8 Մարտը, որպէս Կանանց Միջազգային Օր, աւելի քան 162 տարուան պատմութիւն ունենալով հանդերձ, վերջերս առաւել ուշադրութեան արժանացած է: Անոր սկզբնական անուանումը եղած է Աշխատաւոր Կանանց Միջազգային Օր: Տարբեր տարածաշրջաններու մէջ տօնակատարութիւնները լուսարձակի տակ առած են կանանց նկատմամբ յարգանքի դրսեւորումը եւ տնտեսական, քաղաքական եւ հասարակական ոլորտներու մէջ անոնց ձեռքբերումները։
Այս տօնին առիթով, մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ կնոջ վերապահուած տեղն ու դերը արժեւորելու եւ մեծարելու նպատակով, «Գանձասար» շաբաթաթերթը լուսարձակի տակ առաւ Սուրիոյ մէջ իգական սեռի ակնառու ներկայացուցիչներ, որոնք կը վարեն պետական բարձրաստիճան պաշտօններ ու պարծանքն են սուրիահայ համայնքին:
Անոնցմէ մէկն է դոկտ. Նորա Արիսեան: Ան ծնած է Դամասկոս, 1967-ին: Աւարտած է Դամասկոսի Համալսարանի Բանասիրութեան բաժինը, իսկ 2001-ին՝ ՀՀ Ազգ. Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան Ինստիտուտը՝ Պատմութիւն մասնագիտութեամբ:
1992-2006-ին աշխատած է Դամասկոսի ՀՀ դեսպանատան մէջ, որպէս գրասենեակի վարիչ, մամուլի պատասխանատու եւ թարգմանիչ: 2006-2009-ին վարած է Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ Վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը:
2005-2011-ին եղած է Դամասկոսի Պետական Համալսարանի դասախօս, իսկ 2014-էն՝ Հայագիտական բաժինի պատասխանատու:
2010-2013-ին գործակցած է Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան հետ, որպէս թարգմանիչ եւ խորհրդատու:
Ան հեղինակն է 5 աշխատութիւններու. «Հայերու Արհաւիրքը Սուրիական Մտքին Մէջ, Սուրիացի Մտաւորականներու Դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան Նկատմամբ», Պէյրութ, 2002, «Հայոց Ցեղասպանութեան Արձագանգները Սուրիական Մամուլին Մէջ (1877-1935)», Պէյրութ, 2005, «Տէր Զօր, Մարտիրոսաց Քաղաք», Հալէպ, 2010, «Սուրիահայ Երեսփոխանները Սուրիոյ Խորհրդարաններուն Մէջ 1928-2011», Դամասկոս, 2011, «100 Տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Արաբական Վկայութիւններ», Պէյրութ, Հայկազեան Համալսարան, 2015:
Արաբերէնի թարգմանած է 11 գիրք, իր գրիչին կը պատկանին նաեւ արաբերէն եւ հայերէն շարք մը յօդուածներ ու թարգմանութիւններ:
Դասախօսութիւններով հանդէս եկած եւ մասնակցած է Ցեղասպանութեան թեմայով զանազան գիտաժողովներու:
Ան Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքէջի խմբագիրն է: Անդամ է Արաբ Գրողներու Միութեան:
2006-ին պարգեւատրուած է ՌԱ Կուսակցութեան «Վահան Թէքէեան» շքանշանով, 2011-ին՝ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով, իսկ 2012-ին՝ ՀՀ նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:
2016-ին ընտրուած է Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ:
Քանի մը հարցումներով կը դիմենք դոկտ. Արիսեանին՝ յաւելեալ տեղեկութիւններ տալու մեր ընթերցողներուն:
«Գանձասար».- Դոկտ. Նորա Արիսեան. սուրիահայ իգական սեռի ներկայացուցիչ մը, որ ապրելով արեւելեան միջավայրի մէջ, փոքր տարիքէն ակնառու ներկայութիւն եղած է ոչ միայն հայկական, այլ սուրիական միջավայրին մէջ՝ իր հրապարակագրական, թարգմանչական եւ վերջերս նաեւ քաղաքական գործունէութեամբ: Հետաքրքրական է իմանալ, թէ սուրիական միջավայրին մէջ իգական սեռը որքանո՞վ ազատ աշխատելու, իր նախասիրութիւնները զարգացնելու եւ յառաջանալու կարելիութիւն ունի:
Նորա Արիսեան.- Ընդհանրապէս միջին արեւելեան միջավայրի ընկերութիւնները հակուած են արական գերիշխող հասարակութիւններ ըլլալու, չըսելու համար որ երբեմն նաեւ եւրոպական ընկերութիւններն ալ նոյն վերաբերմունքը ունին: Սակայն պէտք է ըսել, որ Սուրիոյ մէջ բաւական յաջող ընթացք ունի կանանց ներկայութիւնը ընկերութեան կարեւոր բնագաւառներուն մէջ, ըլլան անոնք քաղաքական, իրաւական, ռազմական, կուսակցական, կրթական եւ այլն:
Կը հաստատեմ նաեւ, որ Սուրիոյ սահմանադրութիւնը քաղաքացիներու իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու հաւասարութիւնը ապահոված է առանց սեռի խտրութեան: Սուրիոյ մէջ բաւական օրէնքներ կան, որոնք կ’ապահովեն կնոջ իրաւունքները, եւ սուրիացի կինը կը ջանայ իր դերակատարութիւնը զարգացնել ընկերութեան մէջ:
«Գ.»- Դուք առաջին հայ իգական սեռի երեսփոխանն էք Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս, եթէ չեմ սխալիր: Գիրք մըն ալ հրատարակած էք սուրիահայ երեսփոխաններու մասին: Ինչպէս կ’արժեւորէք Սուրիոյ խորհրդարանի գործունէութիւնը պատերազմական այս ծանր տարիներուն եւ ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ կ’ուզէք տեսնել խորհրդարանական աշխատանքներուն մէջ:
Ն. Ա.- Այո, պատիւը ունիմ Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս, նաեւ արաբական երկիրներու խորհրդարաններէն ներս առաջին հայ իգական սեռի երեսփոխանը ըլլալու:
Խորհրդարանի առաքելութիւնը կը կայանայ օրէնսդրական եւ վերահսկողական գործառոյթներուն մէջ, եւ այդ պատճառով ալ 2016-ի նստաշրջանի խորհրդարանը տարբեր կազմ ունեցաւ, նկատի առնելով Սուրիոյ պատերազմական իրավիճակը, ուրեմն ներկայ փուլը յաւելեալ ճիգ կը պահանջէ մարդկային եւ ընկերային բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ արտաքին յարաբերութիւններու առումով:
«Գ.»- Որպէս Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ, ինչ հեռանկարներ կը տեսնէք երկու երկիրներու խորհրդարանական գործակցութեան առումով:
Ն. Ա.- Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական յարաբերութիւնները 25 տարուան վրայ երկարող պատմութիւն ունին: Յայտնեմ, որ Մարտ 2017-ին Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովը կազմուեցաւ, իսկ Հայաստան-Սուրիա խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովը կազմուեցաւ Յուլիս 2017-ին: Այս երկուքը, բնականաբար, պիտի խթանեն երկու երկիրներու միջեւ խորհրդարանական յարաբերութիւններուն զարգացումը եւ նոր կամուրջ պիտի հանդիսանան ի նպաստ ժողովրդական դիւանագիտութեան յարաբերութիւններուն, որոնք պիտի ընդգրկեն տարբեր բնագաւառներ:
«Գ.»- Վերջերս, որպէս Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, մասնակցեցաք Սոչիի միջսուրիական ազգ. երկխօսութեան ժողովին եւ մաս կազմեցիք ժողովին կողմէ ընտրուած Սուրիոյ Սահմանադրութեան Վերանայման Յանձնաժողովին: 150 սուրիացիներէ բաղկացած այս յանձնաժողովը աշխատանքային ինչպիսի՞ մեքանիզմով պիտի գործէ եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր վստահուած աշխատանքը իր ամբողջութեան մէջ:
Ն. Ա.- Սոչիի ժողովի մասնակիցները որոշեցին յատուկ յանձնաժողով կազմել «Սահմանադրութեան քննարկման յանձնաժողով» անուան տակ, որ կազմուած է 150 անդամներէ. 100 պետական-կառավարական անդամ եւ 50 ընդդիմադիր անդամ: Յանձնաժողովի առաքելութիւնն է քննարկել 2012 թուականէն գործող սահմանադրութիւնը, պայմանով որ աշխատանքը կատարուի Սուրիոյ մէջ եւ սուրիացիներուն կողմէ:
«Գ.»- Կը շնորհաւորենք ձեզ դոկտ. Նորա Արիսեան Կանանց Միջազգային Օրուան առիթով, ինչպէս նաեւ ոյժ եւ կորով կը մաղթենք շարունակելու ձեր այս վսեմ առաքելութիւնը:
Հարցազրոյցը վարեց
Շաղիկ Սրուրեան
«Գանձասար»