ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 2015-ի Յունիս 16-ին «Սարգսեանն ընդդէմ Ատրպէճանի» եւ «Չիրաքովն ընդդէմ Հայաստանի» գործերով միաժամանակեայ վճիռ կայացուց` արձանագրելով, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը խախտած են իրաւունքները փախստականներուն, որոնք լքած էին իրենց տուները արցախեան հակամարտութեան ժամանակ:
Սակայն Ատրպէյճանի պետական պաշտօնեաներն ապակողմնորոշած են իրենց քաղաքացիները` յայտարարելով, որ Ատրպէյճանը յաղթած է, իսկ Հայաստանը` պարտուած:
Ահա երկու դատական գործերուն մանրամասնութիւնները. 2005ի Ապրիլ 6ին վեց ատրպէյճանցի քիւրտեր համատեղ բողոք ներկայացուցած էին Եւրոդատարան ընդդէմ Հայաստանի: Անոնք պնդած էին, որ 1992-ին հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան ժամանակ ստիպուած լքած էին իրենց տուները, երբ հայկական զօրքերը յարձակած էին Լաչինի վրայ, որ Հայաստանը կը բաժանէր Արցախէն: Ատրպէյճանցի փախստականները պնդած էին, որ Հայաստանը խախտած էր Եւրոպական համաձայնագիրով ամրագրուած իրենց իրաւունքները. 1) սեփականութեան պաշտպանութիւն, 2) անձնական եւ ընտանեկան կեանքի նկատմամբ յարգանքի իրաւունք, եւ 3) արդիւնաւէտ հատուցման իրաւունք:
2006-ի Օգոստոս 11-ին Մինաս Սարգսեանը նմանատիպ բողոք մը ներկայացուց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` ընդդէմ Պաքուի: Ան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան խախտած է իր իրաւունքները, նոյն իրաւունքները, որոնց մասին կը պնդէին վեց ատրպէյճանցի փախստականները, քանի որ ան եւս 1992 թուականին ստիպուած էր փախչելու Շահումեանի շրջանի Գիւլիստան գիւղէն, որ կը վերահսկուէր Ատրպէյճանի կողմէ:
Երկու կողմերն ալ խնդրած էին վերականգնել իրենց սեփականութեան իրաւունքը եւ պահանջել արդար փոխհատուցում:
2010-ի Մարտին, քանի մը տարուան անգործութենէ ետք, դատարանը երկու գործերը յանձնեց քննութեան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Վերին պալատին, որ կազմուած է 17 դատաւորներէ` Հայաստանէն, Անտորայէն, Ատրպէյճանէն, Խորուաթիայէն, Կիպրոսէն, Իսլանտիայէն, Իտալիայէն, Սպանիայէն, Լաթվիայէն, Լիխտենշտայնէն, Լիթվիայէն, Լիւքսամպուրկէն, Մոնաքոյէն, Փորթուգալէն, Ռումանիայէն, Սլովենիայէն եւ Ուքրանիայէն: Վերին պալատի որոշումները վերջնական են եւ բողոքարկման ենթակայ չեն:
Այս գործերը առաջին անգամ դատարան ներկայացուելէն մէկ տասնամեակ անց Վերին պալատը 2015-ի Յունիս 16-ին երկու միանման դատավճիռ կայացուց` համարելով, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը խախտած էին իրարու փախստականներու իրաւունքները: 221 էջէ բաղկացած ծաւալուն փաստաթուղթին մէջ, ներառեալ` երկու դատավճիռները եւ հակասող ու համընկնող տեսակէտները, Դատարանը որոշեց, որ 20-ամեայ խաղաղ բանակցութիւնները չեն ազատեր երկու երկիրներու կառավարութիւններուն հարիւր հազարաւոր փախստականներու իրաւունքները պաշտպանելու իրենց պատասխանատուութենէն: Վերին պալատը նշեց, որ Դատարանին մէջ ընթացքի մէջ են աւելի քան հազար անհատական դիմումներ, որոնք ներկայացուած են Արցախեան հակամարտութեան ժամանակ տեղահանուած հայերու եւ ատրպէյճանցիներու կողմէ:
Վեց ատրպէյճանցի հայցուորները կը պնդեն, որ իրենք կրած են 9 միլիոն տոլար վնաս եւ 330 հազար դոլար ոչ դրամական վնասներ: Անոնք իրենց դատական ծախսերը գնահատած են մօտ 65 հազար տոլար` 2013-ի Հոկտեմբերի դրութեամբ: Ատրպէյճանցի հայցուորներուն ներկայացուցիչները կը պահանջեն փորձագէտ նշանակել իրենց յաճախորդներուն կրած ընդհանուր վնասը գնահատելու համար:
Միւս կողմէ, հայցուոր Մինաս Սարգսեանը փոխհատուցում պահանջած է իր ունեցուածքին դիմաց, ներառեալ` իր տուն վերադառնալու իրաւունքը: Ան 415 հազար տոլար դրամական վնասի եւ 210 հազար դոլար ոչ դրամական վնասի պահանջ ներկայացուցած է` ի լրումն չնշուած դատական ծախսերը:
Դատարանը, ընդունելով այս երկու գործերուն «բացառիկ բնոյթը», վերջնական որոշում չէ կայացուցած փոխհատուցման գումարի կամ «արդարացի գոհացման» վերաբերեալ: Վերին պալատը խնդրած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններէն եւ համապատասխան հայցուորներէն 12 ամսուան ընթացքին «գրաւոր ներկայացնել իրենց դիտողութիւնները այս հարցին վերաբերեալ» եւ «ծանուցնել դատարանին` ձեռք բերուած որեւէ համաձայնութեան մասին»:
Ըստ ինծի, Եւրոդատարանի զուգահեռ որոշումները նպատակ ունէին ճնշում գործադրելու երկու երկիրներու կառավարութիւններուն վրայ` արագացնելու համար խնդրի կարգաւորումը բանակցութիւններու միջոցով, որ կրնայ լուծել մնացած բոլոր հարցերը, որոնց շարքին` փախստականներու իրաւունքները:
Այս դատական գործերու առաւել կարեւոր, բայց անսպասելի արդիւնքներէն էին երկու գրաւոր տեսակէտները, իւրաքանչիւրը` բաղկացած 25 էջերէ, որոնք դատաւոր Փաուլօ Փինթօ տը Ալպուկերկէն (Փորթուգալ) կցած էր դատարանի վճիռին` ներկայացնելով շատ լուրջ իրաւական հիմքեր Արցախի անկախութեան համար. «Որեւէ ժամանակ, երբ երկրի բնակչութեան մէկ մասը ներկայացուած չէ իր կառավարութեան կողմէ եւ բնակչութեան իրաւունքները շարունակաբար կը խախտուին իր սեփական կառավարութեան կողմէ… զոհ դարձած բնակչութիւնը «որպէս մէկ վերջին միջոց` կրնայ դիմել ապստամբութեան ընդդէմ բռնակալութեան եւ ճնշումներու»` ըստ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի նախաբանի հզօր ձեւակերպման»: Դատաւորը նաեւ գրած է, որ երբ պետութիւնը շարունակաբար կ՛ոտնահարէ իր կազմէն դուրս եկած բնակչութեան իրաւունքները, ապա մէկ այլ պետութեան համար օրինական է ռազմական գործողութեան ձեռնարկումը` ի նպաստ անջատուած բնակչութեան, վերջինիս կողմէ իր տարածքին մէջ վերահսկողութիւն հաստատելէ եւ իր անջատումը հռչակելէ ետք:
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը