ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ընկերային ցանցերու վրայ կը կարդամ դպրոցական աշակերտուհիի մը ողբաձայն բողոքը. «Երկու հայրենիք ունիմ, երկուքն ալ` տագնապահար»: Բնականաբար նկատի ունի իր ծննդավայրը ու բնակավայր հայրենիք Լիբանանը եւ Մայր Հայրենիք Հայաստանը:
Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի պատճառով ամբողջական փակումը թէեւ կը մեղմացուի, սակայն լրիւ բնականացման համար պէտք է համբերել երկուքական շաբաթներ տեւող չորս հանգրուաններու ընթացքին, երբ հետզհետէ պիտի արտօնուի կենցաղային եւ աշխատանքային մարզերու գործունէութիւնը:
Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ: Նշանակեալ վարչապետը զանազան երկիրներ այցելելով իր պատկերացումին նեցուկներ կը փնտռէ, մինչ հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ իր հակոտնեայ պատկերացումին վրայ անխախտ մնալ: Մեզի կը մնայ հասկնալ կամ տարակուսիլ, թէ՛ մէկուն եւ թէ՛ միւսին կեցուածքներուն արդարացիութեան իմաստը: Առ այժմ, Լիբանանը կառավարութիւն չունի ու լուծման սպասող հարցերու պատկառելի խումբ մը կը սպառնայ երկիրը մխրճել տնտեսական, ընկերային ու առողջապահական անդունդը: Հասկնալը դժուար է, հանդուրժելը` անկարելի, սակայն բացի անգործ սպասումէն տարբեր ընելիք չկայ:
Հայաստանի մէջ կացութիւնը աւելի քաջալերական չէ: Այնտեղ մետալին միւս երեսն է տիրականը. փոփոխութիւնը աներկբայօրէն անխուսափելի է, սակայն կառավարութիւնը կառչած կը մնայ իր պաշտօնավարման: Սպասուած փոփոխութիւնը, պարտութենէն ետք պարտադիր, չի վերաբերիր այս կամ այն կալուածին մէջ կարկտան սրբագրութիւններու, այլ կառավարման համակարգի ամբողջական վերանայման, ոճի փոփոխութեան, նախապատուութիւններու վերասահմանման:
Իշխանութեան կառչած վարչախումբը, իր կառավարումը խանգարող երեւոյթները հակակշռելու համար, կը դիմէ, հապճէպով եւ առանց հանրային քննարկման, կասկածելի օրէնքներու հրապարակման: Դատական իշխանութեան անկախութիւնը ապահովելու պատրուակով, կը ստեղծուի դատաւորներու որոշումները քննող մարմին մը: Դատաւորը այսուհետեւ պէտք է առաջնորդուի ոչ թէ օրէնքով ու խղճի թելադրանքով, այլ քննիչ մարմնի, հասկնալ գործադիր իշխանութեան, ենթադրեալ համամտութեամբ:
Շաբթուան երկրորդ գայթակղիչ նորութիւնը կը վերաբերի տեղեկատուութեան: Սուտերու թագաւոր իշխանութիւնը կ՛ուզէ արգիլել չբացայայտուած աղբիւրներէ ստացուած լուրերու հրապարակումը: Ուրիշ խօսքով, պատերազմի օրերուն նման, տեղեկացնելու իրաւունքը վերապահել միայն իրեն: Մամուլի ազատութեան դէմ այս արշաւանքը կը կատարուի քաղաքական ուժի մը կողմէ, որուն համար հնարովի լրատուութիւնը եւ պարսաւանքը եղած են քաղաքական պայքարի հիմնական զէնքերը:
Այսպէս, մեր «երկու հայրենիքները», Լիբանանը եւ Հայաստանը, կը գտնուին պատասխանատուութեան աններելի չգոյութեամբ յատկանշուող իշխանութիւններու ենթակայութեան տակ: Հաւաքականը, ազգայինը, պետականը մէկդի դրած, պետական այրեր բացառապէս կ՛առաջնորդուին սեփական պատկերացումով, հակազգային վնասակար քաղաքականութիւն կը վարեն եւ երկրին ապագան կը վտանգեն:
Ե՞րբ պիտի ազատուինք իրենց անսխալականութիւնը մտասեւեռումի վերածած այս անպատասխանատու տիպարներէն:
Համբերենք եւ սպասենք տառապող ժողովուրդի արդար ցասումին: