Շահան Գանտահարեան
Ուշագրաւ իրադարձութիւն է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանին այցելութիւնը Շուշի:
Զուգահեռ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէր, որ Երեւան-Անգարա երկխօսութիւնը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ` անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման տեսանկիւնէն: Միաժամանակ, Եւրոպական Միութեան հայաստանեան ներկայացուցչութիւնը Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարին անունով կ՛ողջունէր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ բնականոնացման գործընթացը յառաջ մղելու ջանքերը:
Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը իրենց քաղաքական ժամացոյցի սլաքները համակարգած են եւ հիմա կեդրոնացած` Երեւան-Անգարա երկխօսութեան վրայ: Սակայն, երբ կը խօսին ամբողջ տարածաշրջանի կայունութեան կամ խաղաղութեան մասին, ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք կը շարժին ընդառաջ Երեւան-Անգարա եւ Երեւան-Պաքու բնականոնացման փոխկապակցուող գործընթացներուն:
Իսկ ահա այստեղ կը դրսեւորուի Մոսկուայի անհանգստութիւնը: Ռուսիոյ Դաշնութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին յայտարարութիւնը, թէ` Ուաշինկթընն է, որ իր ապակառուցողական մօտեցումներով արգելակած է հակամարտութեան լուծումը, նախաբանն էր աւելի ուշ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարելիք յայտարարութեան, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահական ձեւաչափը առ ոչինչ է:
Ըստ էութեան, գործընթացներու դիպաշարին հետեւողը նկատած պիտի ըլլար, որ Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք կազմալուծուած էր աշխարհաքաղաքական իւրայատուկ ներկայացուցչութիւն ներգրաւած միջնորդական ձեւաչափը: Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի կառչումը միջազգային հանրութեան հովանաւորութիւնը վայելող այդ ձեւաչափին Հարաւային Կովկասի մէջ ազդեցութեան գօտիի պահպանման կը միտէր, մինչդեռ Մոսկուայի դիրքորոշումը ԵԱՀԿ-ի համապատասխան մարմինի չեղեալ նկատումը` Արեւմուտքի դուրս մղումը կը հետապնդէր:
Այստեղ Մոսկուան փաստօրէն որոշ չափով կը միանար Անգարայի եւ Պաքուի` Արցախի հարցը անցեալ է յայտարարութեան: Հիմնական երանգային տարբերութիւնը այն էր, որ Մոսկուան եւս տակաւին անլոյծ կը նկատէր Արցախի կարգավիճակի խնդիրը:
44-օրեայ պատերազմի հրադադարին անմիջապէս յաջորդած ժամանակահատուածին Պաքուն կը ձեռնարկէր դիւանագիտական ներկայացուցիչներու Շուշի այցելութեան քարոզչաքաղաքական գործողութեան: Ակներեւ էր Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպաններուն չընդառաջելը այդ հրաւէրին: Այդ օրերուն Ուքրանիոյ պատերազմը չէր բռնկած:
Հիմա Ռուսիոյ դեսպանին այցելութիւնը Շուշի հարուած է միջնորդական միջազգային ձեւաչափին եւ կը կազմէ մէկ օղակը Մոսկուայի որդեգրած քաղաքականութեան: Այսինքն` համահունչ` Լաւրովի յայտարարութեան:
Երանգային խնդիր կայ այստեղ: Մոսկուան թէ՛ կը յայտարարէ, որ կողմ է Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման, եւ թէ՛ կարգավիճակի խնդիրին անլոյծ մնալուն:
Քաղաքական տրամաբանութեամբ բացատրութիւնը այն է, որ գերակայ խնդիրը բնականաբար ազդեցութեան գօտիի պայքարն է: Օրին Ռուսիոյ դեսպանին մերժումը Շուշի այցելութեան կարգավիճակի անորոշութեան եւ այդ ուղղութեամբ տարուելիք բանակցութիւններուն կը կապուէր: Հիմա, նոյն դեսպանը կ՛ընդառաջէ Պաքուի հրաւէրին եւ կը մեկնի Շուշի:
Ռուս դեսպանին ամերիկացի եւ ֆրանսացի պաշտօնակիցները յայտնապէս նման հրաւէր չեն ստացած: Ստանալու պարագային եւս, կ՛ենթադրուի, որ դարձեալ կը մերժէին մեկնիլ Շուշի:
Պարզ է, որ Ստեփանակերտը կամ նոյնիսկ Երեւանը ներկայ հանգամանքները նկատի ունենալով Ռուսիոյ դեսպանի Շուշի այցելութեան համարժէք արձագանգը չեն կրնար ապահովել:
Սակայն, եթէ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի պահպանումը կը բխի հայկական կողմին շահերէն – ինչ որ նաեւ թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Ստեփանակերտի կողմէ յայտարարուած առաջադրանք է – սփիւռքի քաղաքական գործօնը ընելիք ունի այս առումով:
Պարզ է, որ ԵԱՀԿ-ի վերագործարկումը թրքական գործօնի դուրս մղումն է գործընթացէն: