ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի պետական երաժշտանոցի ուսանող, «Մեկնարկ» տաղանդի զարգացման նպատակային ծրագիրի անդամ Արթուր Գրիգորեան (ուսուցիչ՝ Արմէն Բաբախանեան) միջազգային մրցոյթին արժանացաւ առաջին մրցանակի:
Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Տքաչեւսքիի անուան դաշնակահարներու 6-րդ միջազգային մրցոյթը, որուն ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչը հանդէս եկաւ փայլուն ելոյթով:
Առաջին մրցանակէն բացի, անոր շնորհուեցաւ նաեւ յատուկ մրցանակ մը, որ կը ներառէ 4 տարուան կրթաթոշակ՝ (տարեկան 19.000 տոլար) Արեւելեան Թենըսիի Նահանգային համալսարանին մէջ ուսանելու նպատակով:
Մրցոյթին մասնակցեցան 260 պատանի եւ երիտասարդ դաշնակահարներ 33 երկիրներէ: