Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» երկին առաջին անգլերէն հրատարակութիւնը՝ Song of the Bread, թարգմանութեամբ Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի եւ խմբագրութեամբ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի:
Ձեր օրինակը ունենալու համար այցելեցէք Amazon կայքը: