«Զինուժ մեդիա»-ի հետ Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանի ունեցած զրոյցի ընթացքին, Տոնոյեան զգուշացուց՝ եթէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան համար Արցախի բնակավայրերը թոյլատրելի մարտական գործողութիւններու վայր դառնան, ապա Ազրպէյճանի համար սարսափելի հետեւանքներ պիտի ունենան:
Ան նաեւ ընդգծեց, թէ Հայաստանի հանրապետութեան տարածութենէն որեւէ հեռահար ռմբակոծում կամ հրթիռներու օգտագործում չէ կատարուած տակաւին…
Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը դարձեալ կը ռմբակոծեն Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: