ՔՈՒԷՅԹ ՔՈՒԷՅԹ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝
ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ
Տեղի կ’ունենայ Երկուշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2013 –ի երեկոյեան ժամը 8:30 –ին
Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ
ԴԱՍԱԽՕՍ՝
Ընկերալեզուաբան դոկտ. Արտա Պօյնէրեան-Ճէպէճեան
Սիրելի՛ Հայորդիներ,
Ուրախութեամբ կը յայտնենք ձեզի, որ Ընկերալեզուաբան դոկտ. Արտա Պօյնէրեան-Ճէպէճեանը, յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին հիւրաբար պիտի գտնուի Քուէյթ. այս առիթով ան սիրայօժար մեր առաջարկին ընդառաջեց խօսելու «Հայ լեզուի պահպանումի մարտահրաւէրը սփիւռքեան իրականութեան մէջ» նիւթին շուրջ:
Արեւմտահայերէնը UNESCO-ի վտանգուած լեզուներու ցանկին մաս կը կազմէ: Հետեւաբար, սփիւռքի գաղութներէն ներս հայ լեզուի պահպանութեան, տարածման ու պաշտպանութեան գործին նուիրուած դասախօսական այս երեկոն, պիտի անդրադառնայ սփիւռքի մէջ հայերէն լեզուի պահպանումի մարտահրաւէրին, որ համահայկական ճիգ պարտադրող հարց է:
Դասախօսութիւնը պիտի ընդգրկէ հետեւեալ ենթաբաժինները.
ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒՆ
ԾՆՈՂՆԵՐԸ ԵՒ ԴՐԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Բոլորդ հրաւիրուած էք այժմէական այս դասախօսութեան, գիտակցելու վտանգին տարրողութեան եւ յանձն առնուելիք պարտաւորութեանց:
2 Դեկտեմբեր 2013 Քուէյթի Ազգային Վարչութիւն