Լեւոն Շառոյեան (Հալէպ)
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ քերականական մեր նորատիպ գիրքը՝ «Գրականաշունչ պտոյտ՝ Այբուբենի տառերուն հետ»-ը, որ լոյսին եկած էր Հալէպ, անցնող Յունուարին, այսուհետեւ մաս կը կազմէ համաշխարհային «Ամազոն» գրապահեստանոցի ցուցակին ու տրամադրելի է անոր համացանցային պատուհանէն:
Ինչպէս պիտի յիշեն մեր ընթերցողները, «Գրականաշունչ պտոյտ…»-ը առաջին իսկ օրէն գտաւ լայն հետաքրքրութիւն ու գրեթէ սպառեցաւ՝ ցրուուելով հայկական դպրոցներէ ներս, Հալէպ, Լիբանան ու Ամերիկա: Բայց պահանջքը կանգ չառաւ: Հեռաւոր գաղութներէ անդադար խնդրանքներ հասան մեզի. խնդրանքներ, զորս գոհացնել անկարելի էր, նկատի ունենալով Հալէպի թղթատարական սպասարկութեան գրեթէ կազմալոյծ վիճակը: Հոսկէ մեկնելով՝ առինք յանդուգն քայլ մը ու որոշեցինք գիրքը տրամադրելի դարձնել AMAZON-ի գրացանկին վրայ: Ասիկա մեծապէս պիտի դիւրացնէր գործը բոլոր անոնց (մանաւանդ Ամերիկա, Գանատա, Արժանթին, Աւստրալիա, Պոլիս ու Եւրոպա ապրողներուն կամ հոն գործող կրթական հաստատութեանց), որոնք պիտի փափաքէին օրինակ մը ապահովել այս ուսուցողական հատորէն:
Այս նոր «Գրականաշունչ պտոյտ…»-ը ոչինչով կը տարբերի Հալէպ տպուած մայր օրինակէն: Բովանդակութիւնը՝ ծայրէ ի ծայր, շարուածքին տառատեսակը, էջադրումը, էջաթիւերը, ամէն ինչ նոյն է: Փոխուած է միայն կողքի շապիկը:
Զայս կը յանձնենք արեւմտահայերէնի առնչակից շրջանակներու ուշադրութեան, մա՛նաւանդ այս օրերուն՝ երբ վերամուտի կը պատրաստուին հայկական վարժարանները: