ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան 6 Նոյեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ամփոփած է իր պաշտօնավարման միամեակը: Ներկայացնելով միութեան տարեկան հաշուետուութիւնը՝ ղեկավարը նշած է, որ իրենց սկզբունքն էր պահպանել նախորդ տարիներու քաղաքականութիւնն ու աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր աշխատանքներու համար կարելիութիւններ ստեղծել: Անդրադառնալով ձեռքբերումներուն՝ Էդուարդ Միլիտոնեան յատուկ կերպով մատնանշած է «Բանավէճի», «Գրական» եւ «Շախմատի» ակումբներու բացումը:
Միութիւնը կը շարունակէ համագործակցիլ նախարարութիւններու ու ստեղծագործական տարբեր կազմակերպութիւններու եւ գրահրատարակչութիւններու հետ, նաեւ կը շարունակէ գործակցիլ Սփիւռքի եւ արտերկրի գրողներու հետ: Ըստ Միլիտոնեանի՝ աշխատանքներուն մէջ աշխոյժ կերպով ներգրաւուած են նաեւ երիտասարդ ստեղծագործողները, ինչ որ միութեան վերջին տարիներու կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն է:
«Ժամանակն է աւելի լուրջ նայել ժամանակակից գրականութեանը, որը հիմնականում ձեւաւորուել է վերջին 50 տարիների ընթացքում: Այսօր Հայաստանում իսկապէս կայ շատ խորը եւ հետաքրքիր գրականութիւն: Ցաւօք սրտի մենք նաեւ ունեցել ենք կորուստներ այս տարուայ ընթացքում: 13 գրող է մահացել: Գրողների միութիւնը վերջին 10 տարում թարմացնելու սկզբունք է որդեգրել: Կար ժամանակ, երբ գրողների 80 տոկոսը 50 տարեկանից բարձր էին: Այսօր այդ թիւը բաւականին իջել է եւ գրողների միջին տարիքը 40 տարեկանն է», դիտել տուած է միութեան նախագահը: