Սիրելի՛ Վիգէն,
Ի՞նչպէս ըսենք այս երկու խօսքը անշունչ մարմինիդ առջեւ, երբ տակաւին վերջերս կը վայելէինք քու արթուն ներկայութիւնդ եւ կ՛ըմբոշխնէինք գաղափարներուդ ու համոզումներուդ կեանքո՛վ լեցուն հզօրութիւնը:
Ի՞նչպէս ըսենք այս երկու խօսքը քու պաղ դագաղիդ առջեւ, երբ չկար պահ մը, երբ քեզի հետ հանդիպողները չվայելէին քու վարակիչ տաքութիւնդ եւ չզգային ջերմացնող մտերմութիւնդ:
Պիտի անկասկած զսպենք մեր յուզումները եւ ըսենք սրտի երկու խօսք, որովհետեւ քեզի պէս մարդիկ հազուագիւտ կու գան այս երկնակամարին տակ, եւ բառին բո՛ւն իսկ իմաստով՝ աննման անձիք են:
Վիգէ՛ն, մահուանդ առիթով մարդիկ պիտի ըսեն՝ ունեցանք մեծ ցաւ մը, մեծ վիշտ մը… Հեգնական չէ, եթէ ըսեմ, որ բարեբախտաբար ցաւերը կու գան ու կ՛անցնին: Քեզմէ բաժնուիլը պիտի ըլլայ հսկայ եւ չսպասուած կորուստ մը: Քու երթդ, դժբախտաբար, մեզմէ շատերուն համար պիտի ըլլայ անփոխարինելի, անսփոփելի ու անգտանելի կորուստ մը: Կորուստդ պիտի ձգէ շատ մեծ վիհ մը: Բաց մը՝ եղբօր, բաց մը՝ աննման ընկերոջ, բաց մը՝ թանկագին բարեկամի, բաց մը՝ անմիջականօրէն ջերմ հարազատի:
59 տարուան յարաբերաբար կարճ կեանքդ համակեց աւելի քան 100 տարուան պարունակութեամբ լեցուն իսկական մարդկութիւն, անձնուէր ազգային կեանք եւ հայրենասիրութիւն, ամբողջանուէր ընտանեկան հայրութիւն, հանրային տիպար ու փոխանցիկ ծառայութիւն:
Սիրելի՛ Վիգէն,
Մեր ազգային կեանքին մէջ պահանջատիրութիւնդ մեր հայրենի իշխանութիւններէն, մի՛շտ ի մտի ունենալով Հայաստանի բարգաւաճումը՝ վարակիչ եղաւ բոլորիս համար: Սփիւռքի գոյատեւման կարեւորութեան եւ անոր կարիքներուն ծառայելու քու շինիչ մօտեցումներդ ներշնչեցին շա՛տ շատեր եւ մղեցին զանոնք իրենց ազգային նախաձեռնութիւններուն մէջ: Հերոս Հաճնոյ զաւակի քու համոզումներդ, թէ Արեւմտեան Հայաստանի մեր հողերը պարտին մնալ հայապատկան, եւ հաւատքդ, թէ մեր իրաւունքները անժամանցելի են, խթանեցին քու ո՛ղջ շրջապատդ: Անսակարկ հասկացողութիւնդ, թէ Հայ դպրոցը, իր հայակերտման կոչումով եւ աշխատաքով, լաւագոյն կռուանն է եւ մեր ազդեցիկ զէնքը՝ օտարացնող, ապազգայնացնող եւ ապակողմնորոշիչ այս պայմաններուն մէջ, եղաւ վստահելի փարոս մը բոլորի՛ս: Հաւատամքդ, թէ լա՛ւ հայ ընտանիքը կը սկսի սիրով, կ՛անցնի ազգային արժէքներու պահպանումէն ու հայեցի դաստիարակութենէն, եւ կ՛աւարտի բարձրագոյն ուսման հանդէպ գորգուրանքով, եղաւ օրինակելի պատկեր մը բոլորիս: Եւ այս բոլորը՝ որովհետեւ դուն համոզուած էիր, թէ մենք պարտինք ըլլալ լա՛ւ հայ մարդիկ: Բան մը, որ քեզի համար կը նշանակէր միանգամայն ըլլալ լա՛ւ մարդ եւ լա՛ւ հայ:
Հազուագիւտ է գտնել մարդ մը, որ նոյն ատեն ըլլայ տիպար անձ, անսահման ընկերասէր, յաջող դեղագործ, homeopathy-ի մասնագէտ, հայ դպրոցի օրինակելի հոգաբարձու եւ ջատագով նոր գաղափարներու, ինչպիսին էր 20ամեայ կեանք ունեցող Մանուկեան վարժարանի փառատօնը, նաեւ՝ Arsenal-ի fan, Հնդկական մշակոյթի խնկարկու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տագնապներով տոգորուած ու աշխատունակ անձ, խոռունկ մտաւորական, յօդուածագիր, անխոնջ ընթերցող, գրքահաւաք, յատկապէս՝ Հայ գծագրական գեղարուեստի սիրահար եւ լայն հաւաքածոյի տէր, ամերիկեան եւ համաշխարհային պատմութեան, ինչպէս եւ մերօրեայ քաղաքականութեան լաւապէ՛ս քաջածանօթ, իր համոզումները կիրքով պաշտպանող անձ, ընկերային արդարութեան հաւատացող, գաղափարական ըմբռնումներու տէր, զաւակներուն լաւագոյն ընկեր, զաւակներուն սորվեցնող եւ զաւակներէն սորվելու համեստութիւնը ունեցող, դիմացինի տեսակէտը եւ գաղափարները յարգող էակ, եւ այս բոլորով մէկ՝ համեստ անձնաւորութիւն: Ահա այսպիսի առաքինի եւ ընդօրինակելի անձ էր հիմա մեր առջեւ անշունչ պառկած մեր սիրելի Վիգէնը:
Սիրելի՛ Լիւսի,
Շատ դժուար պիտի ըլլայ համոզուիլ Վիգէնի մշտական բացակայութեամբ: Բայց այն 27 տարիները, զորս դուք անցուցիք միասին եւ որոնց ականատես եղանք մենք բոլորս, այնքա՛ն ներշնչող ու մխիթարական տուեալներ ու պահեր պիտի տրամադրեն քեզի, որ, թէկուզ քիչ մը, պիտի մեղմացնեն ցաւերդ եւ կորուստդ պիտի փոխարինեն անուշ յիշատակներով ու յուսադրիչ տրամադրութեամբ:
Սիրելինե՛ր Նար եւ Լար,
Դեռ ի՞նչ ծրագիրներ մտածած, մշակած ու վերապահած ունէր Վիգէնը, Լիւսիին հետ միասին, ձեր ապագայի հեռանկարներուն մասին: Համալսարան, կեանքի ասպարէզ, մշտական հայեցի դաստիարակութիւն, եւայլն: Անկասկա՛ծ, ձեր միտքին մէջ թարմ են ձեր ծնողքին փափաքները, եւ ձեր կողմէ զանոնք յաջողցնելը պիտի ըլլայ լաւագոյն ապացոյցը ձեր հօր յիշատակը անմառ պահելու նախանձախնդրութեան:
Սիրելի՛ տիկին Սոնիա, Մանիա եւ ընտանեկան անմիջական պարագներ,
Հայկական ասացուածքը կ՛ըսէ՝ «մարդ ծնողքի մը իր զաւակին ցաւը ցոյց չտայ»: Այս շաբթուան քու հոգեկան հզօրութիւնդ, մաղթենք, որ վարակիչ ըլլայ շատերուս համար: Առնուազն կրնաս համոզուիլ, որ Վիգէնը ապրեցաւ իր հայրը՝ Ասատուրը, ունենալով իբրեւ իր կեանքի հերոս եւ օրինակելի ազգային տիպար, եւ կրնաս մխիթարուիլ, որ հիմա ան թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ հոգեպէս գնաց Ասատուրին մօտ հանգչելու:
Սիրելի՛ Վիգէնի Հայ Սքուլի ընկերներ, Էշրեֆիէի դասընկերներ, Valley-ի դպրոցական շրջանակի գործընկերներ եւ ազգային գաղափարակիցներ,
Կասկած չկայ, որ բոլորդ կը զգաք վիշտը եւ Վիգէնի կորուստը: Մեզմէ շատերս, որոնք Վիգէնի ողջութեան վայելեցինք իր արտացոլացուցած լոյսը, ըմբոշխնեցինք իր ներկայութիւնը եւ համակուեցանք իր թելադրող ջերմութեամբ ու փայլքով, անկասկա՛ծ պիտի շարունակենք մեր անմիջականութիւնը Կիւլվարդեան ընտանիքին կողքին եւ արտայայտենք մեր մնայուն սէրը անոր հանդէպ: Ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս պիտի ուզէր ի՛նք՝ Վիգէնը:
Սիրելի՛ հարազատներ,
Դժուար է Վիգէնէն բաժնուիլը, բայց Աստուծոյ կամքին դէմ պայքարիլը անհնարին պարտականութիւն է եւ անկարելի՛: Ձեր անսահման սէրը եւ կարեկցութիւնը այս օրերուն, եւ ձեր վկայութիւնը՝ արտայայտուած Վիգէնի նկարագիրին ու անձին հանդէպ, քիչ մը մեղմացուցին անմիջական իր ընտանիքին ցաւը: Կասկած չունիմ եթէ ըսեմ բոլորիս անունով, թէ Վիգէնը, իր ճառագայթող ներկայութեամբ, իր մնայուն դրոշմը ձգեց բոլորիս կեանքերուն վրայ, բան մը, որ մեր խոր տխրութեան իսկ մէջ, այսօր եւ վաղը, մեր հոգիները կ՛ուրախացնէ եւ ներհուն գոհունակութեամբ կը լեցնէ մեզ բոլո՛րս:
Իրագործումներուդ համար՝ վարձքդ կատար, Վիգէն ջան: Հողը թեթեւ գայ վրադ, շա՜տ սիրելի ընկերս, ու յիշատակդ մնայ յաւիտեան անթառամ:
ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ