Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, թէ 17 օգոստոսին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտող Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի հետ:
Ջերմ եւ բարեկամական զրոյցի աւարտին Հայաստանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց բազմափորձ գործընկերոջ` մաղթելով անոր ամենայն բարիք հետագայ գործունէութեան մէջ: