Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ժամանակակից ընկերութիւնները, հակառակ ջատագովուած արդարութեան, հաւասարութեան, ազատութեան, եւ այլ մեծ գաղափարներու (յաճախ ընտրական կամ այլ ճառեր զարդարող), կը յատկանշուին սանձարձակ մրցակցութեամբ, որ կը ծառայէ անհատապաշտութեան, նիւթապաշտութեան եւ դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան, ինչպէս յայտարարած էր Հռոմի սրբազան քահանայապետ Պիոս ԺԱ.-ը (1857-1939): Ճկոյթի ետին պէտք չէ թաքնուիլ. ժամանակակից ընկերութիւններու գերագոյն արժէքը դրամն է:
Ոչ ոք կ’ուզէ ետ մնալ այս արշաւէն:
Այսպէս է կացութիւնը եւ ան դարձած է համատարած համակարգ:
Այդպէս կը շնչեն մանուկները տան մէջ եւ այդ շունչը կը տանին դպրոց:
Անցեալին դպրոցները դաստիարակութեան կը ծառայէին: Ուսուցիչը կը կոչուէր նաեւ դաստիարակ: Թէեւ ընտանիքն ալ կրթութեամբ կը զբաղէր: Այսօր ուշադրութիւնը կեդրոնացած է ուսման (գիտութեան) եւ յաջողութեան վրայ, կրնանք նոյնիսկ ըսել, որ կրթութիւնը դարձած է երկրորդական մտահոգութիւն: Իսկ դաստիարակութիւնը տեղի տուած է թիւր ըմբռնուած մանկան ազատութեան ըմբռնումին առջեւ, եւ հետեւանքները տեսանելի են: Կացութիւնը հարկ է քննել առանց վախնալու յետադիմական համարուելու լուտանքէ:
Ո՞վ կրնայ կասկածիլ, թէ կրթութիւն, ուսում եւ դաստիարակութիւն կարելի է իրականացնել առանց նուազագոյն ճնշումի, զրկուածի զգացում ներշնչելու (frustration):
Դպրոցի, կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցը զբաղեցուցած է հիները: Այսօր, համատարած է յստակ միտումը` սերունդը պատրաստել գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան, որպէսզի ան կարենայ քայլ պահել արդի ընկերութեան հետ եւ յաջողի կեանքին մէջ: Այս արշաւին մէջ հետզհետէ նեղցած է դաստիարակութեան դաշտը: Նոյնիսկ լաւագոյններու պարագային, դպրոցները կը հպատակին այս յաջողութեան եւ մրցակցութեան համակարգին, ինչպէս պետութիւնները, ընտանիքը, եւ անոնց կրնկակոխ կը հետեւի սերունդը: Աւելի պարզ. դպրոցը կը հպատակի գործնապաշտութեամբ բնորոշուող ընտանիքի-ընկերութեան ճնշման:
Ուսման, կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցով վիճարկումը բեւեռացուած ձեւով եղած է ԺԶ. դարուն: Ֆրանսացի հռչակաւոր իմաստասէր-գրող Ֆրանսուա Ռապըլէ (1483-1553) կը ջատագովէր շատ գիտութիւն ամբարած անձը պատրաստելու մանկավարժութիւնը (լեցուն գլուխով, une tête bien pleine), իսկ Միշէլ տը Մոնթէնյը (1533-1593) կը նախընտրէր լաւ կազմաւորուած եւ հաւասարակշռուած անձը (լաւ շինուած գլուխով, une tête bien faite): Այսինքն, մին կը նախընտրէր, որ մարդը դառնար գիտութեան անդունդ, իսկ միւսը հաւասարակշռուած եւ բանիմաց անձ մը:
Այդ օրերու ուսման համար ամբարուելիք գիտութեան տարողութիւնը եւ պահանջը ներկայի համեմատութիւնը չունէին: Գիտութեան աճը եւ զանազանութիւնը, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեանց եւ համաշխարհայնացման իբրեւ հետեւանք լեզուներու ծանօթութեան անհրաժեշտութիւնը, պարտադրած են կարծէք շեշտը դնել գիտութեան անդունդ դառնալու ըմբռնումին վրայ, ի հեճուկս հաւասարակշռուած եւ բանիմաց մարդուն: Բանիմացը շատ բան գիտցող կամ այդ յաւակնութիւնը ունեցող բանգէտը չէ, այլ այն անձը, որ իր ստացած գիտութիւնը իմաստութեան վերածած է:
Իմացա՞ծ էք, որ տնտեսապէս հզօր, յառաջադէմ, զարգացած եւ ճարտարարուեսականացած Ճափոնի մէջ անձնասպանութիւններու տոկոսը շատ բարձր է: Իւրաքանչիւր քսան րոպէն, վայրկեանը, որ կ’անցնի, մէկ հոգի անձնասպան կ’ըլլայ: Գիտութիւն ամբարելու եւ յաջողելու մրցակցական քաղաքակրթութիւնը կը կլանէ ամբողջ բնակչութիւնը` ստեղծելով հոգեբանական կացութիւն մը ծնողներուն եւ զաւակներուն համար: Այս վարակը համաճարակ է ո՛չ միայն Ճափոնի համար, որ մեծ երկիր է, որուն հարցերուն լուծումը գտնելու յաւակնութիւնը չունինք:
Բայց մենք մեզի նկատմամբ արդար եւ իմաստուն ըլլալու պարտք եւ պարտաւորութիւն ունինք:
Գիտութեան ամբարումը անհրաժեշտ է, անշրջանցելի, որպէսզի ընկերութեան անդամը յաջողի եւ օգտակար ըլլայ: Միաժամանակ, ուսման կողքին, պէտք է գլխագրուած մարդը պատրաստել, այլապէս նոյնինքն լեցուն գլուխի ջատագով Ռապըլէի իսկ իմաստութեամբ, գիտութիւնը առանց խիղճի եւ գիտակցութեան կը դառնայ աւերակ (science sans conscience n’est que ruine de l’âme): Ուրեմն, կարեւորը իմաստուն համադրութիւնն է, ինչ որ ժամանակակիցներս կը կորսնցնենք` հպատակելով անհատապաշտութեան եւ նիւթապաշտութեան: Երբ չենք իրականացներ այդ համադրութիւնը, մտածելու ու դատելու անկարողութեան իսկական ծաղրանկարային չարիքի կը յանգինք:
Ի՞նչ բան է այդ համադրութիւնը ընդհանրապէս: Աշխատանքի կշռոյթը ժամանակ չի թողուր ծնողներուն զբաղելու ոչ միայն իրենց զաւակներու դասերով, այլ նաեւ դաստիարակութեամբ (որ, կրկնենք, կը համարուի ժամանակավրէպ եւ կ’անտեսուի): Ժամանակակից ընկերութիւնը արագօրէն վատսերելու բոլոր գրաւչութիւնները կը փռէ մեր առջեւ: Հեռատեսիլը, բջիջային հեռախօսը, համակարգիչով խաղերու մոլութիւնը փորձութիւններն են, որոնք մեզ եւ նոր սերունդը կը բանտարկեն ինքն իրմէ դուրս, զարգացնելով մակերեսայնութիւնը:
Այս` ընդհանրապէս:
Հայերու պարագային ուսման, արդիականացման, նիւթապաշտական եւ յաջողելու ձգտումը ունին նաեւ քաւութեան նոխազ մը` ազգային ինքնութիւնը: Ազգային լեզուն, ազգին պատմութիւնը եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը կը դասուին ոչ-անհրաժեշտի կամ պարզապէս աւելորդի սիւնակին մէջ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, երբ երիտասարդը կ’ըսէ, թէ իմ ինչիս է պէտք հայերէնը, ինչ որ ցուցանիշ է այլասերման ընթացքի: Բայց այս ճամբան ցոյց կու տան ծնողներ, երբ աշակերտին սա կամ նա ձեւով կը թելադրեն հայերէնը կարեւոր չնկատել:
Հազուադէպօրէն հայկական վարժարանի ամավերջի տեղեկագիրին մէջ կը լսէք առարկայական գնահատումին հայերէնի մակարդակի եւ որակի մասին, բայց մրցակցական թիւերով կը լսէք այս կամ այն քննութիւններու յաջողութեան մասին, քարոզչական խանդավառութեամբ եւ բաւարարութիւն տալով ծնողներու անմիջական ակնկալութեան: Ազգայի՞նը, իր բոլոր ստորոգելիներով, ակնկալութիւն չէ:
Այդ ազգայինը եւս մաս կը կազմէ իրաւ դաստիարակութեան:
Կրնա՞նք ըսել, պիտի համարձակինք ըսել, հայ աշակերտին հայեցիութեան պակասին անդրադառնալով եւ հետեւութեամբ Ռապըլէի, որ ուսում եւ գիտութիւն հոգիի աւերակ են` առանց խիղճի եւ գիտակցութեան:
Այս պարագային` հայու խիղճին եւ գիտակցութեան, բանալով այլասերման դարպասները, երբ հայածնունդ սերունդները պիտի օտարանան…
Ճիշդ ըմբռնուած դաստիարակութեամբ պէտք էր որ մարդանային:
Մեղաւորնե՞րը…
Անհատապաշտները, նիւթապաշտները եւ պատեհապաշտները:
Նախայարձակումը չի գար արտաքին ուժերէ:
Կու գայ շաբաթավերջի երգով, պարով եւ երազուած ոսկիի փայլով…
Եւ գոռում-գոչիւնի մէջ կը փնտռենք կորսուած ջաղացքին չախչախը:
11 օգոստոս 2015, Երեւան