Մինչ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին սակը կը հասնի 18.600 լ. ոսկիի, Լիբանանի դեղարաններու սեփականատէրերու սենտիքան այսօրուընէ սկսեալ ամբողջ Լիբանանի տարածքին անժամկէտ գործադուլ յայտարարած է, մինչեւ որ առողջապահութեան նախարարութիւնը Կեդրոնական դրամատան հետ համաձայնաբար դեղերու նոր սակացոյցը հրապարակէ:
«Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու առումով սպիտակ ցուցակին վրայ գտնուող երկիրներուն շարքին դասուող Լիբանանը կրնայ վկայել «Քորոնա» ժահրի տարածման երրորդ ալիքը` նկատի ունենալով «Տելթա» տարբերակին Լիբանան ժամանումն ու ահռելի արագութեամբ երկրին մէջ տարածումը:
Այս շրջագիծին մէջ առողջապահութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ այսօր` ուրբաթ, 9 եւ վաղը` շաբաթ, 10 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ «Ֆայզըր» պատուաստը շնորհելու մարաթոն մը` 25-29 տարիքը ամբողջացնող երիտասարդներուն համար, պայմանով որ անոնք 6 մարտ 2021-էն առաջ «Քովաքս» ե-հարթակին վրայ իրենց անունը արձանագրած ըլլան:
Վառելանիւթի տագնապը կը յամենայ եւ այդ տագնապին հաւանական լուծում մը տակաւին չ՛ուրուագծուիր, հակառակ այդ մարզի ներկայացուցիչներուն տրուած խոստումներուն:
Այս շրջագիծին մէջ վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի անդամ Ժորժ Պրաքս յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը խոստացած է լուծել ծովուն բացը գտնուող վառելանիւթ կրող երկու նաւերուն խնդիրը:
Պրաքս նկատել տուաւ, որ եթէ այդ նաւերուն վրայ բեռցուած վառելանիւթը կարելի ըլլայ մինչեւ առաւօտ պարպել, ապա կայարաններուն վառելանիւթը կարելի է տրամադրել յաջորդ օրն իսկ` նպաստելով, որ քաղաքացիներուն պենզին եւ մազութ հասնի:
Միւս կողմէ, Լիբանանի համար միջազգային օժանդակութիւններու համակարգող դեսպան Փիեռ Տիւքան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի հետ:
Քննարկուեցաւ այս ամսուան ընթացքին Փարիզի մէջ կազմակերպուելիք լիբանանցիներու օժանդակութեան միջազգային Գ. խորհրդաժողովը` ներկայութեամբ տարբեր երկիրներու նախագահներուն եւ կառավարական ներկայացուցչութիւններուն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին տնտեսական տագնապը լուծելու իմաստով որդեգրուելիք դասաւորումները, ինչպէս նաեւ ջանքերու մէկտեղումը` կարենալ յաջողցնելու համար խորհրդաժողովը: