ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Ուրախութեամբ կ’իմանանք, է մեր կայքին յօդուածագիր եւ հայ մամուլի բարեկամ, Արաբական Ծոցի Աստուածաշունի Ընկերութեան նախագահ՝ դոկտ. Հրայր Ճեպեճեան լոյս ընծայած է «Մանուկին Բացատրական Աստուածաշունչը» հատորը:
Որակաւոր այս հրատարակութիւնը չորրորդն է Հրայրին նախաձեռնութեամբ: Մանուկներու եւ պատանիներու համար մատչելի ոճով, պատկերազարդ այս հրատարակութիւնները հայ պատանին աւելի դիւրահաղորդ պիտի դարձնեն Աստուածաշունչին:
Խմբագրական երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքին զուգահեռ, Հրայր յաջողած է հայթայել հրատարակութիւններուն պիւտճէն, որպէսզի զանոնք կարելի ըլլայ ձրի բաժնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Մեր զրոյցին ընացքին, դոկտ. Հրայր Ճեպեճեան յայտնեց, թէ խորհած է Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով սրտաբուխ նուէրով մը ուրախացնել յատկապէ’ս Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ մանուկները: Անոր կարծիքով, լաւագոյն նուէրը պիտի ըլլայ Աստուածաշունը:
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը իր նախագահին՝ դոկտ. Հրայր Ճեպեճեանի նախաձեռնութեամբ, մինչեւ օրս հայ պատանիին համար հրատարակած է չորս մանկա-պատանեկան Աստուածաշունչեր.
«Մանկա- Մեսիա»,«Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը»,«Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը»,«Մանուկին Բացատրական Աստուածաշունչը»
Վերոյիշեալ հրատարակութիւններուն ցրւումը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս պիտի ըլլայ անվճար՝ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Սփիւռքի տարբեր գաղութներու հայ պատանիներուն:
Գնահատելի աշխատանք: Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք յարգելի մտաւորական, հրապարակագիր դոկտ. Հրայր Ճեպեճեանին: Միշտ անհամբեր սպասելով հայ իրականութենէն վերցուած, խոհական, կրօնադաստիարակչական անոր յօդուածները: