ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Քսան տարի շարունակ Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու վարչակարգին միլիառներու ներդրումը փաստօրէն ապարդիւն դուրս եկաւ:
Միացեալ Նահանգներ` աշխարհին փտածութեան եւ ժողովրդավարութեան դաս տուողը:
Միացեալ Նահանգներ` աշխարհի ամէն մէկ անկիւն կատարուածին մասին ըսելիք եւ ընելիք ունեցողը:
Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութիւնները վստահեցուցած էին, որ աֆղան բանակը 90 օր կրնայ դիմադրել թալեպաններուն:
Ի՞նչ պատահեցաւ:
Ինչո՞ւ պատահեցաւ:
Ինչպէ՞ս պատահեցաւ:
Փտածութեան արդիւնք չէ՞ այս ձախողութիւնը:
Սխալ ներդրում, սխալ կանխատեսում, սխալ հեռանկար, սխալ քաղաքականութիւն:
Ճիշդ մարդիկը ճիշդ տեղը չապահովելով` փաստօրէն, այսօր առանց մէկ կրակոցի իսկ, Աֆղանիստանը քսան տարիներ ետք թալեպաններուն յանձնուեցաւ:
Միլիառներու ներդրում, հազարաւոր զինուորներու նահատակութիւն, կրթական, առողջապահական, ընկերային, մարդկային, մշակութային եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններու մսխում` հասնելու համար այս արդիւնքին:
Հաշուետուութիւն չկա՞յ: Փտածութիւն չէ՞: Ուրիշ ի՞նչ կարելի է անուանել այս պատահածը, եթէ ոչ` քաղաքական ձախողութիւն:
Իրաքի եւ Աֆղանիստանի բանակներու քանդումը փաստօրէն սխալ արդիւնքներ տուաւ: Փաստօրէն, կարելի չէ երկրի մը բանակը քանդել` իշխանութիւն ձեռք ձգելու համար:
Մանաւանդ երրորդ աշխարհամասի մէջ այսօր նոր բանակ կազմելը, զօրացնելը եւ յատուկ նպատակներու համար օգտագործելը շատ աւելի դժուար է, քան եղածը պահելն ու հզօրացնելը:
Այսօր Իրաքի եւ Աֆղանիստանի օրինակները բաւարար են ցոյց տալու, որ բանակը իր նոր դիմագիծով եւ ենթակառոյցով շատ թոյլ եւ տոկուն ուժ չէ: Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ օրինակները բոլորովին տարբեր են: Երկու երկիրներն ալ իրենց բանակը պահեցին եւ այդ պատճառով ալ, բանակի հրամանատարութեան փոփոխութեամբ, կրցան մարտունակ ու տոկուն բանակ ունենալ: Անշուշտ արտաքին նեցուկի գործօնը շատ կարեւոր է:
Միացեալ Նահանգները այսօրուան դրութեամբ, դաս տալու փոխարէն, դաս առին թալեպաններէն:
Կարելի չէ հաւաքականութիւններու կամքը ոտնակոխել: Կարելի չէ ժողովրդավարութեան լոզունգով ժողովրդային ենթահող ունեցող ուժ մը ոչնչացնել:
Քաղաքականութեան մէջ ոչնչացնել չկայ: Ընդհակառակը, փոխզիջումով եւ զիրար ընդունելով կարելի է ունենալ աւելի պայծառ ապագայ:
Փաստօրէն, Պաղեստինի, Լիբանանի, Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ միշտ ալ ընթացքը եղած է այնպէս, որ` կա՛մ մեզի հետ, կա՛մ մեզի դէմ պէտք է ըլլալ, իսկ եթէ դէմ է` յանուն ժողովրդավարութեան ոչնչացման քաղաքականութեան հետ է ուրեմն:
Կը հաստատեմ, որ նախօրօք արդիւնքները յայտնի են, աւելորդ ճիգ թափելու կարիք չկայ: