Յարութիւն Իսկահատեան- ՊԱՅՔԱՐ 125
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան Հիմնարկին մէջ պաշտպանած իր դոկտորական թէզը եղող՝ «Արեւմտեան Հայաստանի Մէջ Օսմանեան Կառավարութեան Քաղաքականութիւնը Եւ Միջազգային Ոյժերու Կեցուածքը Անոր Նկատմամբ» խորագրեալ արաբերէն գիրքին («Տար Ալ-Նատուա Ալ-Ժատիտա» հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 1996, 312 էջ) յառաջաբանին մէջ (էջ 3) կ’ըսէ, թէ Հայոց Ցեղասանութիւնը ուսումնասիրող արաբներու, նաեւ արաբ եւ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններէն հայկական հարցով հետաքրքրուողներուն համար 1986ը հայկական եղաւ, որովհետեւ այդ տարին հայկական հարցի արծարծման ծիրին մէջ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրուեցաւ: Արդարեւ այդ տարին, հեղինակին պատրաստութեամբ եւ ներկայացմամբ լիբանանեան «Լերան Ձայնը» («Սաութ Ալ-Ժապալ») ռատիոկայանէն հայկական հարցի շուրջ «Հայերը՝ Ժողովուրդ Եւ Դատ» վերնագրեալ արաբերէնով մասնայատուկ յայտագիր մը, երեք ամիս շարունակ սփռուելով բազմաթիւ լիբանանցիներու եւ արաբներու տուները մտաւ: Յայտագիրը պատրաստող դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին անկէ տարի մը ու երեք ամիս անց նոյնանուն խորագիրով՝ «Հայերը՝ Ժողովուրդ Եւ Դատ», այդ յայտագիրներուն շարքին բովանդակութիւնը պարփակող արաբերէն գիրք մը լոյս ընծայեց, «Տեղեկատուութեան Եւ Ուսումնասիրութեանց Ազգային Կեդրոն – Տար Ալ-Թաքատումիա» հրատարակչատունէն, Մըխթարա (Լեռնալիբանան), 1988, 333 էջ:
Հեղինակը կ’աւելցնէ, որ «Լերան Ձայն»ը ռատիոկայանի «Հայերը՝ Ժողովուրդ Եւ Դատ» խորագրեալ յայտագիրին յաջորդաբար սփռումներուն, ապա համանուն վերնագիրով հրատարակուած գիրքին լոյս ընծայման առիթով՝ շնորհակալական, շնորհաւորական եւ քաջալերական բազմահարիւր հեռագիրներ տեղացած են սոյն ռատիոկայանը, լիբանանեան, արաբական եւ հայկական հաստատութիւններէ ու անձնաւորութիւններէ: Նոյն ատեն քանի մը դատապարտող եւ սպառնացող հեռագիրներ ալ հասած են թրքական եւ անոնց արբանեակ կողմերէ, քննադատելով «Լերան Ձայնը» ռատիոկայանը այս յայտագիրին սփռման համար, որուն ալիքները կը հասնէին բազմաթիւ արաբական երկիրներ:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին այս գիրքի «Հայոց Ծագումը, Բնօրրանն Ու Մշակոյթը» (էջ 11-36) խորագրեալ առաջին գլուխին մէջ կը ներկայացնէ հայոց ծագումնաբանութիւնը, սկիզբը ըստ պատմահայր Մովսէս Խորանացիի: Ապա ան այս մասին իր ուսումնասիրութեան հորիզոնը աւելի լայն բանալով կը յիշէ գիտական հիմունքներով ներկայացուած տեսութիւնները հայ ազգին ծագման մասին: Պատմահօր գիրքին մէջ նշուած է հայոց ազգին կազմաւորման թուականը որպէս Քրիստոսէ առաջ ութերորդ դարը, հիմնուած այդ ժամանակին անոր ունեցած պատմական տուեալներուն վրայ: Իսկ գիտական հիմունքներու վրայ հիմնուած տուեալները հայ ազգին ծնունդը կը տանին մինչեւ վեց հազար տարի առաջ, ըստ բազմաթիւ հնագիտական պեղումներու արդիւնքներուն: Այս գլուխը հայոց պատմութեան արժէքաւոր մէկ ամփոփումն է, որ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին տքնաջանօրէն հաւաքած ու համադրած է, յիշելով հայոց բոլոր մայրաքաղաքները ժամանակագրական կարգով: Այս գլուխին մէջ հեղինակը մանրամասնօրէն կ’անդրադառնայ նաեւ հայոց լեզուին եւ մշակոյթին:
Գիրքին երկրորդ գլուխին մէջ, որ խորագրուած է «Հայերը Թրքական Լուծին Տակ» (էջ 37-66), դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’ըսէ թէ օսմանցի սուլթաններուն քաղաքականութիւնը իրենց ենթակայ ժողովուրդներուն նկատմամբ հիմնուած էր «Բաժնէ որ տիրես» բնաբանին վրայ, եթէ կարելի է այդ մէկը բնաբան կոչել: Թուրքերը փոխանակ խաղաղութեամբ կառավարելու իրենց իշխած տարածքները, կարգ մը իսլամ ազգեր զինելով եւ անոնց ժամանակաւորպէս նեցուկ կանգնելով, դէմ հանեցին ուրիշ քրիստոնեայ ազգերու եւ մանաւանդ՝ հայերու: Անոնք շռայլօրէն զինեցին քիւրտերն ու չէրքէզները, ընկճելու համար հայերը, յոյներն եւ ասորիները: Այս արարքին մէջ առկայ էին ոչ միայն պարզ հալածանքներն ու կեղեքումները, այլ լայնածաւալ կոտորածներ ալ տեղի կ’ունենային: Թուրքերը կը նայէին բրիտանացի գաղութարարներու արարքներուն եւ անոնց մեթոտներուն կը հետեւէին, ինչպէս կ’ըսէ բրիտանացի մասնագէտ դասախօս Զիլի: Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’աւելցնէ ըսելով, թէ հայերն ու քիւրտերը դարերով խաղաղութեան մէջ ապրած են: Թուրքերը այս երեւոյթը իրենց դէմ ուղղուած սպառնալիք մը կը սեպէին: Սկիզբը հայերն ու քիւրտերը նման էին իրար հետ խաղաղ դաշնակցութիւն կնքած ազգերու: Ըստ հեղինակին, զանազան պատմական աղբիւրներ կը յիշեն որ թուրքերը սկիզբէն որոշում տուած էին բնաջնջելու հայերը, որովհետեւ քիւրտերը իսլամ էին եւ դիւրին էր զանոնք իրենց մէջ կլանել (էջ 37-38): Ան կ’ըսէ թէ հայերը ընկճելու եւ բնաջնջելու նպատակին համար էր որ թուրքերը բազմահազար չէրքէզներ ընդունեցին իրենց իշխանութեան տակ գտնուող հողերուն վրայ (էջ 47-55): Նոյնպէս քիւրտերէ բաղկացած Համիտիյէ զօրախումբերու կազմութիւնը ուղղուած էր հայոց դէմ (էջ 55-58):
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին գիրքին 3-րդ գլուխին մէջ՝ «Հայոց Ջարդերը Տասնըիներորդ եւ Քսաներորդ Դարերուն» վերնագրով (էջ 67-104), առարկայականօրէն կը ներկայացնէ մեզի ծանօթ հայկական ջարդերը, ապա չորրորդ գլուխին մէջ, որ խորագրուած է «Թուրքերու Պնդումները Հայոց Ցեղասպանութեան Շուրջ» կու տայ անոնց սուտ եւ կեղծ արդարացումները իրենց ձեռքով գործած ոճիրներուն նկատմամբ: Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’ըսէ թէ թուրքերը հայոց ինքնապաշտպանական զինեալ արարքները կը նկատէին իբրեւ ահաբեկչական գործողութիւններ ու այս ծիրին մէջ թուրք «պատմաբանները» խօսելով քսաներորդ դարու վերջին քառորդին մէջ թուրք դիւանագէտներու սպանութեան մասին կ’ըսեն. «Հայկական ահաբեկչութիւնը, որ ծագեցաւ 19-րդ դարու վերջերը տակաւին կը գոյատեւէ» (էջ 106): Ծածկելու համար իրենց գործած ահռելի ոճիրները, Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու նախարարը 1983-ին ըսած է. «Հայ ահաբեկիչները վճռած են գործադրել ցեղասպանութիւն մը ներկայիս ինչպէս որ անոնք ըրած են քսաներոդ դարու սկիզբը» (էջ 106): Այսպիսով ամբողջ աշխարհի առջեւ թուրքերը իրենց գործած ոճիրները կը վերագրեն հայոց: Այս ուղղութեամբ նշեք թէ մինչեւ հիմա ո՛չ վեհաժողովները, ո՛չ համաձայնութիւններն ու քաղաքականութիւնը կրցած են զսպել թուրքերը, այլ միա՛յն հայոց ինքնապաշտպանական երկսայրի զինեալ պայքարը, որ սառսրեցուցած է օսմանցիներն ու թուրքերը:
«Հայոց Ցեղասպանութեան Նկատմամբ Միջազգային Հասարակաց Պատասխանատուութիւնը» (էջ 149-190) խորագիրին տակ, հինգերորդ գլուխին մէջ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’ընդգծէ ոչ միայն միջազգային անպատասխանատու կեցուածքը, այլ նաեւ կարգ մը հզօր երկիրներու հայոց դէմ թշնամական դիրքորոշումը՝ Հայասպանութեան հանդէպ ուրացումի եւ հերքումի խառն կեղծիքով դրսեւորուած: Այս ուղղութեամբ կ’արժէ շեշտել թէ այս պետութիւններու յարատեւօրէն Հայասպանութեան ուրացումը մեծապէս կը նպաստէ աշխարհի վրայ ցեղասպանութիւններու իրականացման, նաեւ կը քաջալերէ թուրքերն ու իրենց նման վայրենի ազգ-պետութիւնները ցեղապաշտական նպատակներու համար գործելու՝ նոր ոճիրներ ու ցեղասպանութիւններ գործադրելով, ինչպէս մեր օրերուն ականատես կ’ըլլանք պաղետինցի ժողովուրդին կոտորածներուն սիոնիստ Իսրայէլի կողմէ: Դժբախտաբար կարգ մը արեւմտեան մեծ պետութիւններ Իսրայէլի հետ նենգութեան եւ ոճիրներու առանցք մը կազմած են ո՛չ միայն պաղեստինցի ժողովուրդին, այլ ուրիշներու դէմ ալ, ուր շահագործելով «ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» սին լոզունգը ահռելի ոճիրներ կը գործեն եւ զանոնք լրբօրէն «գարուն»ներ կը կոչեն: Այս առանցքի պետութիւններն են որ մինչեւ օրս բառախաղերով Հայոց Ցեղասպանութիւնը չեն ճանչնար եւ դատարկախօսական լարախաղացութեամբ փաստականօրէն Թուրքիոյ կ’օժանդակեն:
Գիրքին վեցերրորդ գլուխին մէջ որ վերնագրուած է «Հրեաներու Եւ Սիոնիզմի Դերը Հայոց Դատին Մէջ» (էջ 191-232), դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին բազմաթիւ աղբիւրներ եւ պատմական վաւերաթուղթեր վկայակոչելով կ’ընդգծէ սիոնիզմի ունեցած բացասական դերը հայոց բնաջնջման ոճիրին ծրագրման ու գործադրման մէջ, նաեւ օգտուելով լիբանանահայ մտաւորականներ Պարոյր Երէցեանի եւ Գասպար Տէրտէրեանի գործերէն: Այս մասին հեղինակը կը մէջբերէ արաբ պայքարող Շեքիպ Արսլանի խօսքը. «Սիոնիզմը միայն արաբներու դէմ չէ եղած, այլ նաեւ բոլոր ժողովուրդներու համար ան ճամբաները կտրող ու գող է»: Հեղինակը այս գլուխին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձած է նաեւ սիոնիզմի գործելակերպին ու աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու դէմ ունեցած նենգ մտադրութիւններուն:
Գիրքին 7-րդ գլուխը վերնագրուած է «Հայերը Լիբանանի Մէջ» (էջ 233-276), ուր դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կը խօսի լիբանանահայ համայնքի կենսունակութեան եւ երկրին համար ունեցած դրական գործունէութեան մասին:
«Յաւելուած» վերնագրեալ բաժինին մէջ (էջ 277-326), դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին արաբ ընթերցողին կը ներկայացնէ ամբողջական Հայաստանի քարտէսը, Մէքքէի Շերիֆ Հիւսէյն Պըն Ալիի 1916ին հրապարակած հայ գաղթականները պաշտպանելու եւ պատսպարելու հրովարտակին պատճէնը, Երիտթուրքերու սիոնիզմի առընչութեամբ վերաբերեալ վաւերաթուղթերու պատճէններ եւ հայ-արաբական յարաբերութեանց վերաբերող փաստաթուղթեր: Այս բաժնին կը յաջորդէ սոյն ուսումնասիրութեան համար օգտագործուած արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով աղբիւրներու ցանկը (էջ 327-333):
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտինի «Հայերը՝ Ժողովուրդ Եւ Դատ» արաբերէն ուսումնասիրութեան ծննդոցին ու բովանդակութեան ծանօթանալը ինքնին կը խօսի գիրքին բացառիկ կարեւորութեան ու կատարած դերին մասին, մանաւանդ նկատի ունենալով անոր գիտականութիւնն ու հրատարակութեան թուականը՝ երբ արդէն սկսած էր Արցախեան պահանջատիրական շարժումը եւ հայոց նկատմամբ նախորդ տարիներուն հայկական նորագոյն զինեալ ազատագրական պայքարով ստեղծուած հետաքրքրութիւնը համաշխարհայնօրէն կրկնապատկուած էր: Արդարեւ աւելի քան երեսուն տարուան հեռաւորութենէ դիտելով եւ քննարկելով այս աշխատութիւնը, իսկապէս երախտագիտական ու շնորհաւորելի է հեղինակին կատարած գործը: