Ժամանակը հասած է, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ, ՄԱԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնը վերցնեն մարտահրաւէրներու ձեռնոցը եւ Իսրայէլին պարտադրեն անխուսափելի իրականութիւնը: Պաղեստինցիները պիտի ապրին 1967-ի սահմաններով ծանօթ իրենց հայրենիքին մէջ Արեւելեան Երուսաղէմը ունենալով իբրեւ իրենց մայրաքաղաքը£ Մինչեւ ե՞րբ Ներկայացուցիչներու Տունը եւ Ծերակոյտը արհեստական խոչընդոտներ պիտի ստեղծեն Իսրայէլ-Պաղեստին կողք-կողքի երկու դրացի պետութիւններու ընտրանքին: Տակաւին ոչ շահ հեռու անցեալին 2002-ին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող Արաբական Լիկայի գերաստիճանի ընթացքին, արաբական աշխարհի քսաներկու պետութիւններ վերահաստատեցին կողք-կողքի երկու դրացի պետութիւններու ընտրանքին փոխարէն բնականոն դիւանագիտական, տնտեսական յարաբերութիւնները հաստատել սիոնական պետութեան հետ, միաժամանակ բաւարար երաշխիքներ տալ Իսրայէլի անվտանգութեան մտահոգութիւններուն:
Համայն աշխարհ այս օրերուն կը հետեւի պաղեստինցի ժողովուրդին յուսահատ քայլերուն: Իսրայէլ կը շարունակէ բռնագրաւեալ հողերուն վրայ բնակութեան միաւորներ կառուցելու ծրագիրները, Կազա կը մնայ ծովային, ցամաքային շրջափակումի տակ: Մենք, համեստ մահկանացումներս կը մոռնանք Կազայի շրջափակումը ջնջելու մասին ՄԱԿ-ի թիւ 1860 բանաձեւը, որ շրջափակումը վերացնելու զուգահեռ կը պահանջէ վերաբանալ Կազա տանող ցամաքային սահմանագիծերը: Բանաձեւը միաժամանակ կ՛առաջադրէ ժամանակակից նաւահանգիստով մը օժտել Կազան եւ վերաբանալ Կազայի օդակայանը: Ինչո՞ւ լռութիւն կը պահէ Ուաշինկթընի պետական քարտուղարուհին ՄԱԿ-ի թիւ 1860 բանաձեւի գործադրութեան առնչութեամբ: Ինչո՞ւ լուռ են ՄԱԿ-ը, միջազգային ընտանիքը: Չի բաւեր միայն պաշարումը ջնջելու կոչեր ուղղել Իսրայէլին£ Անհրաժեշտ է պատժամիջոցներու դիմել: Ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան պատգամաբեր տիկին Գլինթընը պաղեստինցի ժողովուրդին արդար իրաւունքները չի կրնար մասնատել կամ մեկուսացնել իր դաւանած եւ հետապնդած բարոյական չափանիշներէն: Մնայուն կերպով միջազգային օրէնսդրութիւնը խախտելու իսրայէլեան քաղաքականութեան հանդէպ խօլ ականջ ձեւանալու, բացայայտ կեղծաւորութեան եւ երկակի չափանիշներու դրսեւորումները, ինքնաբերաբար պիտի խորացնեն արաբական աշխարհի մէջ Ուաշինկթընի դէմ ատելութիւնը: Առաւել բեւեռցումի պիտի մղեն պաղեստինեան դատը արեւմուտքին դէմ իբրեւ պայքարի թէզ շահագործող արմատական կազմակերպութիւններու քայլերը: Պաղեստինցիները ինչպէ՞ս վստահին նախագահ Օպամային երբ անցնող Փետրուարին, ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սուզան Ռայս Վեթօ օգտագործեց Արեւմտեան Ափին մէջ իսրայէլեան բնակութեան ծրագիրները դատապարտող բանաձեւին դէմ: Իւրաքանչիւր անգամ, որ նախագահ Պարաք Օպամա պաղեսիտնցիներուն նպաստաւոր կեցուածք կþարտայայտէ, Ներկայացուցիչներու Տունը եւ Ծերակոյտը անոր հակոտնեայ պատասխանով կ’արձագանեն…:
Ներկայիս, Ուաշինկթըն տնտեսական սպառնալիքներու զէնքը կ՛օգտագործէ Պաղեստինեան իշխանութեան դէմ, որպէսզի վերջինս հրաժարի ՄԱԿ-ի միջոցաւ պետականութեան ճանաչումէն: Սպիտակ Տունը Ապպասը կը ճնշէ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղան: Սակայն, խաղաղութեան բանակցութիւնները չեն տարակարծութիւններուն հիմնապատճառը: Պաղեստինցիները անցնող տարիներուն ընդառաջած են իսրայէլեան կողմին գրեթէ բոլոր պահանջներուն: Հակառակ այս պատրաստակամութեան, անոնք ձեռնունայն դուրս ելած են բանակցութեանց սեղաններէն:
Ներկայիս, վարչապետ Նեթանիահու կը մերժէ 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան պետութիւն մը: Ան միաժամանակ կը մերժէ բանակցիլ Համասի ներկայացուցիչներ ընդգրկող պաղեստինեան պատուիրակութեան հետ: Նեթանիահու ոչ մէկ շահագրգռութիւն կը ցուցաբերէ հողի փոխարէն խաղաղութեան յանձնառութիւնը իրագործելու ուղղութեամբ: Ան տնտեսական օժանդակութիւններ կը խոստանայ Արեւմտեան Ափի բնակչութեան, իսկ Կազան կը պահէ շղթայէ բականներու տակ: Անոր պատկերացումով, պաղեստինեան որեւէ պետութիւն մէկ քանի թաղամասերու տարածութիւն կրնայ ունենալ, ապազինեալ եւ տնտեսապէս, կախեալ Իսրայէլէն…:
Մենք զմեզ չխաբենք: Իսրայէլապաղեստինեան բանակցութիւններու վերսկսումը պաղեստինցիները ՄԱԿ-ի ընտրանքէն հրաժարեցնելու փորձ մը պիտի ըլլայ պարզապէս: Ուրիշ ոչինչ£ Տակաւին ի՞նչ եւ որքան զիջումներ կրնան կատարել պաղեստինցիները£ Փաստօրէն պաղեստինցիները լքուած են ամայութեան մէջ: Անոնց թելադրուած է ամէն գնով համաձայնութիւն կնքել Միջին Արեւելքի Հրէշին հետ:
Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպական Միութիւն, Արաբական Լիկա եւ Ռուսիա հրաւիրուած են լուծումի մը տարազ մը մշակելու իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան, որուն հակադրուող կողմը պիտի ենթարկուի ՄԱԿ-ի Եօթներորդ Ուխտի յօդուածներուն գործադրութեան: Այս մէկը միասնականութիւն կ՛ակնկալէ միջազգային ընտանիքէն: Միայն այս պարագային լուծում կարելի պիտի ըլլայ գտնել պաղեստինցիներու երկարամեայ ողբերգութեան հակամարտութեան:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com