Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան հիմնարկը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան նշանակուած է «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժինի վարիչ-տնօրէն։ Ան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ այս տարուան Փետրուար 1-ին։
Փանոսեան իր դոկտորայի աւարտաճառը պաշտպանած է Լոնտոնի Տնտեսութեան եւ քաղաքական գիտութեանց համալսարանին մէջ, ուր նաեւ դասաւանդած է։ Ան բազմաթիւ հրատարակութիւններ ունի հայկական նիւթերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ՝ հատոր մը, որ նուիրուած է հայ ազգային ինքնութեան, ու արժանացած է մասնագիտական ջերմ գնահատանքի։ Ան լայն փորձառութիւն կուտակած է աւագ կառավարման մէջ, ներառեալ՝ բազմամիլիոն տոլարնոց ծրագիրներու եւ միջազգային զարգացման նպաստներու։ Երկար տարիներ ծառայած է որպէս քաղաքականութեան, ծրագիրներու եւ ծրագրումի տնօրէն՝ Մոնրէալի մէջ կառավարական կազմակերպութենէ մը ներս։ Ան նաեւ աշխատած է ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրին համար։ Կը խօսի անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն։
«Կ՛ընդունիմ այս պաշտօնը ուրախութեամբ եւ խոնարհութեամբ», ըսած է Փանոսեան ու աւելցուցած. «Ասիկա Սփիւռքի ամէնէն կարեւոր պաշտօններէն մէկն է։ Պատրաստ եմ շարունակելու իմ նախորդներուս աշխատանքը եւ ա՛լ աւելի ամրացնելու ու ընդարձակելու հիմնարկի գործը՝ կեդրոնացեալ ու համակարգեալ ձեւով, աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու հետ»։
Մարթին Եսայեան՝ Հայկական համայնքներու բաժինի պատասխանատու հոգաբարձու եւ հիմնարկի հիմնադիր Գալուստ Կիւլպէնկեանի թոռնորդին, ըսած է. «Ինծի մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ այն իրողութիւնը, որ դոկտ. Փանոսեան Հայկական բաժինի տնօրէն նշանակուած է։ Ան բացառիկ փորձառութեամբ կու գայ այս պաշտօնին եւ մեզի կը բերէ միջազգային ու համադրական անհրաժեշտ հեռանկար։ Նշանակումը հետեւած է միջազգային փնտռտուքի մը, որուն մէջ ընդգրկուած էին բազմաթիւ արժանի թեկնածուներ»։