Դէպի ո՞ւր կþերթայ Լիբանանը: Անորոշութիւն եւ անիշխանականութիւն կը տիրէ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու ապահովական մակարդակներու վրայ: Ազգային հեղինակաւոր դէմքերու սով կþապրի երկիրը: Զիրար միացնող գործօնները կը նուազին աստիճանաբար: Մագլցողական ոճը կը բարձրանայ, բեւեռացման թելերը կþընդլայնին, քաղաքական իւրաքանչիւր հոսանք իւրովի կը վերլուծէ երեւոյթները, կը մեկնաբանէ նեղ պարունակի մէջ, ոչª ազգային յայտարարի վրայ:] Լիբանանցիները մխրճուած են արեւմտեան ու շրջանային պետութիւններու խաչմերուկներուն մէջ եւ անոնց դատը կը պաշտպանեն լիբանանեան հողին վրայ, լիբանանեան պետութեան դէմ: Իսկ ո՞վ պիտի պաշտպանէ Լիբանանը արտաքին ուժերէն, միջամտութիւններէն: Վստահաբար ոչ սնանկացած պետութիւն մը, սպառած քաղաքական միտքը, համայնքային շահադիտութիւնը:
Յաճախ կը հարցնեն. ինչո՞ւ կը գաղթէ երիտասարդութիւնը: Ինչո՞ւ ուղեղներու հոսքը արտերկիր: Պատասխանը որքան ցաւալի, նոյնքան իրաւª պետականութեան հասկացողութիւնը խորթ է լիբանանցիին: Առաջնայնութիւնը կþերթայ օտարի ծառայութեան, յանուն հատուածական ու համայնքային շահերու: Տեղի ու անտեղի, բոլորը Մ. Նահանգներու, Լիպիոյ, Թունուզի, Եգիպտոսի, Ս. Արաբիոյ, Իրանի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ այլոց շահերուն պաշտպաններն են ափ մը Լիբանանին մէջ: Հետաքրքրուող անգամ չկայ Լիբանանի մռայլ քաղաքական ու տնտեսական ապագային մասին: Ցաւով կը գրենք այս տողերը, որովհետեւ Լիբանան կþապրի իր պատմութեան ամենածանր մէկ հանգրուանը:
Սուրիոյ ներքին զարգացումները իրենց ծանր ներազդեցութիւնը կþունենան լիբանանեան տնտեսութեան եւ քաղաքական իրավիճակին վրայ: Հակառակ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ներկայացուցած փայլուն ցուցանիշներուն, պատկերը մռայլ է: Երկրին զբօսաշրջութեան ու առեւտրական մարզերը վիրաւոր թուանշաններ կը փոխանցեն պետական պիւտճէին: Վերլուծութիւնները եւ նախատեսութիւնները կը հետեւցնեն, որ ժամանակի կը կարօտին տնտեսական բարեկարգումները: Այսօրինակ թէժ պայմաններու մէջ միասնականութիւն կþակնկալուի լիբանանցիներէն, համախմբուիլ սեղանի մը շուրջ եւ հաւաքական քայլերով լուծումներ գտնել, առկայ տարակարծութիւններուն: Լիբանանցիներուն պարտի յստակ ըլլալ հետեւեալը, թէ որքան ալ անկեղծ ըլլան Սուրիոյ վարչակարգը պաշտպանելու անոնց զգացումները եւ հակառակը, միեւնոյնն է, իրենց տենդագին պաշտպանութիւնը եւ հակաքարոզչութիւնը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Սուրիոյ զարգացումներուն վրայ: Սուրիոյ ժողովուրդը ինք պիտի որոշէ իր ճակատագիրը, ոչ մենք, ոչ Թուրքիան, ոչ Մ. Նահանգները, ոչ ալ ուրիշներ: Չըլլանք պապէն աւելի պապական: Յարգենք Թայէֆի համաձայնագիրին մէջ նշուած զոյգ երկիրներուն միջեւ փոխադարձ անվտանգութիւնը երաշխաւորող յօդուածները: Փորձենք Լիբանանը հեռու պահել Սուրիոյ զարգացումներէն: Ըստ երեւոյթին, Լիբանանի ոչ հեռու անցեալին պատմութիւնը տակաւին բաւական սորվեցնելիք ունի շատերու…:
Իսկապէս մտահոգիչ դարձած է Լիբանանի ներքաղաքական իրավիճակը: Միայն պայծառատեսութեամբ եւ համազգային գիտակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել ցցուող մարտահրաւէրները:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com