ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար (վարչապետ) Արայիկ Յարութիւնեան Յունիս 6ին աշխատանքէն հեռանալու մասին դիմում ներկայացուց նախագահ Բակօ Սահակեանին:
Նախագահը ընդունելով դիմումը՝ աւելի ուշ նոր պետական նախարար նշանակեց ելեւմուտքի նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը:
40ամեայ Գրիգորի Մարտիրոսեան մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է։ Ան վերջին 20 տարիներուն շարք մը պաշտօններ զբաղեցուցած է Արցախի կառավարութեան մէջ, իսկ 2017ին նշանակուած էր ելեւմուտքի նախարար: Մարտիրոսեան նաեւ կը դասաւանդէ Արցախի Պետական համալսարանին մէջ:
Յարութիւնեան, խօսելով հրաժարելու իր որոշումին պատճառներուն մասին՝ ըսաւ, որ հանրութեան մօտ ձեւաւորուած պահանջ կայ, տրամադրութիւն՝ երկրին մէջ բարեփոխումներու նոր փուլ իրականացնելու առումով: «Վերջին մի քանի ամիսներին, մանաւանդ հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններից, թաւշեայ յեղափոխութիւնից յետոյ, Արցախի ժողովրդի մօտ եւս ձեւաւորուեց փոփոխութիւններ կատարելու պահանջ»։
Նշենք, որ Յունիս 6ին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի որոշ ներկայացուցիչներ, նախքան Յարութիւնեանի հրաժարութեան հրապարակումը՝ հանդիպում մը ունեցած են Յարութիւնեանի եւ նախագահ Սահակեանի հետ, քննարկելով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ ցնցումներէ խուսափելու ու բնականոն կեանք շարունակելու վերաբերեալ հարցեր:Ան շեշտեց, թէ Արցախի մէջ ժողովրդավարական արժէքներու զարգացման առումով լուրջ յառաջընթաց արձանագրուած է՝ աւելցնելով, որ ինք վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Արցախի նախագահին հետ քննարկած է բարեփոխումներու յաջորդ փուլը։
Արցախի մէջ տեղի ունեցած պաշտօնանկութիւններուն, Արցախի ներքին կայունութեան եւ այլ հարցերու մասին «Երկիր»ը զրուցած է Արցախի ՀՅԴ ԿԿի ներկայացուցիչ եւ Արցախի ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանի հետ:
Իշխանեան ընդգծած է. «Մենք բաւարարուած զգացինք նախագահի հետ ունեցած մեր հանդիպումից: Մեզ որոշ բացատրութիւններ տրուեց, նաեւ՝ որոշ քայլերի յաջորդականութեան եւ պաշտօնատարների փոփոխութիւնների առումով: Շեշտուեց, որ Արցախում առաջացել էր որոշ բարեփոխումների անհրաժեշտութիւնը։ Ընդգծել ենք, որ անհրաժեշտ է այդ ընդհանուր բարեփոխումների շրջանակի մէջ կարեւոր տեղ տալ բարեփոխումների արդիւնքում աւելի զարգացման գործընթաց ապահովելու անհրաժեշտութեանը՝ քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան համակարգի, ընկերային երաշխիքների, լարուածութեան թուլացման եւ այլ բնագաւառներում: Մենք չենք կարող ունենալ անկայուն եւ լարուած ներքին մթնոլորտ եւ ձգտել յուսալի անվտանգութեան համակարգի: Մեր անվտանգութեան ու պաշտպանութեան համակարգը յուսալի է եւ երաշխաւորուած, եթէ առկայ է ներքին կայունութիւն, համախոհութեան մթնոլորտ, քաղաքական հանդուրժողականութիւն, ընկերային արդարութիւն, քաղհասարակութիւն եւ նման մի շարք կարեւոր բաղադրիչներ, որոնք լրացնում են հէնց այդ անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը»
: