ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Հակառակ «Քորոնա»-ի պարտադրած մտասեւեռումին, ընթերցողներէն ոմանք թերեւս տեղեակ են, որ 29 ապրիլի առաւօտեան, ճիշդ ժամը 7:56-ին երկրագունդը պիտի կործանի ձեռամբ մեր վրայ սուրացող հսկայական երկնաքար Asteroid (52768)-ի: Բախումը միլիոն անգամ աւելի կործանարար է, քան Հիրոշիմայի վրայ արձակուած կորիզային ռումբը (1): Մօտ 66 միլիոն տարի առաջ երկնաքար մը բնաջնջած էր կենդանիներու մեծամասնութիւնը եւ վերջ տուած հոյամողէզներու տիրապետութեան: Այդ երկրագունդի կրած 4-րդ զանգուածային բնաջնջումն էր: Աւելի մօտիկ ժամանակներու, 1908-ին, երկնաքար մը հարուածած է Սիպերիոյ Թունկուսքա շրջանը: Այդ հարիւր անգամ աւելի ուժեղ էր, քան Հիրոշիման: 2013 Ռուսիոյ Չելիապինսք շրջանի երկնքին մէջ պայթած է երկնաքար մը: Չինաստան, որ կայուն պետութիւն եղած է հազարամեակներ առաջ, ունի աշխարհի ամէնէն ամբողջական աստղագիտական տոմարները: Այդտեղ կը գտնուին շարք մը նման արձանագրութիւններ: Վտանգը լուրջ կը թուի:
Աղէտներ կը շահագործուին նիւթապէս եւ բարոյապէս: Ոմանք հաճոյք կը ստանան սարսափ եւ վլվլուկ տարածելով: Երկնաքարերու կապակցութեամբ ինծի ծանօթ առաջին «արուեստ»-ի գործը ամերիկեան «Դիւապետի Կռանը» վէպն է (Lucifer’s Hammer, 1977): Հրապարակ ելած են նաեւ շարք մը «վերջին դատաստանային» ժապաւէններ, ինչպէս՝ «Deep Impact», որոնք հաւանաբար ծանօթ են ընթերցողին (2): Անլուրջ մամուլի եւ համացանցի վրայ ստէպ կը յայտնուին այլազան ահազանգեր (3):
Մոլորած մարմիններ.- Մեզ կ’այցելեն երեք ընտանիքներու պատկանող երկնային մարմիններ.- ասուպներ (meteorite), երկնաքարեր (asteroid = աստղակերպ) եւ գիսաւորներ (comet): Առաջին երկուքը խորքին մէջ աղքատ ու մեծատուն արիւնակիցներ են: Այս մոլորած մարմիններու աղբիւրը հակնալու համար հարկ է ունենալ արեգակնային դրութեան ամբողջակա՛ն պատկերը: Մեր մեծամասնութեան պատկերացումը հաւանաբար այն է, թէ այդ դրութիւնը կազմուած է Արեւէն, մոլորակներէն եւ թերեւս անոնց արբանեակներէն: Այս հիմնականին մէջ շատ տարբեր չէ Սեւանի աւազանէն գտնուած պրոզդարեան (12րդ դար Ն.Ք) թերթիկի պատկերէն (4):
Մոլորակներու պտոյտի հարթակը կողքի պատկերի մէջ տեսնուող փոքր կորիզն է: Արտաքին գնդաձեւ նոսր Օըրթ (Oort) ամպը կազմուած է թեթեւ նիւթերէ: Այս շատ հասկնալի է որովհետեւ ծանր նիւթեր, ինչպէս մետաղներ, վաղուց «ինկած են» դէպի Արեւ: Արեւուն մօտիկ «երկրային» մոլորակներ Փայլածու, Արուսեակ, Երկիր եւ Հրատ (Mercury, Venus, Earth, Mars) կազմուած են ծանր նիւթերէ, իսկ հեռու, հսկայ մոլորակները՝ Լուսնթագ, Երեւակ, Ուրան եւ Նեպտիւն (Jupiter, Saturn, Uranus Neptune)՝ թեթեւ մասնիկներէ: Վերջին երկուքը հայկական անուններ չունին, որովհետեւ պարզ աչքով տեսանելի չէին մեր նախահայրերուն:
Գիսաւորները (comet) ցեխոտ սառցակոյտեր են, որոնք գլխաւորաբար կու գան Օըրթ «ամպէն»: Այդ հսկայ ամպի զանգուածներու գումարը չնչին է, հաւասար լոկ հինգ երկրագունդի: Գիսաւորները ունին երկարաւուն ձուաձեւ ուղեծիր եւ Արեւու շուրջ պտոյտի (տարի) երկարատեւ պարբերութիւններ (period), որոնք կրնան տեւել դարեր եւ նոյնիսկ հազարամեակներ: Երբ գիսաւորը Արեւուն մօտենայ, զայն կազմող թեթեւ նիւթերը կը շոգիանան եւ կը կազմեն երկու պոչեր, որոնք ուղղուած կ’ըլլան Արեւու հակառակ ուղղութեամբ, որովհետեւ Արեւու ճառագայթները «կը փչեն» դէպի դուրս: Փոշեայ պոչը միշտ ետ կը մնայ կազային պոչէն, որովհետեւ շատ աւելի ծանր մասնիկներէ կազմուած է: Գիսաւորը Արեւու մօտ (ուրեմն եւ տեսանելի) կը մնայ միայն մի քանի ամիս: Hale–Bopp գիսաստղը, որ կարճ այցելութիւն մը տուաւ 1997-ին, Օըրթ ամպէն գրեթէ ուղիղ գիծով պիտի վերադառնայ … 4385 թուականին: Գիսաւորներու թիւը անյայտ է որովհետեւ անոնք կրնան Հալէ-Պափի նման պտոյտի շատ երկար պարբերութիւններ ունենալ, ուրեմն եւ չեն արձանագրուած աստղագիտական տոմարներու մէջ: Ի դէպ կողքի պատկերին մէջ գիսաւորի ծիրը մեծապէս «կլորեցուած» է, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր վրայ նշումներ ընել: Ոմանք կ’ենթադրեն, թէ «Բեթղեհեմի Աստղը» Գիսաւոր մըն էր: Ծանօթ չեմ ոեւէ պատմական արձանագրութեան, ուր կը նշուի, թէ գիսաւոր մը բախած է Երկրագունդին: Նման դէպքեր հաւանաբար պատահած են արեգակնային դրութեան կազմաւորման սկզբնական քաոսային շրջանին:
Ասուպներու եւ երկնաքարերու բնոյթն ու ծագումը նոյնն է: Զանազանութիւնը պայմանական է: Տասը մեթրէ աւելի փոքր տրամագիծ ունեցող երկնաքարեր կը դասուին «ասուպ» կամ «օդաքար»: Այս մարմիններու մեծամասնութիւնը կու գայ նշուած երկու «Գօտի»-ներէն:
Ա.- Քէոյփըր (Kuiper, վերեւի պատկերին մէջ նշուած «Ք» տառով) գօտին ունի գիրուկ մատանիի կամ կարկանդակի ձեւ (toroid): Կը գտնուի ութ մոլորակներու ուղեծիրերու հարթակին մէջ, բայց աւելի մեծ հեռաւորութեան վրայ: Հակառակ իր հսկայական ծաւալին, գօտիի զանգուածը փոքր է, լուսնի զանգուածէն իսկ փոքր, երկրագունդի լոկ մէկ տոկոսը: Գաճաճ Պղուտոն, որ մինչեւ 2006 մոլորակ կը համարուէր, այժմ կցուած է Քէոյփըր գօտիի այլ գաճաճ «մոլորակ»-ներու շարքին:
Բ.- «Երկնաքարերու Գօտին» (կողքի պատկերին մէջ նշուած «Ե.» տառով) կը գտնուի Հրատ եւ Լուսնթագ մոլորակներու միջեւ: Մեծ ու փոքր ժայռերը կը պարունակեն նաեւ մետաղներ, այնպէս, ինչպէս Երկիրը եւ Հրատը:
Աստղագիտական դրուագ .- Վերածնունդի գիտնականները կը հաւատային, թէ տիեզերքը դասաւորուած է, ըստ թուաբանական եւ երկրաչափական պարզ տարազներու: Վաստակաշատ աստղագէտ Քէփլըր (1571-1630) կը հաւատար, որ մոլորակներու ծիրերը կը տեղադրուին իրար մէջ «բոյն դրած» Պղատոնական երկրաչափական ձեւերու մէջ (հաւասարակողմ բուրգ, խորանարդ եւ այլն): Կողքի գծանկարը առնուած է իր Mysterium Cosmographicum (1597 Տիեզերագրութեան խորհուրները) գիրքէն: Ձեւերը ինչպէս հարկ է հիմնաւորուած էին փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական սկզբունքներով: Ինչեւիցէ: Այս աւանդութեան ուրախալի արդիւնքներէն մէկը այն էր, որ 18-րդ դարուն գիտնականներ Թիթիուս, ապա Պոտէ ձեւաւորեցին թուաբանական տարազ մը (Titius-Bode Law 1772), որ մեծ ճշգրտութեամբ կ’որոշէր մոլորակներու ծիրերուն շառաւիղները (radius) (6): Բոլոր մոլորակները ներկայ էին իրենց տեղերուն վրայ, ի բացառեալ թիւ 5-էն: Թիթիուսի տարազի վրայ խոր հաւատքը իտալացի աստղագէտ Փիացցի խորապէս զննեց այդ շրջանը եւ , ո՜վ զարմանք, 1801-ի Նոր տարուան առաւօտ գտաւ աղօտ նշոյլ մը: Այդ Երկնաքարերու գօտիի ամենախոշոր անդամ մօտ հազար քմ. իրամագիծով գաճաճ մոլորակ Սիրըցն էր (Ceres):
Ծագումաբանական.- Վերեւը տեսանք, որ երկնաքարերու գլխաւոր գօտին յայտնուեցաւ այն հեռաւորութեան վրայ, ուր կ’ակնկալուէր հինգերորդ մոլորակը գտնել: Պղատոնական ներշնչումով ձեւաւորուած տարազը յաջողած էր գուշակել վայր մը, ուր մեծ թիւով ժայռաբեկորներ եւ առնուազն մէկ գաճաճ մոլորակ կար: Այս ունի ոչ բնազանցական բացատրութիւն: Աստղագէտ Դանիել Քըրքուուտ (Daniel Kirkwood 1814-1895) թուին ուսումնասիրած էր փոխադարձ ձգողութեան պատճառով մոլորակներու միջեւ գոյացող համահունչ (resonant) շարժումը: Խրթին հաշուարկները կարելի եղան համակարգիչներու միջոցով: Թիթիուս-Պօտէ տարազը կարելի է այժմ տեսականօրէն արտաբերել (derive)(8):
Երկնաքարերու զանգուածի գումարը փոքր է: Լուսնի զանգուածէն 25 անգամ փոքր: Կան բազմաթիւ վարկածներ: Ամէնէն հաւանական տեսութիւնը այն է, որ արեգակնային դրութեան սկզբնական շրջանին հոյամոլորակ լուսնթագի ձգողութիւնը արգիլած է, որ «մոլորակիկ»-ներ (planetoid) միանան եւ մոլորակ կազմեն (9): Հետագային ժայռաբեկորներու խոշոր տոկոսը գօտիէն դուրս շպրտուած է: Այս գործընթացը տեսականօրէն լաւ ուսումնասիրուած է, բայց ի հարկէ չէ փակուած(10): Կ’ենթադրուի, որ Արեգակնային դրութեան կազմութեան առաջին 100 միլիոն տարուան ընթացքին երկնաքարերու գօտին կորսնցուցած է իր զանգուածի 99.9 տոկոսը:
Արտաքսուածներ.- Նոյն այդ գործընթացն է, որ տակաւին կը շարունակէ երկնաքարեր վտարել գօտիէն: Անոնցմէ ոմանք կը մտնեն նոր ծիրի մը մէջ, որ կը հատէ (intersect) երկրի ծիրը: Ինչպէ՞ս կարելի է, որ երկու անձեր անցնին նոյն վայրէն, բայց չհանդիպին իրարու: Պատասխանը պարզ է, կ’անցնին տարբեր ժամանակներու մէջ: Նոյնն է պարագան Երկրագունդի, Asteroid 52678-ի եւ մնացեալ այն երկնաքարերուն, որոնց ծիրը կը հատէ մերը: Գծապատկերին մէջ կը տեսնենք Երկրի (Ե), Հրատի (Հ) եւ երկնաքարի ծիրերը Արեւուն (Ա) շուրջ:
Առաջին նկարին մէջ կը տեսնենք «Տ» տառով պիտակուած երկնաքարերու երկու խումբեր եւս: Անոնք կոչուած են «Տրովարդացիներ» : Մոլորակները կը շրջին ժամացոյցի սլաքներու հակառակ (counter clockwise), հետեւաբար ձախ խումբը «կ’առաջնորդէ» Լուսանթագը, իսկ աջը՝ կը «հետեւի» (11): Այս համեմատաբար փոքրաթիւ երկնաքարերը եւս կրնան շեղիլ իրենց ծիրերէն եւ պատահաբար ուղղուիլ դէպի Երկիր: Տրովարդացիներ ունին նաեւ այլ մոլորակներ, որոնց շարքին եւ Երկիրը (12):
Դասական.- Երկնաքարերը, ըստ իրենց ծիրին, կը պատկանին ընտանիքներու: Եկուոր «երկնաքար 52678»-ը կը պատկանի «Ապողոն» ընտանիքին, որովհետեւ կը հատէ Երկիր եւ Հրատ մոլորակներու ծիրերը: Կը նկատենք, որ Արեւը կը գտնուի երկնաքարի ձուաձեւ (թերատ, ellipse) ծիրի երկու կիզակէտերէն մէկուն մէջ: Երկնաքարերը կը դասաւորուին նաեւ ըստ իրենց արտակեդրոնութեան (e = eccentricity) աստիճանին: Երկնաքար 52678-ի պարագային մօտաւորապէս e = 0.8 է (13): Կողքի նկարը ցոյց կու տայ նոյն ընտանիքին պատկանող հազարաւոր երկնաքարերու ծիրերը: Անոնց մէկ մասը կը հատէ նաեւ Փայլածուի եւ Արուսեակի (Mercury & Venus) ծիրերը: Բնաւ արտասովոր չէ, որ երբեմն անոնցմէ մին անցնի Երկրի կողքէն:
Երկնաքարերը կը դասաւորուին նաեւ ըստ իրենց ներկայացուցած վտանգի աստիճանին: Այս դասաւորումը, սակայն, պարտադրաբար պայմանական է, որովհետեւ անիմաստ է բախումի պատճառած աւերը ճշգրտօրէն գնահատել: Այս ուղութեամբ 1999-ին Թորոնթոյի մէջ գումարուած աստղագիտական համագումարը որոշած է վտանգի չափանիշ մը, որ կը տարուբերի զերոյէն տասնի միջեւ: Այդ նիշը կը համեմատի երկնաքարի տրամագիծին, բազմապատկած բախման հաւանականութեան (14): Երկնաքար 52678-ի տրամագիծը ցոյց տրուած է նետիկով մը: Հաւանականութիւնը կարելի է հաշուարկել, երբ յստականայ, թէ որքա՞ն է երկնաքարի ծիրի անորոշութիւնը: Այսինքն ի՞նչ է անոր «լայնքը»: Ձգողութեան պատճառով երկրին կրնան բախիլ մարմիններ, որոնք այլապէս աւելի հեռուէն պիտի անցնէին: Երկրի առերեւոյթ շառաւիղը (b) կը թուի աւելի խոշոր (b > R): Բարեբախտաբար աւելի արագ անցնող մարմիններ նուազ ժամանակ կ’ունենան «զգալու» երկրի ձգողութիւնը եւ հետեւաբար նուազ կը շեղին իրենց ծիրէն: Այդ ի հարկէ կը նուազեցնէ բախումի հաւանականութիւնը: Բարեբախտաբար նաեւ աւելի դիւրին է հետեւիլ վտանգաւոր երկնաքարերու, որովհետեւ աւելի խոշոր են: Այդ կրնայ բաւարար ժամանակ տալ, որպէսզի կարելի միջոցառումներ ձեռք առնուին: Ցած արտակեդրոնութիւն ունեցող երկնաքարերու ծիրը աւելի լաւ տեսանելի է, որովհետեւ կ’ունենան աւելի հորիզոնական տեղափոխում: Ինչպէս կողքի գծանկարը ցոյց կու տայ, խոշոր երկնաքարերու մեծամանութիւնը տասնամեակ մը առաջ արդէն իսկ յայտնագործուած էր:
Վիճակագրական .- Արեգակնային դրութիւնը լեցուն է փոշիով եւ այլազան չափի քարերով: Անոնք անդադար կը ռմբակոծեն Երկրագունդի մթնոլորտը: Վիճակագրութեան վրայ հիմնուած գծանկարը ցոյց կու տայ հաւանականութիւնը, ըստ քարի տրամագիծին: Մէկէն երկու մեթր տրամագիծով քար կարելի է ակնկալել իւրաքանչիւր օր: Այդ կը փշրուի մթնոլորտին մէջ: Սիպերիոյ մակարդակի երկնաքար՝ թերեւս իւրաքանչիւր դար: Այդ համատարած աղէտ չի նշանակեր: Նոյնիսկ տեսականօրէն Հիրոշիմայի տարողութեամբ երկնաքարեր կրնան անցնիլ աննկատ: Երկնաքար 52678-ի տարողութեամբ աղէտ հաւանաբար պատահի հազիւ մի քանի միլիոն տարին անգամ մը: Այսինքն հաւանաբար եւ բարեբախտաբար չէ պատահած մեր ցեղի (homo sapiens իմացական մարդ) գոյութեան ընթացքին, որն է շուրջ 250 հազար տարի: Բնաջնջում կարելի է ակնկալել մի քանի միլիոն տարի ետք: Բայց մինչ այդ մենք արդէն իսկ Երկրագունդը անբնակելի դարձուցած կ’ըլլանք …
Այլընտրանքներ .- Երկնաքարերուն վերագրուած են գերբնական ուժեր: Թութանխամոնի (1323 ՆՔ) եւ Ճահանկիր (1630 ՔԵ) կայսրերու դաշոյնները պատրաստուած էին օդաքարերէ ստացուած մետաղներով: Եւրոպական թանգարաններու մէջ կան առնուազն երկու անիծեալ երկնաքարի բեկորներ: Ոմանք օդաքարերը կը համարեն չարագուշակ նշաններ: Դիւապետի այս նռանը պիտի անցնի Լուսնէն 16 անգամ հեռուէն: Պիտի վերադառնայ 28 տարի ետք: Թերեւս յաջորդ անգամ նոյնքան բախտաւոր չըլլանք:
Երկնաքարերու վտանգը չէզոքացնելու համար առաջարկուած են բազմաթիւ միջոցներ.-Կորիզային ռումբով փշրել, փայլուն նիւթով ներկել եւ այլն: Բայց քանի մը մասի կոտրուած երկնաքարը կրնայ աւելի համատարած աղէտ պատճառել: Ճիշդ է, որ արեւու ճառագայթները «պիտի հրեն» փայլուն ներկուած երկնաքար մը, բայց այդ ուժը ոչ միայն բաւարար չէ, այլեւ կրնայ մեզի ի նպաստ ուղղութեամբ չըլլալ: Կան այլ միջոցներ եւս, բայց ամէնէն ազդեցիկը հաւանաբար երկնաքարին վրայ հրթիռ մը ամրացնել եւ զայն մեղմօրէն հրելով շեղելն է: Երկնաքարերու վրայ արդէն իսկ մի քանի յաջող հակակշռուած վայրէջքներ կատարուած են: Եթէ նման սարքեր այժմ պատրաստ ըլլան, կարելի է զանոնք ուղարկել դէպի իսկական վտանգ ներկայացնող երկնաքարը: Այս կարելի եւ, ըստ ներկայ ճարտարագիտութեան ամէնէն խելամիտ միջոցառումն է:
14 Ապրիլ 2020
- Քարի տրամագիծը մօտ 4 քմ է: Այդ կը նշանակէ, որ անոր զանգուածը (M) առնուազն հարիւր միլիոն թոն է: Երկիրը կը շարժի մօտ 30 քմ/երկվարկեան արագութեամբ: Երկնաքարի արագութիւնը նման է երկրի արագութեան: Այդ կը նշանակէ, որ միջին հաշուով (վիճակագրական առումով) բախման արագութեան քառակուսին (V^2) նման է երկրի արագութեան քառակուսիի կրկինին: Երկրի նկատմամբ երկնաքարի շարժական ուժը (Kinetic Energy), ուրեմն մօտաւորապէս է ½ MV^2 = ½ (10^11)x(2x9x10^8) = 9×10^19 joule, որ կը համապատասխանէ (9×10^19)/(4.2×10^15) = 2.1x 10^4 Megaton TNT. Հիրոշիմայի վրայ արձակուած ռումբի ուժն էր 15 Kiloton TNT: Երկնաքարը ուրեմն (2.1x 10^7 )/15 = 1.4 միլիոն անգամ աւելի ուժեղ է այդ ռումբէն:
- Apocalypse կամ Doomsday աշխարհի աւարտման օրն է: Անոր ամէնէն ծանօթ նկարագրութիւնն է Ս. Գրային «Յովհաննու Յայտնութիւնը»։
- Ինչպէս, օրինակ, Daily Express-ի յօդուածը: Տես նաեւ՝ youtube.com/watch?v=lGnCTpp70uk
- Ներքեւի համակեդրոն (concentric) շրջանակները կը ներկայացնեն երկրագունդը, իսկ վերեւի ճառագայթող մասերը՝ Արեւը, Լուսինը եւ մերկ աչքով տեսանելի հինգ մոլորակները:
- Ամպը, որ կը կրէ հանճարեղ տեսաբան-աստղագէտ Jan Oort-ի (1900-1992) անունը, խորքին մէջ իրմէ 18 տարի առաջ, 1932-ին յայտնաբերուած էր Ֆինլանտացի Էրնսթ Էօփիքի կողմէ։
- Եթէ մոլորակները թուագրենք Փայլածու՝1, Արուսեան՝2, եւն, ապա «n»-րդ մոլորակի շառաւիղը (Rn) բաղդատած Երկիր-Արեւ հեռաւորութեան կը տրուի հետեւեալ տարազով՝ Rn = 0.4 + 0.3×2n-2 : Նկատել, որ Երկիր մոլորակը 3-րդն է, ուրեմն R3 = 0.4 + 0.3×23-2 = 0.4 + 0.3×2 = 1.
- Ceres հռոմէական գլխաւոր աստուած Jupiter-ի քոյրն էր, երկրագործութեան դիցուհին
- sjsu.edu/faculty/watkins/bode3.htm
- Կազմուող մոլորակի վրայ Լուսնթագի կողմ երեսի վրայ ձգողութիւնը աւելի ուժեղ կ’ըլլայ: Հետեւաբար տակաւին կակուղ մոլորակը կը ձեւափոխուի: Քանի որ մոլորակները, ինչպէս Երկիրը, իրենց առանցքին շուրջ կը պտտուին, այդ ձեւափոխութիւնը անդատար կը «շաղէ» եւ կը փշրէ զինք:
- Տես https://iopscience.iop.org/article/10.1088/0004-637X/748/2/105
- Երկնաքարերու անուանումը առնչուած է այս կէտին: Առաջին յայտնաբերուած երկնաքարը կոչուած էր Աքիլլէս, որովհետեւ աքիլլես առաջնորդեց Դրովարդայի վրայ առաջին գրոհը: Հետագային այլ երկնաքարեր անուանուեցան դիւցազներգութեան այլ հերոսներու անուններով:
- Հանճարեղ Լակրանժ (1736-1813) ցոյց տուած էր որ իւրաքանչիւր մոլորակի ծիրին շուրջ կան հինգ կէտեր, ուր այլ մարմիններ կրնան գտնուիլ: Ասոնցմէ միայն երկուքը համեմատաբար կայուն են: Տրովարդացիներ կը գտնուին այդ երկու կէտերուն մէջ:
- Արտակեդոնութիւնը կարելի է հաշուել մի քանի ձեւով: Թերեւս ամէնէն հասկնալին այն է, որ ցոյց տրուած է կողքի պատկերին մէջ: Կլոր ծիրի պարագային a=b, ուրեմն e=0: e =1 կը նշանակէ a<<b, այսինքն ծիրը գրեթէ ուղիղ գիծ մըն է:
- Գծագրի մէջ տեսնուող նոյնարժէգ շեղակի շիծերը կարելի է հասկնալ հետեւեալ կերպով: Նախ նկատենք որ առանցքները (axes) տիպարահամարային (logarithmic) են: Եթէ վտանգը կը տրուի հետեւեալ տարազով Վ = Տհ, ուր Վ-Վտանգ, Տ-Տրամագիծ եւ Հ-Հաւանականութիւն, ապա Log(Վ) = Log(Տ) + Log(Հ) ուստի Log(Տ) = Log(Վ) – Log(Հ): Ուրեմն նոյնաժէգ վտանգները 45 աստիճան թէգութեամբ գիծեր են:
Երբ բաւականաչափ մօտենայ, երկնաքարի ուղեգիծը կը վերածուի անդրաձիգի (Hyperbola) մը որու կիզակէտին վրայ կը գտնուի Երկիրը: Հաշուարկը կը պահանջէ բնագիտութեան երկրորդ տարուան ուսանողի մակարդակ: Տես https://www.physicsforums.com/threads/cross-section-for-asteroid-impact.797502/