Քրիսթին Հալաճեան (11րդ Գիտական Դասարան)
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, 10-րդ եւ11-րդ դասարանները միասնաբար մասնակցեցան դպրոցական պտոյտին՝ դէպի «էրզ», «Պշարրի»: Թէեւ ճամբան երկար ու հոգնեցուցիչ էր, սակայն բոլորս բարձր պահեցինք մեր տրամադրութիւնը:Պտոյտին առաջին փուլը եղաւ «Խալիլ Ժըպրան»ի թանգարանը, ուր ծանօթացանք մեծ բանաստեղծին բազմաթիւ ու հոյակապ նկարչական ստեղծագործութիւններուն եւ անոր իսկական արժէքը հասկցանք: Ժըպրանի շիրիմն ալ այդ թանգարանին մէջ կը գտնուէր, եւ հոն մարդ արարածը կը զգար Ժպրանի ներկայութիւնը: Ապա այցելեցինք անոր քարաշէն բնակարանը ուր կը գտնուէին իր գործածած առօրեայ իրերն ու կահ-կարասիները:
Քանի մը խմբային նկարներ առնելէ ետք՝ ուղղուեցանք դէպի «Էլ Էրզէ» ճաշարան, որուն կողքին կը գտնուէր «Էրզ»ի արգելավայրը (Arz Nature Reserve). մեծամասնութիւնը ուղղուեցաւ ճաշարան, իսկ մնացեալը նախընտրեց նախ շրջիլ ու իր նախընտրած նուէրները գնել իր սիրելիներուն համար: Քիչ մը հանգչելէ ետք, այցելեցինք «Էրզ» ի անտաոը. Վայելեցինք մաքուր օդը, լոութիւնը, որ ամէն տեղ տիրած էր, եւ զգացինք ծառերուն սրտին զարկը: Այս գեղեցկութենէն ներշնչուեցանք ու կրցանք մեր հոգերը մի քանի վայրկեան մոռնալ, հեռու քաղաքի աղմուկէն ու իրարանցումէն: Մի քանի նկար եւս նկարուեցանք, թէեւ բնութեան գեղեցկութիւնը չենք կրնար ամփոփել անշարժ նկարի մը մէջ: Դրական տրամադրութեամբ վերադարձանք տուն: Անշուշտ, այս բոլորը չէին իրականանար առանց Տիկին Շողիկ Տարաքճեանի ճիգին, որուն կ’ուզենք ամբողջ սրտով շնորհակալութիւն յայտնել՝ այս անմոռանալի առիթը ստեղծելուն համար: