ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 14 Յունիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Սուրիոյ Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեան իր հաւատարմագիրը յանձնեց Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանին։
«Ինծի համար մեծ պատիւ է Սուրիան ներկայացնել Հայաստանի մէջ: Առաւելագոյն ջանք պիտի ներդրեմ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման համար` ի շահ երկու բարեկամ երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն», յայտնեց Արիսեան:
Նախագահ Վահագն Խաչատրեան շնորհաւորեց դեսպան Նորա Արիսեանը՝ իր պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ եւ նշեց, որ հայ-սուրիական յարաբերութիւնները պատմական բարեկամական հիմքերու վրայ խարսխուած են։
«Վստահ եմ, որ ձեր դիւանագիտական փորձն ու գիտելիքներն իրենց նպաստը կը բերեն հայ-սիրիական յարաբերութիւնների զարգացման գործում», յայտնեց Խաչատրեան։
Երկուստեք կարեւոր նկատեցին հայ-սուրիական բազմոլորտ համագործակցութեան նոր բովանդակութիւն հաղորդելու անհրաժեշտութիւնը, որոնց կարգին՝ գործնական քայլերու ձեռնարկելը մշակութային եւ կրթական նոր ծրագիրներու մշակման ուղղութեամբ: