Երեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական կեդրոններու եւ դպրեվանքներու միութեան (ՄԱԱԿԴՄ-ATIME) առցանց ժողովը, որուն ընթացքին, զանազան նիւթերու առընթեր, յատուկ քննարկումի առարկայ դարձան ստեղծագործ մօտեցումներու, բնապահպանման ծրագիրներու եւ միջեկեղեցական շարժումի համագործակցութեան մարզերու առնչուող նիւթեր: Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի աստուածաբանական նիւթերուն եւ էքիւմենիք շարժումի գործունէութեան կարեւորութեան:
Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, դպրեվանքին յիշեալ առցանց ժողովին մասնակցեցաւ դպրեվանքի հսկիչ Գէորգ վրդ. Գարակէօզեան:
Յայտնենք, որ 2023-ի մայիս ամսուան ընթացքին, Լիբանանի Պալամանտ համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ միութեան յաջորդ հանդիպումը` քննելու եւ կազմակերպելու Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող աստուածաբանական համալսարաններու ուսանողներուն համար կազմակերպուելիք ամառնային ճամբարը, Եգիպտոսի մէջ: