ երազի մը ակնկալութեամբ` 2 դեկտեմբեր 1920-ին, քանի մը ժամերու տարբերութեամբ, Դրօ եւ Համբարձում Տէրտէրեան Լեկրանի հետ կը ստորագրեն Երեւանի համաձայնագիրը, մինչ Ալեքսանդր Խատիսեանի պատուիրակութիւնը թուրքերուն հետ կը ստորագրէ Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը: Սակայն անկախութեան գաղափարը վառ կը մնայ հայ ժողովուրդին մէջ եւ իրականութիւն կը դառնայ 21 սեպտեմբեր 1991-ին, Գ. հանրապետութեան ծնունդով:
Հատորին երկրորդ բաժինով Աւօ Գաթրճեան կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներու եւ դիւցազուններու փաղանգ մը: Թիւով հարիւր նուիրեալներ, հերոսներ, որոնք լաւագոյնս կ՛արտացոլացնեն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհուրդն ու ոգին:
Նուիրեալներու փաղանգը երեք մասերու բաժնած է հեղինակը: Ա. անկուսակցականներ, ոչ մէկ հոսանքի հակում ունեցող անձնաւորութիւններ: Բ. Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երդումին հաւատարիմ կամաւորներ: Գ. Հայկական տարբեր կուսակցութիւններու անդամ քաղաքական, պետական, դիւանագիտական, կրթական, հասարակական դէմքեր:
Խորազնին եւ շնորհակալ աշխատանք կատարած է Աւօ Գաթրճեան, իբրեւ աղբիւր օգտագործած է ՀՅ դաշնակցութեան հարուստ մամուլը` «Ազդակ»-ը, «Դրօշակ»-ի, «Կայծեր»-ի, «Հայրենիք»-ի, «Վէմ»-ի համարներ, Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրութեամբ` « Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» Ա. հատորը, Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ` «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» Ե. Զ. է. Ը. Թ. Ժ. ԺԱ. հատորները:
Աւօ Գաթրճեան համառօտ կենսագրականներու ընդմէջէն ընթերցողին կը ծանօթացնէ հարիւր դէմքերու այն փաղանգը, որոնց կեանքն ու գործունէութիւնը խորհրդանիշ դարձաւ Հայաստանի անկախութեան: Գործիչներ, որոնք կերտեցին հայ սերունդներու միասնականութեան դիմագիծը: Ո՞ր մէկը թուեմ` Արամ Մանուկեանը, զօրավար Սիլիկեանը, Տիանա Աբգարը, Աւետիս Ահարոնեանը, Յովհաննէս Բաղրամեանը, Նիկոլ Աղբալեանը, Լեւոն Շանթը, Դանիէլ Բէկ Բիրումեանը, Թովմաս Նազարբէկեանը, Սիմոն Վրացեանը, Յովհաննէս Քաջազնունին ու տակաւին շա՜տ շատեր:
Խիստ ուշագրաւ է հատորին երրորդ բաժինը, ուր Աւօ Գաթրճեան ընթերցողին կը ներկայացնէ հարիւր հայ ականաւոր դէմքերու յուշ-պատգամներ: Անձինք, որոնց մտքերը պատգամ եւ ազգային գաղափարախօսութեան հաւատամք դարձած են հայ ժողովուրդին, ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր եւ վաղը…
Աւօ Գաթրճեանի կարծիքով, ուխտերու ուխտը հայ ժողովուրդին համար անկասկած Սարդարապատի հերոսամարտով ամրագրուած` «Առանց զէնքի չկայ հայոց փրկութիւն» կարգախօսն է:
Ան յաջորդաբար կը ներկայացնէ մեր ժողովուրդին կարգախօս դարձած հարիւր յուշ-պատգամներ: Միտքեր, որոնք հայ ժողովուրդին մէջ վառ պիտի պահեն ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի միասնականութեան գաղափարը:
Քանի մը օրինակ բերեմ մեր երէկի եւ այսօրուան պատգամախօսներէն.
«Ամբողջ սրտով գուրգուրանք ուրեմն, հայե՛ր, Հայաստանի մեր նորածին հանրապետութեան վրայ…», Մկրտիչ Փորթուգալեան:
«Մեր սերունդը էն սերունդն է, որ դեռ երէկ ազատ, անկախ Հայաստան էր երազում», Յովհաննէս Թումանեան:
«Մենք ունինք մի ամենաթանկագին կռուան, դա Հայաստանի Հանրապետութիւնն է», Ստեփան Սապահ-Գիւլեան:
«Այս հանրապետութիւնը կորիզն է, առաջին արտայայտութիւնը` ամբողջ Հայաստանի վերածնութեան», Պօղոս Նուպար փաշա:
«Հայաստան կոչուած երկիրը դարձեր է մեզի համար աւելի քաղցր ու հրապուրիչ: Նա այլեւս սոսկ նիւթական քաղաքակրթութեան մի գործօն չէ, այլ կազմում է մեր իմացական քաղաքակրթութեան մի անբաժան մասնիկը», Միքայէլ Վարանդեան:
«Մեր անկախութիւնը դրուած է այնպիսի հիմքերի վրայ, որ ոչ ոք չի կարող նրան քանդել. հայ ժողովուրդը իր խօսքը արտասանել է», Յովհաննէս Քաջազնունի:
«Ովքե՛ր գիտեն արժէքը մայիս 28-ի մեզ նման` թող գօտեպնդուին. հայութիւնը ազատ է հոգիով… անկախ ու միացեալ Հայաստանի մէջ ամէնքը անխտիր պիտի տօնեն մայիս 28-ը», Նիկոլ Աղբալեան:
«Կեանքիս ամենաերջանիկ օրն է այս: Երեսուն տարուայ պայքարս, բողոքս, տառապանքս եւ յոյսերս պսակուեցին փառաւոր յաջողութեամբ», Աւետիս Ահարոնեան:
«Ժողովուրդները իրենց անկախութեան ձգտելնուն համար չէ, որ կը մեռնին: Շատ աւելի ճիշդ է հակառակը. կը մեռնին ապրելու կամքն ու վճռակամութիւն չունենալնուն համար», Լեւոն Շանթ:
«Սուղ վճարեցինք, շա՜տ սուղ, գնելու համար մեր անկախութիւնը: Եւ հաւանաբար ո՛չ ոք մեզի չափ սուղ վճարած է իր անկախութեան համար: Հազարաւորներու մաքուր արեամբ գրուած է 1918 մայիս 28-ը: Զայն ուրանալ փորձել` կը նշանակէ ցեղի ձայնին դաւաճանել», Գէորգ Գանտահարեան:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին մէջ լոյս տեսած, 528 էջերէ բաղկացած գեղատիպ այս հրատարակութեան վերջին էջերուն մէջ զետեղուած են Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումին նուիրուած երգեր (հեղինակ` Աւօ Գաթրճեան, երաժշտ.` Ռաֆֆի Ապէճեան):
«Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» հատորը յանձնարարելի է բոլորին` մօտէն ծանօթանալու մեր անցեալին, ներկային եւ ապագային…
Գնահատելի աշխատանք կատարած է Աւօ Գաթրճեան` նոր լոյս սփռելով Սարդարապատի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ծագումին եւ հետագայ անդրադարձներուն վրայ: Կարդալով այս հատորը` ընթերցողը պիտի ըմբոշխնէ արժանի գործ մը:
Հաճելի եւ ուսանելի ընթերցում: