Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գրականութեան վրայ կու գայ աւելնալու եւ իր մասնայատուկ տեղը ունենալու Յակոբ Արսէնեանի յուշերն ու օրագրութիւնը, մէկտեղուած ՙԴէպի Գողգոթա՚ հատորին մէջ, որպէս Հայկազեան Համալսարանի մատենաշարին առաջին հրատարակութիւնը ՙՇիրակ՚ հրատարակչատունէն գեղատիպ տպագրութեամբ: Հեղինակի թոռնուհինª դոկտ. Արտա Արսէնեան Էքմէքճին, տնօրէնուհի Հայկազեան Համալսարանի արուեստներու եւ գիտութեանց բաժանմունքին, անգլերէնի թարգմանելով խմբագրած է իր մեծ հօր տարագրութեան յուշերը, այդ ձեւով մատչելի դարձնելով հատորի բովանդակութիւնը միջազգային ընտանիքին:
Հատորը կը բացուի հայագէտ Ռէմոն Գէորգեանի յառաջաբանով: Ան հանգամանօրէն կþարժեւորէ գրքի բովանդակութիւնը ու մանաւանդ հեղինակի զարգացած մտքին յատուկ պատումով եւ դատումներով շահուած ճշգրիտ եւ հարուստ տեղեկութիւնները: Ներածական իր գրութեան մէջ Արտա Էքմէքճի կը բնորոշէ իր նպաստը այս հատորի հրատարակութեան մէջ: Թարգմանական գործը ան կատարած է բնագրին հարազատութեամբ եւ անգլերէն լեզուի տիրապետութեամբ եւ շքեղութեամբ: Բացի թարգմանութենէն ան ծանօթագրութիւններով կը հարստացնէ գործը յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելով, աղբիւրները յիշատակելով եւ նաեւ զուգահեռը ընելով իր մեծ հօր յուշերուն մէջ տեղ գրաւած դէպքերուն եւ դէմքերուն, տարբեր յուշագրողներու վկայութիւններուն հետ: Բծախնդիր ու տքնաջան աշխատանքով հաւաքուած սոյն ծանօթագրութիւնները արժէքաւոր յաւելում են գործի վաւերականութեան եւ բանասիրական լուրջ աշխատանքին: Յաւելում մըն է հատորին համար Արտա Էքմէքճիի կատարած ճանապարհորդութիւններուն նկարագրականները, որոնք զետեղուած են յուշերու բաժնին սկիզբն ու վերջը: Առաջինըª առաքելութիւնն է իր ամուսնին հետ 2002-ին դէպի Նիքօմիտիա-Իզմիթ, Ատապազար եւ Օվաճիգ,- իր մեծ հօր ծննդավայրը: Իսկ վերջաբանով դէպի Տէր Զօր ուխտագնացութիւնը Հայկազեան Համալսարանի կազմակերպութեամբ: Այս ձեւով ան իր սեւեռակէտը կը դարձնէ իր մեծ հօր ծնունդը հանդիսացող քաղաքներն ու շրջանը եւ հայ ժողովուրդի սպանդը գուժող Տէր Զօրը: Հոն ալ պիտի աւարտէր իր մեծ հօր ու ընտանիքի անդամներու կեանքը, եթէ դիպուածով մը Երուսաղէմ չհասնէին անոնք, շնորհիւ Յակոբ Արսէնեանի ասպարէզով դեղագործ ըլլալուն: Եթէ Արտա Էքմէքճիի առաջին այցելութիւնը լեցուն է յոյսով եւ կարօտով, իր նախնիքներէն յուշի բեկոր մը, գերեզմանաքար մը, գրութիւն մը գտնելու երազով, կամ մեծ հօրը դեղարանը կանգուն տեսնելու փափաքով, բայց կը յանգի իր ապրած յուսախաբութեան: Երկրորդը լեցուն է յուզումով, արցունքով ի տես բլրացած հայու բեկորներու ոսկորներուն, եւ հոն կանգնած եղեռնի զոհերուն նուիրուած յուշակոթողին: Հատորը կը բովանդակէ նաեւ արժէքաւոր քարտէսներ, նկարներ, վաւերական ձեռագիրներ, որոնք Արտա Էքմէքճիի մեծ խնամքով զետեղուած են, որպէս յաւելում, յուշերու այս գիրքին մէջ: Յակոբ Արսէնեանի կեանքի ժամանակագրութիւնը պատրաստուած է բծախնդրութեամբ ինչպէս նաեւ այբբենական ցուցակը յիշատակուած անուններու, դէպքերու եւ դէմքերու: Կցուած են նաեւ գաղթականութեան պաշտօնական յայտարարութեան եւ այլ նիւթերու վաւերաթուղթերը: Հատորը օժտուած է ամբողջական մատենագիտութեամբ: Կայ տակաւին Յակոբ Արսէնեանի ներածականը եւ ձեռագիրը, նիշերն ու վկայականները հայկական դպրոցէն եւ Իսթանպուլի համալսարանէն: Կարեւոր յաւելում են իւրաքանչիւր գլխու սկիզբը զետեղուած մէջբերումները հեղինակներէ եւ յուշագրողներէ որոնց միտք բանին կը պատշաճի տուեալ գլուխի բովանդակութեան: Կան նաեւ յատկանշական նկարներ եւ խմբանկարներ հեղինակին, անոր ընտանեկան շրջանակին եւ այլեւայլ դէմքերու եւ վայրերու վերաբերեալ: Հատորի խմբագիր Արտա Արսէնեան Էքմէքճիի մանրակրկիտ եւ սպառիչ աշխատանքին արդիւնքն են այդ բոլորը, որը ան ձօնած է իր մեծ հօր թոռներուն եւ ծորերուն, որոնք կը կազմեն Արսէնեան գերդաստանի 4-րդ սերունդը: Այս սերունդի տղաքն ու աղջիկներն են որ տէր պիտի կանգնին իրենց մեծ հօր ձգած ժառանգութեան: Այդ կը նշանակէ իրենց հաւատարմութիւնը պիտի յայտնեն զօրավիգ կանգնելու ցեղասպանութեան զոհ գացած միլիոնաւոր նահատակներու արդար դատին:
Գիրքը ունի 2 բաժիններ, առաջին մասը կ’ընդգրկէ 1880-1919-ի յուշերը, իսկ երկրորդը, 1919-1940-ական թուականներու պատումները: Առաջին գիրքը կը բնորոշուի գաղթականութեան տխուր առօրեայով եւ անծանօթ ապագայով: Յուզիչ է թէ ինչպէս Յակոբ Արսէնեան Օվաճիգէն շոգեկառք առած պահուն վերջին անգամ ըլլալով նայուածք մը կը նետէ ինչ-ինչ զոհողութիւններով մէջտեղ բերած իր դեղարանին վրայ, անգամ մը եւս զայն չկարենալ տեսնելու տառապանքը ապրելով: Երկրորդ գիրքը կը բովանդակէ Պաղեստինի եւ շրջակայ երկիրներու մէջ իր ունեցած փորձառութիւններուն մասին յուշերը, որոնք պատմական նշանակութիւն կը զգենուն իրենց արծարծած նիւթերով եւ ընդգրկած ժամանակաշրջանով: Պաղեստինի մէջ ծայր տուած խռովութիւններն ու պատերազմական վիճակները Յակոբ Արսէնեան նկարագրած է իր օրագրութեան մէջ: Ան կը հանդիսանայ վաւերական վկայութիւն մը արաբ-հրեայ բախումներուն, երկու համաշխարհային պատերազմներու միջեւ ինկած ժամանակահատուածին:
Ստորեւ իր շահեկանութեան համար կու տանք գրքին բովանդակութեան հիմնական մասերէն:
Յուլիս 26, 1915 թուականը Յակոբ Արսէնեանի եւ բազմաթիւ հայորդիներու համար կը նշէ դէպի Տէր Զօր սպանդանոց երթը: Իզմիրէն դէպի Գոնիա առաջին հանգրուանը կը հանդիսանայ, երբ Գոնիայի ժողովուրդը տակաւին չէ տեղահանուած: Մնայուն գնացքի մէջ էին գաղթականները եւ երբ կը հասնէին կայարան մը ուր վրանները լարելով քիչ մը պիտի հանգստանային, ժանտարմները թոյլ չէին տար եւ մտրակի հարուածներով կը հրահանգէին շարունակել ճամբորդութիւնը: Անոնց նպատակն էր կարելի եղած չափով անհանգստացնել տեղահանուած հայերը, որոնք ուշ կամ կանուխ արդէն իսկ ճակատագրուած էին մահուան: Կիզիչ ամառնային արեւուն դիմաց, ջուրի եւ զովութեան կարօտը կը քաշէին:
Այս փորձառութիւնները պատմող Յակոբ Արսէնեանը շրջահայեաց էր, սուր դիտող եւ դէպքերը վերլուծող ու մեկնաբանող: Ան կը նախատեսէր ապագան եւ կ’ուզէր ըստ այնմ կարգադրութիւններ ընել կարելի բոլոր միջոցներով: Բոլորին բարիքը մտածելով հանդերձ միշտ ալ նկատի ունէր իր անմիջական ընտանիքի կարիքները, անոնց ապահովութիւնն ու բարօրութիւնը, որոնք առաջնահերթ էին Յակոբ Արսէնեանի համար:
Անհանդուրժելի եւ անմարդկային պայմաններու մէջ կը գտնուէին գաղթականները իրենց առօրեայ կենցաղին մէջ: Ոստիկանները յաճախ կու գային յանկարծակիօրէն, դրամ հաւաքելու համար: Անոնց նպատակն էր ժողովուրդին ունեցած գումարներուն տիրանալ, պատրուակելով շոգեկառքի տոմսերու գումարի ապահովումը: Տեղահանուած հայերու խումբերը յաճախ բաց երկինքի տակ կը քնանային առանց ծածկոյթի: Ժանտարմները առաւօտուն ալ կու գային իրենց սուիններով զիրենք ճանապարհ հանելու: Շատեր երանի կու տային իրենց անկողիններուն մէջ մահացողներուն, քանի որ իրենք անօգնական էին եւ տկար ու հիւանդ:
Ինչպիսի հալածանքի կþենթարկէին ոստիկանները գաղթականներուն: Անոնք իրենց ձեռքերով բեռները կառքերու վրայ կը զետեղէին ու կը ստիպէին որ ճամբայ իյնան, անշուշտ կառքերուն վարձքերը պարտադրաբար գանձելով: Հայ կիները դժգոհ այս դրութենէն պոռթկումով կþարտայայտուէին, որ այս ճամբան շարունակելու պարտադրանքը վերջ պէտք է գտնէ: Տակաւին աւազակախումբեր կու գային ոստիկանի տարազ հագած եւ իրենք եւս կը ստիպէին գաղթականներուն երթալու անորոշ ուղղութիւններով: Ասոնք եւս կաշառք կը պահանջէին իրենց մտադրութենէն հրաժարելու համար:
Անվերջանալի ճամբաներուն վրայ կը նկատուէին շրջուած կառքեր, որոնց մէջէն ընտանիքները պարպուած հետիոտն կը շարունակէին ճամբան: Արագօրէն փուլ եկած գաղթակայաններու վիճակը, անտանելի կը դառնար տեղատարափ անձրեւներու պատճառաւ:
Իսլահիյէի շրջանը երթալու համար փոխադրութեան միջոցը ուղտեր կ’ըլլային փոխանակ կառքերու, որոնք անգտանելի դարձած էին: Ամէն մէկ ուղտի համար կը վճարուէր 5 մեժիտէյէ: Գիշերով ուր որ հասնէին կը քնանային: Անոնք յաջորդ օրը շարունակելու համար ճամբան հետիոտն, քանի որ ուղտին վրայ կրնային միայն փոքրերը տեղաւորել եւ բեռները դնել, իսկ չափահասները պէտք է քալէին: Կը հասնին Ամանոսի լեռը ու կը մագլցին: Կարծես Գողգոթայի լեռն էր: Կը տեսնեն կին մը որ սառած է իր երեխային կաթ տուած ատեն, իսկ ուրիշներ պարտասած մնացած են լերան լանջին. անկարող շարունակելու իրենց ճամբան: Իսլահիյէի մէջ հայ քահանան ուտելիք կը բաժնէր գաղթականներուն: Մեռնողներուն թիւը շատ բարձր ըլլալուն, գերեզմանափորերը չէին հասներ դիակները թաղելու: Անոնցմէ մէկը մեռած ըլլալով կը պոռայ ՙդեռ մեռած չեմ, զիս մեռնելէս ետք թաղեցէք՚:
Գաղթականներուն Ռաս էլ Այնի դժոխքը կը տանէր շոգեկառքը: Յուսահատութիւնը պատած էր զիրենք վստահ ըլլալով, որ շոգեկառքը զիրենք դէպի մահ կը տանէր: Ախթէրիմի կայարանը երբ կը հասնին, իրենց ապրանքները մէկ կողմ ձգելով ամենակենսականները առած կը շարունակեն ճամբան: Կրկին դրամ կը հաւաքեն ոստիկաններուն համար, որ շոգեկառքի կայարանին մէջ մնան գիշերը: Մինչ այդ ջուրի պակասէն կը տառապին: Վախն ու սարսափը պատած էին զիրենք:
Յակոբ Արսէնեանի ամենացնցիչ փորձառութիւնը կþըլլայ մայրն ու երախայ Նորայրը կորսնցնելը: Մայրը, քալելու անկարող ըլլալով, ետեւ մնացած էր գիրկը ունենալով Նորայրը: Երբ որ 2 օր ետք մայրը կը գտնուի, շատ գէշ վիճակի մէջ, կը բացատրէ թէ ինչպէս զինք 3 անգամ կողոպտած էին եւ ուզած էին փոքրիկը ձեռքէն առնել: Բայց ան քաջաբար դիմադրած էր եւ մանուկը չէր յանձնած:
Մեսքէնէն ամենավահամբաւ վայրն է Եփրատ գետի եզերքը, ամբողջութեամբ անապատ առանց դոյզն կանաչութեան: Հիւանդութիւնը ներկայ էր ամէն ընտանիքի մէջ, ներկայ էին նաեւ տասնեակներով դիակներ: Տիփսի Ապու Հարար ճամբուն վրայ անթաղ մարմիններ շուներու քաշկռտուքին ենթակայ էին: Կար մարմին մը որ կտոր կտոր եղած էր: Հուժկու ժանտարմները սուրերով եւ սուիններով անօթի, պարտասած, հիւանդ գաղթականները յառաջ կը քշէին, անոնք արագօրէն վազելէ ետք կþիյնային: Հինգ-հինգ, տասը-տասը, քսան-քսան վրայ վրայի ինկած կը նշմարուէին ճամբու եզերքին: Ի ուրախութիւն հրէշատիպ ոստիկաններուն եւ կենդանիներուն, որոնք իրենց մարդ որսերը կը յափշտակէին:
Յակոբ Արսէնեանի համբերութեան բաժակը կը յորդի եւ կ’արտայայտէ իր յուսախաբութիւնը Աստուծմէ: Ան հարց կու տայ, թէ մինչեւ ե՞րբ անպատիժ պիտի մնան այս գազան դարձած մարդիկը: Ե՞րբ արդարութիւն պիտի ըլլայ հայ տառապեալ ժողովուրդին: Թէ ինչու Աստուած չի լսեր տառապեալներու աղաչանքը: Թէ ինչու Իթթիհատի նման թշնամի մը կանգնած է որպէս թշնամի հայ ժողովուրդին դիմաց, որպէսզի ոչնչացնէ ամբողջ հայութիւնը: Հաւատացեալները դարձած են սկեպտիկներ եւ ուրացած իրենց հաւատքը: Սակայն յաջորդ օրն իսկ հայ քահանան ծննդեան պատարագ կ’ընէ վրանի մը տակ ու միեւնոյն յուսահատ եւ անհաւատ թուացող մարդիկը Աստուծոյ կը դառնան եւ կþաղօթեն:
Յակոբ Արսէնեան կը ստանձնէ բժիշկ-դեղագործի դերը, բոլորը կը բժշկէ մէջն ըլլալով զինուորականները, դեղերն ալ ձրիօրէն կու տայ հիւանդներուն: Հետաքրքրական է հիւանդներուն մէջ Արսէնեանի հանդիպումը Չէրքէզ ճամբորդի մը հետ որ Տէր Զօրէն կը վերադառնար: Ան կոկորդի բորբոքումէ կը տառապէր ու պատշաճ դեղը տալով Արսէնեան կը բժշկէ հիւանդը, որը իր կարգին կ’ուզէ բարիք մը ընել եւ կը թելադրէ, որ Տէր Զօրի կամուրջը չացնի քանի որ այդ կողմը հայոց գերեզմանոցն է, լեռնացած դիակներով որոնք բլուր կազմած են: Հասցէ մըն ալ կու տայ որպէսզի իրեն օգտակար դառնան Տէր Զօրի մէջ:
Խոր տխրութիւն մը կը տիրէր գաղթակայաններուն մէջ: Ժանտարմները յաճախ կը ծեծէին զիրենք եւ կրակ կու տային վրաններուն, առանց նկատի առնելու հիւանդներն ու փոքրիկները: Ամէն առտու մեռելաթաղերը կու գային մարմինները կը տանէին եւ մեծ փոսի մը մէջ կը լեցնէին: Գաղթականներէն անոնք որ դրամ ունէին կու տային անոնց որպէսզի առանձին-առանձին թաղեն իրենց մեռելները եւ անոնց վրայ ալ քահանայէն կը խնդրէին, որ վերջին աղօթք մը ընէ: Եփրատ գետի եզերքը կը նմշարուի գաղթական մը, որ կարասի մէջի ջուրին մէջ կը թաթխէ իր չոր հացը, կը խաչակնքէ եւ կը նետէ ինքզինքը Եփրատի ջուրերուն մէջ: Շրջապատի մարդիկ նշմարելով ջուրերուն մէջ մարմինը կ’ազատեն զինք: Երբ կը հարցնեն թէ ինչու անձնասպանութեան դիմած էր, ան կը պատասխանէ թէ ինք նիւթապէս եւ ֆիզիքապէս անյոյս վիճակի մէջ է, անապատներու մէջէն քալելու անկարող, ուստի ընելիք չունէր բացի մահը ճաշակելէ: Անշուշտ միեւնոյն Եփրատ գետին մէջ որքան հայուհիներ նետուած են իրենց պատիւը փրկելու համար, որպէսզի այդ գազանացած ոստիկաններուն ձեռքը չիյնան:
14 ամսուան գաղթական կեանքէն ետք 25 Յուլիս 1916 տարին Յակոբ Արսէնեան կը յաջողի նշանակուիլ որպէս զինուորական դեղագործ Երուսաղէմի մէջ, ուր օսմանեան IV-րդ բանակային միաւորը կայք հաստատած էր: Ան շուտով կը բարեկամանայ բժշկական բաժնին մէջ գտնուող հայ բժիշկներու եւ դեղագործներու հետ, որոնք թրքական անուններու տակ կը գործէին: Յատուկ աշխատանքներ կը տանի իր ընտանիքը Մէսքէնէյէն բերել տալու համար, ուր անոնք 6 ամիս մնացած էին: Ի վերջոյ անձամբ ինք կ’երթայ Հալէպ զանոնք փոխադրելու համար Երուսաղէմ: 25 Սեպտեմբեր 1916-ին իր ընտանիքը կը հասի Երուսաղէմ ու կը տեղաւորուի վանքի շրջափակին մէջ ապահով կերպով: Ասկէ 10 ամիսներ ետք Արսէնեան հրահանգ կը ստանայ տեղափոխուելու Դամասկոս: Դժուար բաժանում մը կ’ունենայ իր ընտանիքէն: Հուսկ ապա այլ թուրք սպաներու հետ անգլիական պատերազմական բանտարկեալ կը դառնայ: Սակայն Գահիրէի իշխանութիւններուն ըրած դիմումներուն շնորհիւ եւ Երուսաղէմէն հասած յանձնարարականներով, անպարտ կ’արձակուի 7 Յունուար 1919-ին ու կը վերամիաւորուի իր ընտանիքին Երուսաղէմ:
Պաղեստինի մէջ ան կը պաշտօնավարէ նախ Բեթլեհէմի մէջ եւ ապա 20 տարի Կազայի մէջ, որպէս անգլիական հիւանդանոցի գլխաւոր դեղագործ: Հարուստ փորձառութիւններով լեցուն կեանք մը կը բոլորէ, որոնց արձանագրութիւնները օրը օրին կը պահէ:
Այդ օրերուն 1922-1923-ին Կիլիկիոյ ջարդերը եւ տեղահանութիւնը եւս մղձաւանջ կը դառնան Յակոբ Արսէնեանի համար, յատկապէս եւրոպական երկիրներու եւ Ամերիկայի պահած կրաւորականութեան եւ լռութեան պատճառաւ: Արեւմտահայաստանի մէջ փոքր անկախ Հայաստան մը ունենալու յոյսը կը կորսուի եւ Սէվրի դաշնագրի ձգած լաւատեսական տպաւորութիւնը կþանհետանայ: Մեծ ազգերու խարդախ քաղաքականութիւնը կրկին անգամ կը զգացուի: Մինչ այդ Հայաստանի մէջ սովետական կարգեր կը հաստատուին եւ փուլ կու գայ անկախ Հայաստանը:
Յոյսի նշոյլներ կը ստեղծուին երբ Միացեալ Ազգերու Լիկան Հայաստան կը ղրկէ պատուիրակութիւն մը, սերտելու համար գաղթականներուն օգնելու կարելիութիւնները, որոնք արմատախիլ եղած էին եւ ցրուած տարբեր երկիրներու մէջ: Կը սերտէին հողի հարցը թէ ինչպէս կրնային վերատիրանալ սեփական հողին: Հայ ղեկավարները ամէն դիւրութիւն տալով սոյն պատուիրակութեան, կþուզէին յաջողութեամբ պսակել այս նախաձեռնութիւնը: Կþարժէր սպասել արդիւնքին:
Յակոբ Արսէնեանի Պաղեստինի մէջ անցուցած օրերու գրաւոր վկայութիւնները նոր լոյս կը սփռեն պաղեստինցիներու եւ հրեաներու միջեւ գոյութիւն ունեցող անհաշտ վիճակին մասին:
1929-ին արաբներու եւ հրեաներու միջեւ եղած բախումները խաղաղութիւնը կը խանգարէին, սակայն անգլիական Մանտայի կառավարութիւնը ազդու կերպով կը միջամտէր: 1936-ական թուականներուն կացութիւնը կը վատթարանայ Պաղեստինի մէջ: Անիկա սկիզբն էր յետագայի արաբ-իսրայէլեան սուր պայքարին: Արաբները կþըմբոստանան կառավարութեան դէմ եւ կը դադրեցնեն պետութեան հետ պաշտօնական կապերը, ինչպէս տուրքերու դադրեցումը, հեռաձայնային եւ հեռագրային ցանցերու խզումը: Վեց ամիս Պաղեստինը կը դառնայ կռուադաշտ օրական յարձակումներու, սպանութեանց եւ երկու կողմէ զոհերու արձանագրութեամբ: Անգլիական կառավարութիւնը 30,000 զօրք կþուղարկէ զրահապատներ եւ կը տարածէ զանոնք քաղաքներու, գիւղերու եւ երկաթուղագիծերու երկայնքին անոնց պաշտպանութեան համար: Արաբներու միակ պահանջքն էր խոստում մը ապահովել Պաղեստինի անգլիական մանտայի կառավարութենէն, կեցնելու հրեաներու ներգաղթը Պաղեստին եւ ջնջելու Պալֆուրի յայտարարութեամբ Պաղեստինը հրեաներու հայրենիք ընդունելու իրողութիւնը:
Կազայի մէջ եւս խռովութիւնները կը շարունակուին: Կրակմար կը հաստատուի ամէն օր երեկոյեան: Մայիս 25-ին ամենակատաղի ցոյցը տեղի կþունենայ, երբ ժողովուրդը քաղաքի կեդրոնը երթալով կը յարձակի հրեայ համայնքին վրայ: Վրէժով լեցուած էին եւ դժուար էր զանոնք զսպելը: Անգլիական զօրքերը կը յաջողին հեռացնել ցուցարարները: Վեց ամսուան գործադուլը վերջ կը գտնէ, երբ արաբ թագաւորն ու իշխանները կը խոստանան Պաղեստինը արաբներուն պահել: Մինչ այդ անգլիացիք արքայական խորհուրդ մը կը ղրկեն քննելու համար Պաղեստինի ապագան: Երկար ուսումնասիրութիւններէն ետք անոնց եզրակացութեամբ երկիրը բաժնուելու էր արաբներու եւ հրեաներու միջեւ, բան մը որ արաբները բացարձակօրէն կը մերժէին ընդունիլ:
Եղեռնի նուիրուած գրականութեան համար արժէքաւոր ներդրում մըն է Յակոբ Արսէնեանի ՙԴԷպի Գողգոթա՚ յուշերու հատորը: Ականատեսի վկայութիւնները օրը օրին արձանագրուած իր օրագրութեան մէջ, կրկին անգամ կը հաստատեն այն իրողութիւնը որ իթթիհատական Թուրքիան կանխամտածուած կերպով կազմակերպած էր հայոց սպանդը, նպատակ ունենալով ոչնչացնել հայ ժողովուրդը, զայն նախ տեղահանելով, ապա աքսորի ճամբաներու վրայ ինչ-ինչ չարչարանքներու ենթարկելով եւ հուսկ ապա Տէր Զօրի մէջ հաւաքական սպանդի ենթարկելով: Ականատեսի անձնական փորձառութեամբ հաստատուած իրականութեան ուրացումը պարզապէս նենգամտութիւն կարելի է նկատել: Ժամանակը եւ ՙԴէպի Գողգոթա՚յի նման հրատարակութիւններ պիտի պարտադրեն Թուրքիոյ եւ միջազգային ընտանիքին 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան վաւերականութիւնը հաստատելու:
ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
www.araraddailynews.com