Օքսֆորտ Համալսարան-Անգլիա
Անգլիոյ Օգսֆորտ համալսարանի Արեւելեան Ուսումնասիրութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ՝« Արեւելեան Քրիստոնէութիւնը» բնաբան-նիւթի ուսումնասիրութեանը նուիրուած դասախօսական-հաւաքներու ծիրէն ներս՝եւ որ անցեալ ութ տարիներու վրայ երկարած ծրագիր-յայտագիրներէն մին է նոյն համալսարանին՝ եւ ուր կը ներկայացուի եւ կը մէկտեղուի գիտական-ակադեմական ուսումնասիրութիւններ նոյն նիւթի հետ առընչուած։ Եւ այս ծիրէն ներս՝ տեղի ունեցաւ «Քրիստոնեայ Ներկայութիւնը Արաբական Ծոցի Տարածաշրջանին մէջ» դասախօսութիւնը՝ Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2020-ին համալսարանի սրահի մէջ։ Դասախօսն էր՝Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝Ընդհանուր Քարտուղարը Աստուածաշունչի Ընկերութեան՝ Արաբական Ծոցի երկիրներու։
Դոկտ.Հրաչ Չիլինկիրեան՝ որ համալսարանի Արեւելեան Ուսումնասիրութեան բաժանմունքի դասախօսական կաճառի գործօն անդամներէն է՝ներկայացուց օրուան դասախօսը։
Դոկտ. Ճէպէճեան՝ մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ՝ ներկայացուց նախ Արաբական Ծոցի պատմա-քաղաքական ու ըներա-տնտեսական տուեալները՝ եւ ապա քրիստոնեայ եկեղեցիի ու համայնքի կազմաւորումը վաղ Ք.Ե. չորրորդ դարերէն սկսեալ՝ եւ հասնելով մինչեւ Իսլամական ներխուժումը տարածաշրջանէ ներս Ք.Ե. 629 թուականին։ Ան մատնանշեց թէ Քրիստոնեայ եկեղեցին Իսլամական տիրապետութեան ժամանակ՝ շրջանին մէջ մնացած է մինչեւ իններորդ դար՝ եւ ապա անյայտացած։ Ան տուաւ որոշ պատմական-գիտական տուեալներ ու ապացոյցեր անյայտացումի համար։ Ապա ան մատնանշեց թէ ինչպէս Քրիստոնեայ ներկայութիւնը վերստին մուտք գործած է տարածաշրջանի մէջ 1497 թուականներուն՝ երբ Փորթուքալական հետազօտողներ հասած եւ այս երկիրները։ Դոկտ. Ճէպէճեան ապա վեր առաւ Քրիստոնեայ ներկայութեան ծաւալած գործունէութիւնը Անգլիական գաղութատիրութեան ժամանակ՝եւ հասնելով մինչեւ Ամերիկացի միսիոնարներուն՝որոնք տասնիններորդ դարերէն սկսեալ մեծ նպաստ եւ ներդրում ունեցած են այս երկիրներու ընկերային կեանքի բարելաւումի՝ ի մասնաւորի՝ կրթական եւ բժշկական բնագաւառներուն մէջ։ Ան ապա ընդարձակ տեղեկութիւն տուաւ ներկայ օրերու Քրիստոնեայ եկեղեցիի վրայով՝ որ օտարազգի է՝ մատնանշելով տարբեր եկեղեցական-համայնքային կառոյցները։
Դասախօսութենէ ետք տեղի ունեցաւ հարցերու քննարկում։