ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՌԱԿ ՙԶԱՐԹՕՆՔ՚ ԱԿՈՒՄԲԻ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ
Սուրիոյ հակամարտութիւնը նոյնքան եւ առնչուած է տարասփիւռ հայութեան ճակատագրին հետ: Սուրիա եղած է Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայութեան առաջին օթեւանը: Եղեռնաբախտ հայը Սուրիոյ անապատներուն մէջ սորված է այբուբենը, վերապրելու վճռակամութիւնը: Ժամանակի ընթացքին հայը սիրաշահած է Սուրիոյ ազնիւ եւ հիւրընկալ ժողովուրդին վստահութիւնը: Անապատային վրանները եւ հողածածկ տուները արդիական բնակարաններու վերածած է ան: Հիմնած է գործարաններ, արհեստանոցներ, ազգային, կրթական եւ հոգեւոր օճախներ: Սուրիան դարձած է հայ ժողովուրդի վերածնունդի եւ հոգեմտաւոր արժէքներու դարբնոց: Սուրիահայը յարգանք ու վստահութիւն ներշնչած է իր աշխատասիրութեամբ: Սուրիան անվիճելիօրէն դարձած է սփիւռքահայ բոլոր գաղութներու մայրը` իր հասցուցած մտաւորականներու, կրթական մշակներու հոյլով: Եւ սակայն այսօր այսպէս կոչուած արաբական գարնան տեղատարափներուն տակ, խնդրոյ առարկայ դարձած է Սուրիոյ գոյութիւնը…:
Ահա այսպիսի մտորումներ եւ մտահոգութիւններ, լիբանանահայութեան հետ բարձրաձայն քննարկելու նպատակով Ռ.Ա.Կ ՙԶարթօնք՚ ակումբը, Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբերի երեկոյեան, գնահատելի գաղափարը ունեցած էր Թէքէեան Կեդրոնի ՙՀրաչեայ Սեդրակեան՚ սրահին մէջ կազմակերպելու սուրիահայութեան իրավիճակին նուիրուած երեկոյ մը: Ներկայ էին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Մասիս ծայրագոյն վարդապետ Զոպոյեան, Ներսէս-Պետրոս Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքի ներկայացուցիչ Տիկին Անի Գալուստ, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի ներկայացուցիչ Տէր Մկրտիչ Քհնյ. Քելեշեան, նախկին պետական երեսփոխան ընկ. Յակոբ Գասարճեան, ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Յարութիւն Երկանեան եւ վարչութեան անդամներ, Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատան Ա. քարտուղար Վարդան Ադամեան եւ ՀՀ հիւպատոս Կարէն Մաթեւոսեան, ինչպէս նաեւ հասարակական եւ մշակութային միաւորներու ներկայացուցիչներ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՌԱԿ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ՙԶարթօնք՚ ակումբի ատենապետ Արա Թերզեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ամփոփ ներկայացուց օրուան խորհուրդը նշելով, թէ պատմութեան հին օրերէն Սուրիա եղած է քաղաքակրթութիւններու օրրան: Անոր տարածութեան վրայ ապրած են տարբեր ցեղեր: Ապա ան կեդրոնացաւ սուրիահայ համայնքին մշակութային ժառանգութեան վրայ նշելով, թէ հայ-սուրիական փոխյարաբերութիւնները կու գան անցեալէն: Արա Թերզեան կեդրոնացաւ սուրիահայ համայնքի կազմաւորման վրայ ընդգծելով, որ հայութիւնը յատկապէս խմբուած է Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քամիշլիի շրջաններուն մէջ, առանձնացնելով Հալէպը, որ կը հանդիսանայ սուրիահայութեան հիմնական կեդրոնը: Ապա ան անդրադարձաւ այսօրուան Սուրիոյ տխուր իրավիճակին մաղթելով, որ Սուրիա կը թօթափէ քաղաքական սադրանքները եւ խաղաղութեան աղաւնին դարձեալ թռիչք կþառնէ Սուրիոյ երկնակամարին վրայ ու սուրիահայութիւնը կը վերադառնայ իր ստեղծագործ աշխատանքին:
Սուրիոյ պետական սիմֆոնիք նուագախումբի եւ ֆիլհարմոնիայի մենակատար, շնորհալի արուեստագիտուհի, Պետական Երաժշտանոցի եւ Բարձրագոյն Ազգային Վարժարանի մէջ արուեստից նիւթերու ուսուցչուհի Ռուպինա Արթինեան, Դամասկոսէն յատուկ ժամանած էր սոյն ձեռնարկին մասնակցելու նպատակով, իր խօսուն ֆլիւթով, խոր ապրումով կատարեց ՙԿռունկ՚ը եւ ՙՉարթաշ՚ը, արժանանալով ներկաներուն ծափահարութեան:
Տեսահոլովակի միջոցաւ ներկաները հաղորդակից դարձան Սուրիոյ պատմութեան կարեւորագոյն հանգրուաններուն, հայ համայնքի կարեւոր կեդրոնավայրերուն: Բաղդատութիւնները տխուր էին…: Կարգ մը կեդրոններու պարագային ցաւալի էր տեսնել խաղաղութեան ժամանակաշրջանի եւ պատերազմի հետեւանքով այսօրուան պարզած տխուր պատկերը…:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախկին համանախագահ ու ՀԲԸՄ-ի մէջ տարբեր պաշտօններ վարած, սուրիահայ գաղութի ծանօթ դէմքերէն, հասարակական գործիչ դոկտ. Գրիգոր Ատանալեանը:
Յարգելի բանախօսը իր խօսքը սկսաւ յայտնելով, թէ կար ժամանակ երբ Սուրիա դարձած էր կայունութեան եւ խաղաղ պետութեան խորհրդանիշ, ուր տարբեր համայնքներ ազատ եւ անկաշկանդ կþապրէին ու կը բարգաւաճէին խաղաղութեան հորիզոնի տակ: Այս իրողոթիւնը աներկբայօրէն կը հաստատէին Սուրիոյ բարեկամներն ու թշնամիները: Սակայն քանի մը տարիներ առաջ, այսպէս կոչուած արաբական գարնան հարւածները եկան բախելու Սուրիոյ դուռը: Ընդամէնը երկու տարւան ընթացքին խաղաղութեան խորհրդանիշ երկիրը վերածւեցաւ աւերակներու, սարսափի ու վայրագութեան, արտագաթի եւ քայքայումի սեմին գտնուող պետութեան: Բանախօսը ընդգծեց, թէ արաբական գարնան ետին պահուած էին քաղաքական սին նպատակներ, որոնք շահարկելով ժողովուրդին ազնիւ եւ արդար զգացումները կը հետապնդեն մեծ քաղաքականութեան իրենց ծրագիրները:
Դոկտ. Ատանալեան ըսաւ, թէ ի զուր չէ, երբ ռազմագէտներ ՙԽողովակներու Պատերազմ՚ կը կոչեն Սուրիոյ հակամարտութիւնը, որովհետեւ անոր տակ պահուած է Սուրիոյ ծովային բնական հարստութիւններուն վրայ ձեռք դնելու ծրագիր մը: Ան դիտել տուաւ, որ եթէ Արաբական Ծոցի պետութիւններ, Թուրքիա եւ ուրիշներ կը խորհէին, թէ ժողովրդավարութեան անուան տակ պիտի յաջողէին քայքայել Սուրիան, անոնք սխալեցան, որովհետեւ նախապէս դիտորդի դեր ստանձնած Ռուսիան մերժեց Լիպիոյ եւ Իրաքի կրկնութիւնը Սուրիոյ պարագային: Յարգելի բանախօսը միաժամանակ նշեց, որ իրենց ժողովուրդներուն հանդէպ բռնութիւններով ծանօթ Արաբական Ծոցի պետութիւններըª չեն կրնար ժողովրդավարութեան նախատիպ ծառայել Սուրիոյ ժողովուրդին:
Դոկտոր Ատանալեան վերադարձաւ Սուրիոյ այսօրուան իրավիճակին ընդծելով, թէ Սուրիոյ թշնամիները ուշ կամ կանուխ պիտի ըմբռնեն, որ անհնար պիտի ըլլայ քանդել Սուրիա – Իրան առանցքը, որ միաժամանակ կը վայելէ Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ այլ պետութիւններու զօրակցութիւնը: Դոկտ. Գրիգոր Ատանալեան անդրադարձաւ հայ-սուրիական փոխյարաբերութիւններուն, հպարտութեամբ արձանագրելով առաջին իսկ օրէն, անկախ Հայաստանի պետականութեան հանդէպ Սուրիոյ սիրալիր վերաբերմունքը:
ՙՍուրիոյ ողբերգութենէն անմասն չէ սուրիահայ համայնքը, որուն կրթական հաստատութիւնները, եկեղեցիները, առեւտրական կեդրոնները դարձած են յարձակումներու եւ աւերումի թիրախ: Երէկի հայահոծ թաղամասերուն տեսարանը փոխուած է այսօր: Շատ մը շրջաններ դարձած են կռուախնձոր, ուրիշ վայրեր` քանդուած: Բազմաթիւ հայեր ակամայ հեռացած են իրենց օճախներէն: Հայապատկան բազմաթիւ հաստատութիւններ կը թալանուին: Յատկապէս Հալէպի պարագային վառելանիւթի եւ սննդանիւթի տագնապները դարձած են սովորական: Գործազրկութիւն` ամէնուրեք եւ սակայն այս բոլոր զրկանքներուն ու տառապանքներուն մէջ հալէպահայ համայնքը կը շարունակէ բաց պահել իր կրթական օճախները, ազգային հոգեւոր կեդրոնները` յանձնառու մնալով իր ազգային առաքելութեան: Ինչ Խօսք, որ անմիջական օժանդակութեան կը կարօտի հալէպահայութիւնը, գործնական օժանդակութեան մասին է խօսքը, անհրաժեշտ է գործնապէս օգնութեան ձեռք երկարել հալէպահայութեան՚, ահազանգ հնչեցուց յարգելի բանախօսը, իր խօսքի աւարտին խաղաղութիւն մաղթելով Սուրիոյ ժողովուրդին եւ սուրիահայութեան:
Համապարփակ այս ելոյթի աւարտին, դոկտոր Գրիգոր Ատանալեան ներկաներուն ծափերը ընդհատելով խնդրեց, որ անոնք ուղղուէին սուրիահութեան, որ իր կեցութեան գոյակռիւը կը մղէր ֆիզիքական, տնտեսական ու ընկերային ծանր պայմաններու տակ:
Գնահատելի այս ձեռնարկին փակումը Պահպանիչով կատարեց Մասիս ծայրագոյն վարդապետ Զոպոյեան: Ապա տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը: