Արցախի հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Բաբայեան յայտնեց, թէ սահմանագիծին վրայ մարտական գործողութիւններուն ընթացքին տասը զինուորներ նահատակուած են: « Իմ մօտ հասած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ տասը հոգի զոհ ունինք, զինուորական». յայտնեց Բաբայեան: Ան աւելցուց, թէ Ազրպէյճան լուրջ վնասներ կը կրէ իւրաքանչիւր վայրկեան: Մեր յաղթանակը պէտք է ըլլայ ան, որ թշնամին պարտադրուած ստորագրէ ու աւարտէ». յայտարարեց Բաբայեան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ուղերձ մը յղեց, որուն մէջ նշեց, թէ Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը վճռական հակահարուածներով կը կասեցնէ թշնամիին յառաջխաղացման բոլոր փորձերը՝ թշնամիին պատճառելով ծանր կորուստներ:
Տոնոյեան նշեց, թէ Հայաստանի հանրապետութեան զինուած ուժերը հանդիսանալով Արցախի պաշտպանութեան երաշխաւորը, պատրաստ են ցուցաբերելու ցանկացած աջակցութիւն՝ ապահովելու Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը:«.. ազերիական արկածախնդրութիւնը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ թշնամիին համար, պատասխանը պիտի ըլլայ կոշտ, ինչպէս երբեք: Հայկական բանակը անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն կը տիրապետէ՝ հերթական անգամ ջախջախելու հայրենիքի նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարող թշնամիին»:
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան միասնութեան կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին: «.. կոչ կ’ընեմ աղօթելու մեր երկրի անվտանգութեան, յաղթանակի եւ ապահովութեան համար» յայտարարեց Պարգեւ սրբազան: