Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի առցանց 26-րդ լսարանին զեկուցեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէն դոկտ. Վահան Տէր Ղեւոնդեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսութեան սկիզբը Տէր Ղեւոնդեան ներկայացուց մատենադարանի պատմականը, 1915-էն ի վեր, հասնելու համար մեր օրերը: Ս. Էջմիածինէն Երեւանի ազգային գրադարան եւ ապա Մատենադարանի այսօրուան շէնքը Տէր Ղեւոնդեան ներկայացուց ձեռագրային արխիւներու համալրման փուլերը:
Բացատրելով մատենադարանի գիտահետազօտական հիմնարկի կարգավիճակը` մատենադարանի տնօրէնը խօսեցաւ տարբեր բնոյթի հրատարակութիւններուն մասին` «Բանբեր մատենադարանի», «Մատենագիրք հայոց», մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց, ձեռագիրներու յիշատակարաններ, տնտեսութեան պատմութեան վաւերագիրներ, օտար աղբիւրներ Հայաստանի եւ հայութեան մասին:
Մատենադարանի կազմակերպած գիտաժողովներուն մասին խօսելով` դասախօսը կեդրոնացաւ իրանագէտ Յակոբ Փափազեանի եւ Գրիգոր Տաթեւացիի յատկացուած գիտաժողովներուն վրայ:
Տէր Ղեւոնդեան ապա խօսեցաւ մատենադարանի կազմակերպած կեդրոնական եւ յարակից սրահներու մնայուն եւ ժամանակաւոր ցուցահանդէսներուն բնոյթին, ընդառաջումներուն եւ ներկայի դժուար պայմաններուն մէջ ցուցահանդէսներու նոր ձեւաչափի կայացման անհրաժեշտութեան մասին:
Մատենադարանի տնօրէնը յատուկ բաժինով նախ հաստատեց, որ Գանձասարէն Արցախի ձեռագիրները պատերազմի օրերուն փոխադրուած են Երեւան: Ան աւելցուց, որ մատենադարանի կայքը, որ փոխներգործօն քարտէսներով օժտուած է, պատերազմի օրերուն ենթարկուած է ազրպէյճանցի կայքահէններու յարձակումներուն եւ որուն պատճառով որոշ ժամանակի համար փակուած է առ ի ապահովութիւն:
Նոր արհեստագիտութեան, թուայնացումի եւ նման ծրագիրներ իրականացնելու համար մատենադարանին կ՛աջակցին «Կիւլպէնկեան» հիմնարկն ու «Աւրորա» մարդասիրական հիմնադրամը:
Դասախօսութեան վերջին բաժինով Տէր Ղեւոնդեան անդրադարձաւ մատենադարանի գիտահետազօտական հրատարակութեանց ազրպէյճանական հակազդեցութիւններուն եւ բողոքներուն: Ազրպէյճանական պատմամշակութային նենգափոխումներուն գիտականօրէն հակազդելու հրամայականը շեշտելով` դասախօսը հաստատեց. «Մենք լուրջ խնդիր ունինք Արցախը գիտականօրէն աշխարհին ծանօթացնելու: Եւ այդ առումով մատենադարանը գիտահետազօտական աշխատանքներ կ՛իրականացնէ տարբեր լեզուներով: Ազրպէյճանական եւ թրքական բոլոր յերիւրանքներուն պէտք չէ հակազդել. լուրջ եւ գիտական յօդուածները կրնան հասնիլ աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր կեդրոններուն»: