Եւրոպական Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ընթացող ռազմական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցնելու կոչ ուղղեց հակամարտութեան կողմերուն:
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները լոյս ընծայեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դիտել կու տան, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի:
Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը լոյս ընծայեց Արցախի հանրապետութեան վրայ ազերիական յարձակումներուն լոյսին տակ: Յայտարարութեան մէջ Ֆրանսա խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծայր առած լայնածաւալ բախումներուն եւ ռազմական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցնելու կոչ կ’ուղղէ հակամարտութեան կողմերուն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան մնայուն հաղորդակցութեան մէջ կը գտնուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահներուն, Ռուսիոյ եւ Վրաստանի իր պաշտօնակիցներուն հետ:
Հայ-ազերիական սահմանի ամբողջ երկարութեամբ կը նկատուի լարուածութիւն: Թշնամին նաեւ հարուածած է Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիսի ուղղութեամբ: Սոյն տեղեկութիւնը հաղորդեց Միասնական տեղեկատուական կեդրոնի ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը: « Շէն-շինութիւններու զգալի աւերածութիւններ կան Արցախի առանձին փոքր բնակավայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի մէջ: Թշնամին օգտագործած է օդային արհեստագիտութեան տեսակաւոր սարքեր». յայտարարեց Յովհաննիսեան
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ ծանր բախումներ տեղի կ’ունենան սահամանագիծի երկարութեամբ: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները յաջողութեամբ կ’իրականացնեն պատժիչ գործողութիւններ՝ թշնամիին պատճառելով մարդկային եւ ռազմա-արհեստագիտական ծանր կորուստներ: