ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Նախկին վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան` խորհրդարանի կողմէ վստահութեան քուէ ստանալէն ետք, 23 յունուար 2020-ին «Ժողովուրդին վստահութիւնը` խորհրդարանի վստահութենէն առաջ» խորագիրով յօդուածով մը, նոյն այս սիւնակներէն կը ճշդէինք Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքը կառավարութեան նկատմամբ եւ կ՛արձանագրէինք մեր ակնկալութիւնները այդ օրերուն նորակազմ կառավարութենէն:
Երկուշաբթի օր կայացած խորհրդարանի նիստի ընթացքին, նոյն կեցուածքը որդեգրեց Հայկական երեսփոխանական պլոքը, որուն անունով երեսփոխան Յակոբ Թերզեան իր խօսքը եզրափակեց «Ժողովուրդին վստահութիւնը` խորհրդարանի վստահութենէն առաջ»:
13 երկար ամիսներու սպասումէն, 2 վարչապետներու նշանակումէն եւ դերաթողումէն ետք, նախկին վարչապետներու ակումբի անդամ Նեժիպ Միքաթի ի վերջոյ յաջողեցաւ կազմել իր կառավարութիւնը, որ երկուշաբթի օր ներկայացաւ խորհրդարան եւ ստացաւ վստահութեան քուէ:
Երկար պիտի չըլլայ այս կառավարութեան կեանքը: Առաւելագոյնը` մինչեւ 2022 մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններ, բացի եթէ դարձեալ անակնկալներ պարտադրուին:
Խորհրդարանի նիստն ալ երկար չտեւեց: Անցեալի ժողովներուն բաղդատած ոչ առաւել քան տասը ժամ տեւած նիստին, արտայայտուող եւ վստահութեան քուէի կողմնակից երեսփոխաններուն արտայայտութեանց հասարակ միակ յայտարարը հետեւեալն էր. «Կառավարութեան մը գոյութիւնը չգոյութենէն աւելի լաւ է, եւ պէտք է յուսալ»: Մնացեալը` արտայայտուելու ոճ, քիչ մը շպար, յաւուր պատշաճի վէճեր, վստահութեան քուէ տալու ամօթխած պատճառաբանութիւններ: Կային անշուշտ երդուեալ ընդդիմադիրներ կամ երեսփոխաններ, որոնց համար նիստը առիթ էր հեռատեսիլի եթերին վրայ յառաջիկայ ընտրութիւններուն յաւելեալ քուէարկող ապահովելու:
Եւ խաղը վերադարձաւ զերօ կէտ:
Յունուար 2020-ին Տիապի կառավարութեան համար սեւով ճերմակի վրայ կ՛արձանագրէինք.
«Իսկ հիմա, պահն է լրջութեան եւ զգօնութեան:
Կառավարութիւնը պարտի խորհրդարանի վստահութեան քուէէն առաջ արժանանալ ժողովուրդի վստահութեան:
Յստակ, ճշգրիտ, անպաճոյճ եւ լուրջ գործադրելի որոշումներով, բայց մանաւանդ արագ քայլերով:
Կառավարութեան առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է այսօր գործադրել ժողովուրդի պահանջները իրականացնող անյետաձգելի ծրագիրներ:
Պայքար` փտածութեան եւ մսխումի դէմ:
Պայքար` դրամատէր կէտերու դէմ:
Վերադարձ` պետական գանձի իւրացուած հարստութեան:
Արտադրողական տնտեսութեան վերականգնում:
Ուժեղացում` երիտասարդութեան եւ կիներու:
Յարգանք` քաղաքացիի իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն:
Պաշտպանութիւն` քաղաքացիի եւ հայրենիքի անվտանգութեան»:
Փաստօրէն սակայն, ո՛չ ցասկոտ ժողովրդային շարժումը, ո՛չ նոյնինքն կառավարութեան մաս կազմող ուժերը, ո՛չ արաբական եւ ո՛չ միջազգային ուժերը արտօնեցին, որ իրականանան վերոյիշեալ պահանջները: Իւրաքանչիւրը իր պատրուակներով իր շահերէն մեկնած, ներքին թէ արտաքին կապուածութեամբ, նաեւ կարգ մը նախարարներու անփոյթ վարմունքով ձախողութեան մատնեցին կառավարութիւնը:
Իսկ այսօր, ժողովուրդը հասաւ այն մակարդակին, որ մոռցաւ մեծ պահանջները: Հաց, ելեկտրականութիւն, վառելանիւթ, դեղ վերածուեցան «գաղափարաքաղաքական» պայքարի, ու արտաքին ուժերու համաձայնութեամբ Նեժիպ Միքաթի կազմեց կառավարութիւն:
Դարձեալ պարտաւոր ենք յուսալ:
Ու դարձեալ մենք կը մնանք նոյն դիրքին վրայ:
Կարեւորը ժողովուրդին վստահութիւնն է:
Առանց այդ վստահութեան, ո՛չ կառավարութիւն կ՛ապրի, ո՛չ պետականութիւն, ո՛չ ալ հայրենիք:
Ճիշդը մեր կեցուածքն է:
Մեր պահանջը պարզ քաղաքացիին պահանջն է:
Ամուր եւ գերիշխան պետութեան պահանջն է:
Օրէնքի պետութեան պահանջն է:
Եւ միշտ անկախ Լիբանանի մը պահանջն է, որուն որոշումները կ՛ըլլան բացարձակին մէջ լիբանանեան եւ ոչ թէ արտաքին ուժերու կողմէ գրուած: