ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու, որ վերջերս կը խօսի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու մասին, դարձեալ հանդէս եկաւ հակահայ յայտարարութեամբ մը:
Արդարեւ, «Հապեր 7» կայանը կը հաղորդէ, թէ Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովի ծիրին մէջ երիտասարդներու հետ հանդիպած Չաւուշօղլու պատմեց, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս դարձած է դիւանագէտ: Ըստ անոր՝ դիւանագէտի մասնագիտութիւնը ան ընտրած է ի հեճուկս «հայկական կազմակերպութեան, որ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կը սպաննէր թուրք դիւանագէտներ»:
«Երբ դպրոցական էի, հայկական ահաբեկչական կազմակերպութիւնը յարձակումներ կը գործէր մեր դիւանագէտներուն վրայ, զոհեր կու տայինք: Ես ալ, ի հեճուկս անոնց, որոշեցի դառնալ դիւանագէտ եւ սկսայ սորվիլ Միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքին մէջ», պատմեց Չաւուշօղլու:
Ան բնականաբար չխօսեցաւ նշեալ գործողութիւններու դրդապատճառներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Անգարայի ժխտողական քաղաքականութեան մասին, այլ պարզապէս դարձեալ թուրք հասարակութեան ու յատկապէս երիտասարդութեան մէջ հայերուն հանդէպ ատելութիւն սերմանեց: