Հինգշաբթի, 18 փետրուար 2016-ին տեղի ունեցաւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի «Լիբանանի հայօճախը» գիրքին շնորհահանդէսը Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ լիբանանահայ մտաւորականներու, կրթական մշակներու, մամուլի ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ համալսարանի դասախօս Շաղիկ Խիւտաւերտեան, որ համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց դոկտ. Տագէսեանին կենսագրութիւնը, խմբագրած գիրքերէն քանի մը հատը եւ ընդգծեց անոր դերակատարութիւնը` գիտամշակութային շարք մը նախաձեռնութիւններու եւ հրատարակութիւններու առնչութեամբ: Ապա Շ. Խիւտաւերտեան անդրադարձաւ այս շնորհահանդէսով հանրութեան ներկայացուող գիրքին` «Լիբանանի հայօճախը»-ին` աւելցնելով, որ հատորը կ’անդրադառնայ Լիբանանի հայ օճախի կեանքին ազգային, քաղաքական, լեզուական, մշակութային, ընկերային, տնտեսական եւ կենցաղային երեսներուն:
Օրուան բանախօս Ժիրայր Դանիէլեան յայտնեց, թէ գիրքը աննախընթաց է իր բովանդակութեամբ. ան արտասովոր երեւոյթ նկատեց նաեւ գիրքին խորագիրը, ընդգծեց գիրքին վերնագիրին ուշագրաւ երկու բառերը` «Համարկում» եւ «Հայօճախ»: Տուաւ սահմանումը համարկում-ինթիկրեյշընին` մէջբերեց դոկտ. Տագէսեանին տուած սահմանումը այդ եզրին եւ բացատրեց, թէ` «համարկումը ինքնութեան պահպանումի նոր ձեւ եւ նոր ոճ մըն է` խուսափելու համար ամբողջական ձուլումէ»:
Ժիրայր Դանիէլեան նաեւ իր խանդավառութիւնը յայտնեց հայօճախ եզրին առնչութեամբ ու դարձեալ գիրքէն մէջբերեց. «Հայոց ցեղասպանութիւնը ծնունդ տուաւ ժամանակակից սփիւռքին եւ գաղափարախօսական անկիւնադարձ պարտադրեց հայութեան բոլոր խաւերուն միտքին ու գիտակցութեան», եզրաբաժանում մը կատարելով նախաեղեռնեան գաղութահայութեան եւ յետեղեռնեան սփիւռքին միջեւ:
Ապա ներկայացուց գիրքը` բովանդակութեան ցանկը վերնագիրներն ու ենթախորագիրները եւ նշեց, որ անոնք ընթերցողը կը նախապատրաստէին արծարծուելիք միտքերուն եւ հոն յայտնուած գաղափարներու զարգացման ընթացքին:
Ժիրայր Դանիէլեան համառօտակի անդրադառնալէ ետք գիրքին «Մուտք»-ին, անցաւ «ներածութեան», ուր հեղինակը պատմական ակնարկով մը կը ներկայացնէ գիրքին ենթահողը: Դանիէլեան անդրադարձաւ նաեւ հատորին բաղադրիչ չորս գլուխներուն, զորս հեղինակը բաժնած էր ըստ ժամանակագրութեան: Ան համաձայն գտնուեցաւ «Լիբանանի հայօճախ»-ի հեղինակին կատարած ժամանակագրական հետաքրքրական բաժանումին, որուն առաջինը կ’ընդգրկէ 1920-1940 թուականները: Տագէսեան այս շրջանը բնութագրած էր իբրեւ «Համարկումին առաջին քայլերը. օսմանցիութենէն գաղթականացում եւ ասպնջականացում»:
Տագէսեան երկրորդ գլուխը անուանած է «Համարկումին ընթացքը. ասպնջականացումէ համայնքայնացում եւ սփիւռքացում- քաղաքացիացում»: Անիկա կ’ընդգրկէ 1950-1975 շրջանը:
Երրորդ գլուխը անուանուած է «Հակահամարկումի տարիները. Համայնքային օրակարգերուն ուժը», որ կը տարածուի 1975-էն1990 տարիներուն վրայ:
Ժ. Դանիէլեան խորացաւ նաեւ չորրորդ գլուխին ծալքերուն մէջ մատնանշելով, որ այդ բաժինը կոչուած էր «Ինքնաբաւութեան սահմանները. բազմուղի` չկանոնակարգուած, ինքնահոս եւ անհատական հայեցողութեամբ համարկում»:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ գնահատեց դոկտ. Տագեսեանի ջանասիրութիւնը, ի միջի այլոց մատնանշեց, որ բարդ հիւսուածքով այս գիրքը գրուած է շատ պարզ ձեւով եւ շեշտեց հատորին ընդգրկած ամբողջական իրականութիւնը: Վեր. Հայտոսթեան նշեց, թէ ներկայացուածը շատ հարուստ գիրք մըն է, որուն ընթերցումը երկար ժամանակ մտածել կու տայ արծարծուած զանազան երեսակներուն մասին: Հուսկ վերապատուելին շեշտեց նաեւ հեղինակին գիտական եւ առարկայական մօտեցումը «Լիբանանի հայօճախ»-ի կենսապատումին նկատմամբ ու շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան, որուն նիւթական աջակցութեամբ լոյսին եկած էր այս հատորը:
Իր փակման խօսքին մէջ գիրքին հեղինակը` դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ի միջի այլոց մատնանշեց գիրքին ծնունդին տուն տուող պատճառները` շեշտելով, որ ան կը միտի լիբանանահայ նորահաս սերունդը հաղորդակից դարձնել յետեղեռնի հայութեան հրաշալի յարութեան եւ զանոնք լիցքաւորել այդ ոգիով, քան թէ յուսաբեկութեամբ եւ հիասթափութիւններով: Ան յոյս յայտնեց, որ այս գիրքին կը յաջորդեն նաեւ երկու այլ հատորներ` նուիրուած լիբանանահայ տնտեսութեան եւ մշակոյթին, որմէ ետք ամբողջութեան արաբերէն տարբերակը կրնայ հումք հանդիսանալ` Լիբանանի վերջին հարիւրամեակի պատմութեան մէջ Լիբանանի հայօճախին ընդելուզման: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան այս գիրքի ծնունդին: «Գիրքս չի յաւակնիր ճիշդ կամ համապարփակ ըլլալ, բայց կը կարծեմ, թէ դէպի Լիբանանի հայօճախի խճանկարի վերակերտումին իմ յաւելումիս սկիզբը դրած կ’ըլլամ»: