«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ կրօններու զուիցերիական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ․ Աբել Մանուկեան։
Դոկտ․ Մանուկեան , որ հեղինակ է գիտական աշխատասիրութիւններու, դասախօսած էր «Ազդակ»-ի առցանց լսարանին «Պազէլի միսիոնարները եւ մշակութային զարթօնքը Շուշիի մէջ, 1823-1835 թուականներուն» նիւթին մասին։
Իր հեղինակած «Հայ եւ հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցիներու միութեան վերջին փորձը Փլորենտիոյ մէջ եւ «Տէքրէթում փրօ Արմենիս» կամ «Հրահանգ առ հայս կոնդակը», «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեան մէջ», ինչպէս նաեւ «Թէմուէն Տ՛իւմանիթէ»( 1894-1923ին, օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակահատուածին Զուիցերիոյ մարդասիրական յանձնառութիւնը) գիտաշխատանքային հրատարակութիւնները այս առիթով հարստացուցին «Ազդակ»ի գրադարանը։: