Յակոբ Միքայէլեան
Մենք մեծցանք, Եղեռնէն փրկուած մեր ծնողներուն տառապանքի ծանրութիւնը շալկած: Փոխանցեցինք մեր զաւակներուն, առանց որ բան մը պակսէր մեր «բեռ»-էն: Անոնք ալ մեծցան ու իրենք ալ իրենց զաւակներուն փոխանցեցին: «Դրամագլուխ»-էն բան չպակսեցաւ, բայց նախկին փայլքը կորսնցուց, սկսաւ գունաթափիլ:
Անցան տասնամեակներ, բնական մաշումը իր դերը կատարեց: Եղան մարդիկ, որոնք դատապարտեցին ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն նոր սերունդին Ցեղասպանութեան մասին խօսիլը, ըսին թողէք նոր սերունդը մեծնայ հանգիստ, բնական ընթացքով, մի թունաւորէք անոնց ուղեղները…: Թէեւ շատ դրական արձագանգի չարժանացաւ այս կոչը, սակայն կողմնակի ազդեցութուին ունեցաւ, մասնաւորապէս անոնց մօտ, որ «յոգնած» էին «անիմաստօրէն» այս նիւթը ծեծելէն:
Կուսակցութիւններն ու միութիւնները շարունակեցին իրենց գործելաձեւը, ոչ մէկ ընկրկում, կամ թուլութիւն, յատկապէս Ապրիլ 24-ի առթիւ. Մերձաւոր Արեւելքի մէջ` տօնակատարութիւններով, Արեւմուտքի մէջ՝ ցոյցերով եւ յուշագիր յանձնելով առ որ անկ է: Հայ դատի յանձնախումբերը շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը, հասանք մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին պաշտօնական յայտարարութեան, որ ԱՄՆ կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը:
Ուռռա… հրավառութիւն, Ամերիկան վերջապէս ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը, թուրքին մուխը պիտի մարենք: Թուրքը ոչ իսկ ազդուեցաւ, Թուրքիոյ նախագահը «Այս ճանաչումը իրաւական գետնի վրայ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ » ըսաւ, եւ ճիշդ ելաւ ըսածը: Տասնամեակներ ամբողջ երազուածը փուչիկ դուրս եկաւ: Մենք բան չշահեցանք, ընհակառակը 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Թուրքին ու Ազերիին յօխոռտանքին ու ատելութեան կրակին վրայ պենզին լեցուեցաւ ու մէկը միւսին ետեւէն զիջումներու պահանջքներու ցանկը այնքան լեցուեցաւ, որ թուղթը ձգած սկսան քարտէսին վրայ նշել պահանջուած նոր տարածքները:
Խաղաղութեան սիրոյն երեխաներուն ուղեղները չթունաւորելու կոչ ընողներ, տեսա՞ք թէ ինչպէս կը դաստիարակեն իրենց դպրոցականները Ատրպէյճանի մէջ: Չորրորդ դասարանի երեխային կը սորվեցնեն կացինով սպանել հայը… դասին կողքին ալ գծանկար մը, թէ ինչպէս տասը տարեկան աղջնակ մը կացինով կը հարուածէ հայը, որ ձեռք բարձրացուցած է ազերիի մը վրայ: Այդ երեխաները պիտի մեծնան հայուն հանդէպ մահացու ատելութիւնը պահելով եւ իրենք ալ, իրենց կարգին, իրենց երեխաներուն փոխանցելով: Ատրպէյճանի մէջ կը հոլովուի, թէ հայ մը սպանողը հերոս կը հռչակուի, եւ հաւանաբար ալ երկինքի մէջ շարան մը կոյսերու կ՛արժանանայ:
Մենք ի՞նչ կ՛ընենք, Սփիւռքը՝ էկ կողմ, մենք հոս, Հայաստանի մէջ ի՞նչ կ՛ընենք: Ամէն օր քայլ մը ետ կ՛երթանք, կը նահանջենք: «Առանց նախապայմաններու» երկխօսութիւնները պայմաններով լեցուեցան, ամէն օր նոր պայման մը: Հակադարձութիւնը կարծես թէ արգիլուած է, ոչխարի պէս կ՛ընդունինք անոնց պահանջքները, նոյնիսկ արգիլելով որ Աղաւնոյի տանտէրերը հրդեհի տան իրենց տուները… Պէտք է թշնամին դիմաւորենք բարեկամի պէս, չէ՞ որ քրիստոնեայ ենք: «Սիրէ թշնամիդ անձիդ պէս»…
Ափսոս Զէյթունի, Սասունի, Վանի, Այնթապի, Ուրֆայի հերոս նախնիներ, իրաւունք ունիք մեզ անիծելու ձեր երկնային կցարաններէն: Այսքան նուաստանա՞լ… ո՞ւր մնաց «հպարտ հայը»:
Երկիրը կը վխտայ հայ եւ օտար այցելուներով, հիւրանոցները, վարձու բնակարաններն ու կացարանները տեղ չկայ: Ճաշարանները լեցուն, ճեմայգիները լեցուն, կեանքը հեզասահ կ՛ընթանայ մայրաքաղաքին մէջ: Ո՞վ կ՛ըսէ որ այս վայրկեանին Արցախի հեռաւոր մէկ գիւղին մէջ, տանտէրը բանալին կը դարձնէ կղպանքին մէջ, կը խաչակնքէ դրան վրայ, ճամպրուկները բեռցուցած կառքին վրայ, վերջին անգամ կը նայի իր տան ու պարտէզին ու բաճկոնին թեւով աչքերը կը սրբէ:
Ճաշասրահին մէջ դուդուկը կու լայ, գինիէն կարմրած այտերով սեղանապետը բաժակը կը նորոգէ ու դժուարութեամբ ոտքի ելլելով, մեր աննման Հայրենիքին կենացը խմել կ՛առաջարկէ:
Պատկերաւոր պատմութիւն հայոց…
(ԱԶԳ, 26-8-2022)