Զրոյց–Հանդիպում`
Իվան Արտահլճեանի Հետ
Կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2022-ին դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանէն ժամանած ՀՕՄ-ի «Ջաւախք հիմնադրամ»-ի ներկայացուցիչ Իվան Արտահլճեանին: Այցելութեան նպատակն էր դպրեվանքի Ընծայարան բաժնի աշակերտներուն ծանօթացնել ՀՕՄ-ի «Ջաւախք հիմնադրամ»-ի ծրագիրն ու առաքելութիւնը:
Դասախօսութեան ընթացքին Ի. Արտահլճեան ըսաւ. «Մեր հիմնական նպատակն է հայը պահել իր պատմական հողին վրայ, որովհետեւ Ջաւախքի մէջ հայեր հազարաւոր տարիներ ապրած եւ կարեւոր ներդրում ունեցած են»:
Աւարտին տեսուչ հայր սուրբը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց օրուան դասախօսին` ըսելով. «Մենք այսպիսի գործունէութիւններ պէտք է արժեւորենք, որովհետեւ անոնք դժուար պայմաններու տակ կը տարուին: Հետեւաբար մենք աղօթող ենք, որ Բարձրեալն Աստուած հազարապատիկով յաջողութիւն պարգեւէ»:
Աղօթական Կեանքի Սկիզբ
Ուրբաթ, 28 հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի տեսչութեան տնօրինումով եւ Ուսանողական խորհուրդի կազմակերպութեամբ, «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի աւանդութիւններու շարքին դասուած «Աղօթքի երեկոյ»-ն:
Այս աւանդութիւնը կը հանդիսանայ այն լաւագոյն առիթներէն մէկը, որուն ընդմէջէն դպրեվանքի Ուսանողական խորհուրդի սարկաւագները կը փորձեն քաջալերել նորեկ աշակերտները` մասնակից դարձնելու համար զանոնք դպրեվանքի աղօթական կեանքին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ներսէս Պաճաքեան, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց աղօթքի կարեւորութիւնը դպրեվանքի կեանքին մէջ: Ան ըսաւ. «Աղօթքը մեր ներսիդին կը ստեղծէ հոգիի խաղաղութիւն մը, որ կը նմանի կապուտակ խաղաղ երկինքի մը, ուր մարդ կ՛ուզէ իր հանգիստը գտնել»: Անկէ ետք Գաբրիէլ Թահանեան կարդաց Նարեկ աղօթամատեանէն հատուած մը, ապա նորեկ սաները հերթաբար բեմ բարձրանալով` աղօթք բարձրացուցին առ Բարձրեալն Աստուած: Ապա Սերժ սրկ. Քիւշէրեան ասմունքեց «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութիւնը, որուն դաշնամուրով ընկերակցեցաւ Գէորգ Այվազեանը: Աւարտին Գարլօ Մարտիրոսեան մեներգեց Կոմիտաս վարդապետի մանուկներու համար գրուած «Հայր Մեր»-ը:
Այնուհետեւ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը կատարեց մրցանակաբաշխումը. նորեկներէն առաջին հանդիսացաւ Յովիկ Խաչիկեան, երկրորդ` Քրիստափոր Գայէշեան, եւ երրորդ` Ժան Օքչաօղլեան:
Մրցանակաբաշխումէն ետք տեսուչ հայր սուրբը իր հայրական խօսքը արտասանեց` ըսելով. «Մեր կեանքը անիմաստ կը դառնայ, երբ դադրինք զԱստուած փառաբանելէ: Առանց աղօթքի` մեր կեանքը անպտուղ կը դառնայ»: Ան նաեւ շեշտեց աղօթքի ուժին նկատմամբ հաւատք ցուցաբերելու կարեւորութիւնը:
Երեկոն իր աւարտին հասաւ ժամագիրքերու բաշխումով: