ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Կապարագոյն երկինքը սպառնալից կախուած էր իր գլխուն վերեւ եւ զինք կը հալածէր: Աշնանային մրրկաշունչ քամին տերեւաթափ ծառերուն մէջէն կ’ոռնար, եւ լայնատարած քաղաքի փողոցներուն ամայութիւնը իր մինակութիւնը կը բազմապատկէր:
Քայլերը կ’արագացնէր վայրկեան առաջ տուն հասնելու համար, բայց ճամբան երկարած էր. կարծես փոխանակ յառաջանալու , տեղքայլ կամ ետքայլ կ’ընէր. տունը կը հեռանար, կը փախչէր իրմէ:
Տուն ըսի՞ք: Ասիկա իր տու՞նն էր, թէ ոչ առժամեայ մոխրագոյն ապաստանարան մը, փրկութեան լաստ մը: Իր հարազատ տունը ետեւ թողած էր. դաւաճանած էր անոր:
Հօրենական տունն էր իր հարազատ տունը. իր կենսագրութեան վկան:
…Անհոգ մանկութեան յաջորդած էր փոթորկալից պատանեկութիւնը իր բազմապիսի խենթութիւններով. ապա հասուն եւ կազմաւորուած երիտասարդի յանձնառութիւնը զինք առաջնորդած էր իր սեփական ընտանիքը կազմելու բախտորոշ հանգրուանին:
Մանուկներուն ուրախ ձայները ճնճղուկներու ճռուողիւններուն նման շէնցուցածէին այդ հնամեայ տան պատերը, նոր կեանք , նոր գոյն եւ աւիւն պարգեւած էին անոնց:Տունը երիտասարդացած էր. իրենց պարտէզի ծառին նման մշտադալար էր հիմա. ծաղիկ եւ ուրախութիւն կը բուրէր :
Տարիները կը գլորէին կեանքի բոլոր երանգներով գունաւորուած.վարդագոյնին կը յաջորդէր մոխրագոյնը, յաճախ կանաչը, հազուադէպօրէն սեւը: Կեանքն էր, որ երբեք միագոյն չէր կրնար ըլլալ. ամէն օր, ամէն ժամ իր գոյնը կը փոխուէր:
Բայց տունը, իր հաւատարիմ տունը միշտ կանգուն կը մնար եւ զինք ալ կանգուն կը պահէր, իր ոտքերուն տակ կը զգար անկէ բխող ուժը, երբ տարբեր բնոյթի հարուածներ, կամ վերիվայրումներ փորձէին խախտել ընտանիքին հեզասահ երթը: Ժայռի նման տոկուն եւ անկործան էր իր տունը, զինք պաշտպանող պարիսպը:
Բայց օր մը` չար ուժեր գաղտագողի սպրդեցան այդ բարի եւ խաղաղ քաղաքին դարպասէն ներս եւ սկսան ատելութեան սերմեր ցանել ամենուրեք եւ դաժանօրէն խարազանել այդ բարի քաղաքին բարի բնակիչները:
Քաղաքը սեւեր հագաւ, արիւններ հոսեցան եւ սարսափելի, մութ մղձաւանջ մը բազմեցաւ գահին վրայ:
Անխուսափելի վտանգէն զերծ մնալու մտահոգութիւնը զինք եւս մղեց, որ իր հայրենակիցներուն նման, գաղթականի ցուպը ձեռքը առնէ եւ ապահովութիւն խոստացող երկիրներուն դռները թակէ:
Սպասում եւ սրտմաշուք:
Եւ ո՜վ հրաշք. ի վերջոյ այդ դռներէն մին բացուեցաւ եւ ինք իր հարազատներուն հետ այդ դրախտէն ներս մուտք գործեց:
Հոս վտանգ չկար.կեանքը վարդագոյն էր միշտ: Բայց երբ մօտէն քննեց այդ վարդագոյնը, տեսաւ որ արուեստական էր, կեղծ էր:
Բարգաւաճ երկիրներու հանգստաւէտ պայմանները, քաղաքավարութիւնը, ժպիտները, օգտակար ըլլալու պատրաստակամութիւնը, բոլորը վարդագոյն էին. բայց կը պակսէր իր ծննդավայրին, իր հարազատ տան ջերմութիւնը, անոր իւրայատուկ քաղցր բոյրը, անոր վաստակաբեկ պատերուն մաշած վարդագոյնը:
Ամէն անքուն գիշեր, երբ գլուխը բարձին դնէր, իր առջեւ կը ցցուէր իր միակ հարազատ տունը, որուն մերկ պատերէն սարդի ոստայններ կախուած էին. իր նախկին փառքը կորսնցուցած՝ որբացած եւ անտէր տունը, արտասուաթոր աչքերով՝ կարօտագին իրեն կը նայէր եւ կ’աղաչէր, որ վերադառնայ իր գիրկը, զինք չլքէ, մահուան չդատապարտէ:
Եւ ինք անզօր կը զգար որոշելու:Միտքը եւ սիրտը կը մենամարտէին. բայց ոչ մէկը յաղթական դուրս չէր գար այդ ճակատամարտէն:
Ժամանակն էր այն արդար դատաւորը, որ պիտի առնէր վճռական որոշումը:
Եւ հիմա դէպի ու՞ր կ’ուղղուէին իր քայլերը: