Հինգշաբթի երեկոյեան, «Կամար» գրական անկախ պարբերաթերթի կազմակերպութեամբ, Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Լիբանանի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեանի, հայր Սեպուհ Կարապետեանի, մտաւորականներու, բարեկամներու հոծ ներկայութեան, տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ ծանօթ մտաւորական, կրթական մշակ, հրապարակագիր դոկտ. Մինաս Գոճայեանի նոր հրատարակութեան ՝ «Մորմոքող Անցեալի Արահետներով. Ուխտագնացութիւն Դէպի Պատմական Հայաստան» գիրքին գինեձօնը:
Հադիսութեան բացումը կատարեց «Կամար» պարբերաթերթի խմբագրապետ, մատենագէտ, կրթական մշակ Ժիրայր Դանիէլեանը՝ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Հակիրճ՝ ներկայացուց օրուան հեղինակը՝ դոկտ. Մինաս Գոճայեանը, հասարակական գործիչը, մարդը, ուսուցիչը եւ յատկապէս շեշտելով դոկտ. Գոճայեանի նկարագրային յատկանիշներէն՝ սկզբունքներուն հաւատարիմ, յանձնառու մտաւորականը.« Մենք հաւաքուած ենք Մինասին երկայութիւնը վայելելու աստեղ: Մինսին կենսագրութիւնը պիտի չներկայացնեմ, ներկաներուդ ջախջախիչ մեծամասնութիւնը այստեղ գտնուողներուն Մինասը լաւ կը ճանչնան: Մինասը եղաւ այն անձը, մտաւորականը, որ յանձնառու մարդու, յանձնառու հայու կեցուածք որդեգրեց: Զանազան պատճառներով իր քայլերը ուղղուեցան Լիբանանէն դուրս: Համաշխարհայնացումի համայնակուլ հովերը չկրցան ցնցել յանձնառու մտաւորականը: Ան մնաց հաւատարիմ իր յանձնառութիւններուն, հակառակ իր դէմ ցցուած բազում դժուարութիւններուն: Դժուարագոյն պայմաններու տակ իր տեսակէտներուն ջերմ պաշտպանը մնաց: Մնաց պատնէշի վրայ: Երբ «Երիտասարդ Հայ»ը իբրեւ նոր երեւոյթ, երիտասարդական պոռթկում, Լիբանանի այս ափերուն սկսաւ լոյս տեսնել, Մինասը եղաւ «Երիտասարդ Հայ»ու ջերմ պաշտպաններէն: Ան հեղինակեց հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասագրքեր, որոնք մինչեւ այսօր կ’օգտագործուին Միացեալ Նահանգներու հայկական կրթօճախներու մէջ: Մինասը նաեւ 2005 թուականին լոյսին բերաւ Տէորթիոլի յուշամատեան պատմագիրք» . շեշտեց Ժիրայր Դանիէլեան:
«Կամար» պարբերաթերթի խմբագրական կազմի անդամ Արամ Սեփեթճեան հակիրճ կերպով կատարեց դոկտ. Մինաս Գոճայեանի գրական ու մտաւորական արժանիքներուն, « Մորմոքող Անցեալի Արահետներով . Ուխտագնացութիւն Դէպի Պատմական Հայաստան» գիրքին արժեւորումը:
Ապա խօսք առաւ դոկտ. Մինաս Գոճայեան: Յարգելի մտաւորականը շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպող «Կամար» պարբերաթերթի խմբագրութեան, որ իր Պէյրութ կատարած անակնկալ այցելութեան առիթով, շատ հապճեպ կերպով կազմակերպած էր սոյն գինեձօնը .« Շատ ելոյթնե ունեցած եմ: Ամիս չանցնիր, ուր ելոյթներ չունենամ Լոս Անճելոսի մէջ, 200 հոգիէն մինչեւ 25 հազար ներկաներու առջեւ: Բայց այսօրուան այս հանդիսութեան իմ կարճ ելոյթս, կեանքիս ամենալուրջ հանգրուաններէն մէկը պիտի ըլլայ:Կ’ուզեմ Ձեր առջեւ ներկայանալ բաց ճակատով: Երկար տարիներու գրական , հասարակական, կրթական վաստակովս կը երկայանամ Ձեր բոլորին առջեւ». յայտնեց ան:
Դոկտ. Գոճայեան մատչելի ոճով, սահիկներու օգնութեամբ , շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ մեզի փոխադրեց Արեւմտահաստանի եւ Կիլիկիոյ պատմական հողերը: Ան հարցուց թէ ինչո՞ւ գրած էր այս գիրքը եւ պատասխանեց.« Գիրքը ապրումներ եւ մտորումներ են: Պատգամ մը փոխանցել մեր ժողովուրդին: Գացի իմ արմատներուս ծնունդ տուած հայրերուս հողը տեսնելու , գացի աւելի լաւ ճանչնալու այն մարդը, որ այսօր կը բնակի իմ պապերուս հողերուն վրայ, զոր մենք կը կոչենք Կիլիկիա եւ Արեւմտեան Հայաստան: Դոկտ. Գոճայեան նշեց, թէ սոյն աշխատութեամբ կը փափաքէր իր ներդրումը կատարել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ներկաներուն հաղորդակից դարձնելով իր ապրումներուն, դոկտ. Գոճայեան ընդգծեց.« Այսպէս կոչուած այսօրուան Թուրքիոյ մէջ թուրքերը փոքրամասնութիւն են եւ բազմաթիւ թուրքեր, քիւրտեր, թաքուն հայեր ծագումով հայ են, բայց չեն գիտեր իրենց անցեալի մասին.» ընդգծեց ան:
Հանդիսութեան աւարտին, Ժիրայր Դանիէլեան հրաւիրեց «Կամար» պարբերաթերթի խմբագրական կազմի անդամները,Վարդան Ադամեանը, հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը, Մեսրոպ Հայունին որպէսզի տեղի ունենայ գինեձօնի արարողութիւնը: Ապա տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը: