ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Բազում հարցականներու մէջէն խոշոր հարցական մըն ալ այս մէկն է: Իմաստի էութեամբ ու գործնականութեամբ «ոչինչ»ը կա՞յ թէ չկայ: «Ոչնչութիւն»ը արժէք ունի՞ թէ չունի: Կարելի՞ է կառչիլ ոչնչութեան՝ իբրեւ յենարան ու ստեղծագործութեան սկզբնաղբիւր…:
Ըստ Սուրբ գրքին, տիեզերքը ստեղծուեցաւ ոչինչէն: կը նշանակէ, թէ ամէն ինչ ստեղծուեցաւ «ոչ-ինչ»էն,–կեանք, նիւթ, երկինք, երկիր, ծով ու ցամաք եւ աստղեր,–…: Կը հետեւի ուրեմն, որ եթէ ոչնչութիւնը չըլլար , գոյութիւն պիտի չունենային կեանք ու մարդիկ եւ բոլո՜ր, բոլո՜ր բնական ու բնազանցական էութիւնները, յղացումները, որոնք մաս կը կազմեն կեանքին ու տիեզերքին, այսինքն՝ հին ու նոր աստուածներ, կուռքեր ու բուրքեր, երկիրներ-ազգեր, զէնք ու զինուորներ, նաւ ու աստղանաւ եւայլն: Եթէ փորձենք կազմել չաւարտող ցանկը իմացական ու առարկայական ոլորտի մէջ գոյ էութիւններուն, մենք ալ պիտի ստիպուինք սկսիլ ոչինչէն եւ պիտի յանգինք դարձեալ ոչինչին: Ուրեմն, պատկերացուցէ’ք, որ մեր կազմելիք ցանկին պատուանդանը ոչինչն է եւ հանգուցածայրը՝ ոչնչութիւնը:
7-րդ դարու հայ մտքի հսկաներէն՝ Անանիա Շիրակացին կ’ըսէ, թէ լինելութիւնը (գոյանալը, ըլլալը) ոչնչացման սկիզբն է, եւ ոչնչանալը՝ նորէն ըլլալու սկիզբը, եւ այս անվնաս հակասութենէն է, որ աշխարհի գոյութիւնը կը շարունակուի…:
Աշխարհի ամէմնէն իմաստուն թագաւորը հռչակուած Սողոմոն (Սողմոն իմաստուն) իր իմաստութեան խտացումը պատմութեան յանձնած է երկու բառերով. «Ունայնութի՜ւն ունայնութեա՜նց», որ մօտաւորապէս թարգմանի՝ «ոչնչութի՜ւն ոչնչութեա՜նց»: Այսինքն, ամէն ինչ փուճ է, պարապ է, բան չկայ, ոչնչութիւն է:
Հայաստանցի հայն ալ կենցաղային պայմաններուն պատշաճելու համար ապաւինած է «ոչինչ»ին: Հարց տուէ’ք անոր, թէ ո՞նց է, պիտի առնէք բազմիմաստ պատասխանը՝ «Ոչինչ»: Ձեզի կը մնայ հասկնալ ինչպէս ըլլալը՝ լա՞ւ է, վա՞տ է, գո՞հ է վիճակէն, դժգո՞հ է… պարզապէս՝ ոչինչ…:
ԶԵՐՕ
Թիւերու աշխարհին մէջ «ոչինչ»ին հոմանիշը զերօն է (0): Հոս ալ նոյն հարցականն է, որ կը չարչրկէ մեր միտքը: Թուանշաններու շարքին մաս կը կազմէ՞ զերօն թէ ոչ: Եթէ այո’, ո՞րն է անոր արժէքը, իսկ եթէ ո’չ, ինչո՞ւ ստեղծուած է ան…:
Տարօրինակը այն է, որ ոչինչ ներկայացնող այս զերօն կը կլլէ եւ առ ոչինչ կը դարձնէ իրմով բազմապատկուած որեւէ թիւ: Զերօ անգամ մէկ միլիոն կամ մէկ միլիոն անգամ զերօ կու տայ 0 արդիւնք: Թիւի մը վրայ գումարենք զերօ, թիւը կը մնայ անփոփոխ: Հարիւր առաւել զերօ հաւասար է հարիւրի: Կարծէք ոչինչ գումարեցինք թիւին վրայ: Բայց կայ ու կը վեհապետէ զերօն:
Հարցուցէ’ք թուաբանագէտի մը, թէ ինչու գոյութիւն ունի ոչինչ ներկայացնող, բայց ըստ պարագայի հսկայ թիւեր ոչնչացնող այս զերօն: Ձեզի պիտի պատասխանէ, թէ թիւերու համակարգի ստեղծումին մէջ մեծագոյն յայտնագործումը զերօն է, առանց որուն կարելի պիտի չըլլար ըմբռնել միւսներուն արժէքը, տարողութիւնը, կշիռը: Բոլոր թիւերը յենած են 0-ին վրայ, այսինքն «ոչինչ»ին եւ իրենց արժէքը անկէ կը ստանան:
Ուրեմն, զերօն, այսինքն ոչինչը կը կազմէ յենարանը եւ օրհնեալ արժեչափը թուաբանութեան հետ կապուած բոլոր գիտութիւններուն եւ տնտեսական մարզի բոլոր գործառնութեանց: Հետեւաբար, պահ մը թափ տալով մեր երեւակայութեան պիտի անդրադառնանք, որ մեր ապրած այս աշխարհի ամբողջ տնտեսութիւնը, որ կը կազմէ մարդկութեան անցեալի, ներկայի եւ ապագայի գոյութեան ամէնէն հիմնական կռուանը, յենած է զերօ-ի, այլ խօսքով ոչինչի վրայ ու իր արժէքը կը ստանայ զերօ-էն, այսինքն՝ ոչնչութենէն: Եւ քանի որ թիւը կը նկատուի մայրը բոլոր գիտութեանց, քանի որ նաեւ թիւերու արժէքին առանցքը զերօն է, կը նշանակէ ուրեմն, որ ամբողջ գիտութեան առանցքը զերօն է, ոչնչութիւնը…:
Արուեստի բնագաւառին մէջն ալ տարբեր չէ պարագան: Մտքի յղացումները ծնունդ կ’առնեն զերօ կէտէ եւ կը յանգին 0 կէտին, ոչինչին: Երաժշտութիւնը կը յօրինուի ոչինչէն եւ կը յանգի ոչինչին: Որքան տաղտկալի ու մերժելի պիտի ըլլար , օրինակ դաշնակի նուագ մը, որ ընդհուպ-շատ կարճ դադարներ եւ վերջ չունենար ու չյանգէր զերօ կէտին՝ոչինչին…:
ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Պուտտայի կրօնքը կ’ուսուցանէ, որ գերագոյն երջանկութիւնը գտնելու համար յարատեւ ճիգ պէտք է ընել հասնելու համար Նիրվանային, որ կը նշանակէ կատարելութեան: Եւ անոր ճամբան հրաժարիլ կարենալն է կեանքի ու տիեզերքի մէջ գոյութիւն ունեցող ամէն ինչէ: Հրաժարիլ մարմնի պէտքերէն, աշխարհիկ հաճոյքներէ, նիւթէ ու դիրքէ, ստացուածքէ, անցողիկ ուրախութիւններէ ու ցաւերէ , ինչ որ թիւերու լեզուով կը նշանակէ ունենալ խոշոր Զերօ մը, այսինքն ոչինչ: Ուրեմն Նիրվանան, այսինքն կատարելութիւնը զերօ-ոչնչութեան մէջ կը կայանայ, որ գերագոյն երանութիւնը (երջանկութիւնը) պիտի պարգեւէ (եղեր) մարուն:
Իսկ մեր անկրկնելի նարեկացին , մարդկային երեւակայութիւնը ահաբեկող իր տքնութեամբ, իմաստը կը տեսնէ գերբնականին մէջ եւ Աստուծոյ հետ խօսելու համար կը կառչի անիմանալի խորհուրդներու: Անոր համար խորհուրդն է իրա’ւը եւ ոչ թէ երեւոյթը, տեսնուածը: Ուրեմն իրա’ւը, իսկական արժէ’քը գոյութիւն չունեցողն է, խորհուրդն է, այսինքն՝ այն ինչ որ չկայ…:
Քրիստոնէութիւնն ալ (եւ ոչ միայն) կը հաւատայ, որ յաւիտենական կեանքի սկիզբը մահն է, վերջնական այն հանգրուանը, ուր ապրուած կեանքը զերօ-ի կը վերածուի եւ կը յանգի ոչնչութեան:
Հիմա, այս ըսուածներէն ետք ,ողջմիտ ընթերցողը հաւանաբար մտածէ, թէ ինչո՞ւ ժամանակ տրամադրուած, գրուած ու տեղադրուած է այս գրութիւնը, քանի որ գրուած է ան պարզապէս ՈՉԻՆՉ ըսելու համար…:
Եւ իրաւունք պիտի ունենայ ընթերցողը: Գրութեան «նպատակը» ոչինչ ըսել է: Եւ արդէն ի՞նչ է «նպատակ» ըսուածը, եթէ ոչ կեանքը իմաստաւորելու ձգտում, ինչ որ կը նշանակէ, թէ «իմաստ»ն է մարդկային մտքի ամէնաբարձր յղացումը:
Եւ հոս, իմաստ մը տալու փորձ կատարուեցաւ անիմաստ «ոչինչ»ին…: