ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ- ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Ի՞նչպէս կարելի է հասնիլ, դար ու դարեր շարունակ
մեր երազած իտէալին:
Եթէ տակաւին չենք գիտակցիր, թէ մեծ քաղաքականութիւններու
քառուղիներու վրայ, տկար ու փոքր ազգեր զոհ կը դառնան
հզօրներուն, իրենց ներքին կռիւներով ու անհամաձայնութիւններով:
Եթէ չենք փորձեր տեսնել մեր անբուժելի հիւանդութիւնը, սրբագրելու
մեր թերութիւններն ու սխալները:
Երբ դեռ չենք համոզուած, թէ մեր միաբանութիւնն ու հաւաքական
կամքը, որպէս վահան կարող է դիմակայել բոլոր վտանգներն ու
սպառնալիքները:
Երբ հարկաւոր է ազգային կենսական խնդիրներու նկատմամբ,
որդեգրել համազգային կեցուաք, որ կ՜ենթադրէ
նոր աշխարհաճանաչողութիւն, ներկայ օրերու բարձունքէն
դիտելու ազգային խնդիրները:
Այսօր, դարերու ազատագրական պայքար մղած ժողովուրդ մը,
իր նպատակները պիտի ներկայացնէ ոչ որպէս առանձին
կազմակերպութիւն, այլ որպէս ամբողջ ազգի նպատակներ:
Հանդուրժողութիւնը դարձնելով ազգային համերաշխութեան
հիմք, համախմբելով ազգին բոլոր խաւերը սպառնացող
վտանգին դէմ:
Ժամանակն է պատասխանատուութեամբ շարժելու, յանուն
Հայութեան արդար իրաւունքներուն, յանուն հայ ժողովուրդի պայծառ
գալիքին, հասնելու մեր փայփայած ու երազած Իտէալին..: