Մխիթարեան միաբան Հայր Գրիգորիս վրդ. Սերենեանի առաջնորդութեամբ, Լիբանանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու բազմազգ պատուիրակութիւն մը Մարտ 12, 2016-ին այցելեց Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, ուր հիւրընկալուեցաւ վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի կողմէ: Հիւրերը ծանօթացան Մեսրոպեանի կառոյցին եւ կրթական ծրագրին, բարձրօրէն գնահատելով շրջանի բնակչութեան կրթական կարիքներու ծառայութեան համար ի գործ դրուող ճիգն ու աշխատանքը:
Պատուիրակութիւնը Մեսրոպեան վարժարան այցելեց Պուրճ Համուտի հայկական հաստատութիւններ կատարած իր ճանաչողական շրջապտոյտի ծիրին մէջ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի