ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ Հայաստանի «Հ1» հեռատեսիլի գլխաւոր կայանը նշեց, որ 4 մարտ թուականը խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ հայերէնի համար նոր ուղղագրութիւն մը ընդունելու որոշումին տարեդարձն էր: Հայաստանի խորհրդային իշխանութիւնները, ընթացք տալով պատմաբան Մանուկ Աբեղեանի առաջարկին, անոր պարտականութիւն տուած էին հայոց լեզուի համար նոր ուղղագրութիւն մը պատրաստել: Իբր թէ նոր ուղղագրութեան շնորհիւ պիտի դիւրանար լեզուի գործածութիւնը, եւ զանց պիտի առնուէին այն դժուարութիւնները, որոնք կը ծագէին հայոց դասական ուղղագրութեան կանոններէն:
«Հ1» հեռատեսիլի կայանին խօսնակը, որ այս մասին կը խօսէր, լորձնաշուրթն կը գովէր այդ շրջանին տրուած այս որոշումը, մինչ կը սպասէինք, որ ան խօսէր տարբեր ուղղութեամբ ու բաժնէր մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն այն մտահոգութիւնը, թէ խորհրդային շրջանի ուղղագրութիւնը շա՛տ բան խանգարած էր մեր լեզուի գեղեցկութեան ու ընկալուած կանոններուն մէջ` նոր խառնարան մը ստեղծելով:
Մենք առաջին օրէն կողմնակից չեղանք նոր ուղղագրութեան. այս նիւթին շուրջ բազմաթիւ անգամներ խորհրդակցեցանք Հայաստանի ակադեմական դէմքերու հետ եւ պաշտպանեցինք այն տեսակէտը, որ այլեւս իր անկախութիւնը հաստատած Հայաստանը պէտք էր վերադառնար դասական ուղղագրութեան, բայց զարմանքով տեսանք, որ անոնք նոյն կերպ չէին մտածեր: «Մէկ գիշերուան մէջ ինչպէ՞ս կրնանք փոխել ուղղագրութիւնը», կ՛ըսէին անոնք, իսկ մենք կը պատասխանէինք. «Չէ՞ որ արդէն մէկ գիշերուան մէջ փոխեցիք դասական ուղղագրութիւնը: Յետոյ, պայման չէ, որ մէկ գիշերուան մէջ փոխուի: Կրնանք որոշ ժամանակամիջոց մը տալ»® եւ այլն, եւ այլն:
«Հ1» կայանի յայտագիրը անգամ մը եւս խոցեց մեր սիրտը: Մեր ուղղագրութիւնը դժուար է, այո՛, բայց միայն մեր լեզուի՞ն ուղղագրութիւնն է դժուար: Ֆրանսերէնի ուղղագրութիւնը դիւրի՞ն է արդեօք, անգլերէնի ուղղագրութիւնը դիւրի՞ն է® Հայոց ուղղագրութեան դժուարութիւնը ծնունդ կ՛առնէ հայոց լեզուի հարստութենէն, հայոց լեզուի ձայնային ու այբուբենական հարստութենէն: Իրաւունք ունի՞նք այդ հարստութիւնը ոտնակոխ ընելու, մեր լեզուն ու մեր ուղղագրութիւնը աղքատացնելու:
Գիտենք, որ մեր այս տեսակէտը խորթ պիտի հնչէ մասնաւորաբար Հայաստանի որոշ շրջանակներէ ներս, բայց թող ներողամի՛տ ըլլան. ո՛չ մէկ ուժ պիտի կարենայ մեզի հաւատացնել, որ այդ շրջանի իշխանութիւնները ճիշդ գործ կատարած են` մեր պաշտելի լեզուին համար նոր ուղղագրութիւն մը ստեղծելով:
Թերեւս կը սխալինք, բայց կը հաւատանք, որ Հայաստանն ալ օր մը, ուշ կամ կանուխ, պիտի վերադառնայ մեր դասական ուղղագրութեան:
«Մարմարա»